Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ի Պատասխան Մոսկուայի Ուաշինկթըն Կրկին Կը Պնդէ` Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Համաձայնագիրը Հասանելի Է

August 9, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուաշինկթըն պիտի շարունակէ աշխատիլ Երեւանի եւ Պաքուի հետ` խաղաղութեան համաձայնագիրին հասնելու համար: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին 7 օգոստոսին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլլըր` անդրադառնալով Մոսկուայի այն տեսակէտին, թէ «հապճէպ» պատրաստուած, «հում» խաղաղ համաձայնագիրը շրջանին յարատեւ խաղաղութիւն պիտի չպարգեւէ:

Միլլըր վերստին յայտարարած է, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրը հասանելի է` «հակառակ այս հարցին մէջ կողմ չհանդիսացող որեւէ այլ երկրի մեկնաբանութիւններուն»:

«Ես չեմ ուզեր Ռուսիոյ մասին խօսիլ, երբ խօսքը կը վերաբերի Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին: Ես կ՛ուզեմ խօսիլ այն երկու երկիրներուն մասին, որոնք անմիջականօրէն կ՛առնչուին այս քննարկումին, անմիջական կողմեր են: Յատուկ բանագնաց Պոնոն անցեալ շաբաթ մեկնեցաւ շրջան եւ անմիջականօրէն հաղորդակցեցաւ անոնց հետ: Եւ մենք կը հաւատանք, որ համաձայնութիւնը կը մնայ հասանելի, հակառակ այս հարցին կողմ չհանդիսացող այլ երկիրներու կողմէ որեւէ մեկնաբանութեան: Մենք պիտի շարունակենք աշխատիլ կողմերուն հետ` ատոր հասնելու համար», յայտարարած է արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:

Անցեալ ուրբաթ, ռուսական պետական ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ յետխորհրդային տարածքով զբաղող յառաջատար դիւանագէտներէն մէկը` ԱՊՀ երկիրներու չորրորդ վարչութեան պետ Տենիս Կոնչար յայտարարած էր. «Հապճէպ պատրաստուած, հում խաղաղ համաձայնագիրը շրջանին յարատեւ խաղաղութիւն պիտի չպարգեւէ»:

Ռուս բարձրաստիճան դիւանագէտը ըսած էր, որ նման ձեւով խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրումը հակառակ ազդեցութիւնը պիտի ունենայ «նոր տագնապներու եւ ողբերգութիւններու հիմքեր ստեղծելով»:

Միլլըր. «Թուրքիան Կրնայ Հայ–Ազրպէյճանական Յարաբերութիւններու
Կարգաւորման Հարցին Մէջ Արդիւնաւէտ Դեր Խաղալ»

Միլլըր մամլոյ ասուլիսի ընթացքին անդրադառնալով հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ հաշտութեան համաձայնագիրի հասնելու կարելիութեան, խօսած է Թուրքիոյ դերակատարութեան մասին:

Լրագրող մը յիշեցուցած է, որ վերջերս Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի հետ եւ քննարկած հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցը:

«Ինչպէ՞ս կը սահմանէք Թուրքիոյ դերը ճիշդ այս պահուս այս հոլովոյթին մէջ», հարցուցած է լրագրողը:

«Ես չեմ ուզեր ատոր վերաբերեալ մանրամասն խօսիլ, ատիկա մասնաւոր դիւանագիտական խօսակցութիւն էր: Միայն պիտի ըսեմ` մենք կը հաւատանք, որ Թուրքիան կրնայ արդիւնաւէտ դեր խաղալ այս հարցին մէջ», ըսած է Միլլըր:

 

Նախորդը

Տիմանի Հանդիպումը Կոչ Ուղղեց Արագացնելու Նախագահական Ընտրութիւնը

Յաջորդը

ՄԱԿ-Ի Զեկուցողները Պաքուէն Եւ Ռուս Խաղաղապահներէն Կը Պահանջեն Վերացնել Բերձորի Միջանցքի Շրջափակումը

RelatedPosts

Դաշնակցական Երիտասարդներու  Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան  Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց
Գլխաւոր լուրեր

Դաշնակցական Երիտասարդներու Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց

October 3, 2026
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու  Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի  Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»
Գլխաւոր լուրեր

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»

October 3, 2026
ԹՐԻՓՓ-ի Հիմնարկէքը Պիտի Սկսի 2027-ի Սկիզբը»  Կ՛ըսէ Ուաշինկթընի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը
Հայկական

ԹՐԻՓՓ-ի Հիմնարկէքը Պիտի Սկսի 2027-ի Սկիզբը» Կ՛ըսէ Ուաշինկթընի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.