Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԱԿ-Ի Զեկուցողները Պաքուէն Եւ Ռուս Խաղաղապահներէն Կը Պահանջեն Վերացնել Բերձորի Միջանցքի Շրջափակումը

Օգոստոս 9, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԿ-ի փորձագէտները Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղեն վերացնելու Բերձորի միջանցքի շրջափակումը եւ դադրեցնելու Արցախի մէջ մարդասիրական ճգնաժամը: Այս մասին նշուած է միջազգային կառոյցի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:

ՄԱԿ-ի փորձագէտներու խումբը կ՛ահազանգէ Ազրպէյճանի կողմէ Բերձորի միջանցքի շարունակուող շրջափակման մասին, որ յանգեցուցած է Լեռնային Ղարաբաղի շրջանին մէջ մարդասիրական սարսափելի ճգնաժամի:

«Վերջին եօթը ամիսներուն ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանին կապող միակ ճամբան խոչընդոտող շրջափակումը բնակչութիւնը կանգնեցուցած է սննդամթերքի, դեղորայքի եւ առողջական միջոցներու սուր պակասի առջեւ, ազդած բժշկական եւ կրթական հաստատութիւններու գործունէութեան վրայ եւ վտանգած մարդոց կեանքը: Բնակիչները, յատկապէս երեխաները, հաշմանդամութիւն ունեցող անձեր, տարեցները, յղի կիները եւ հիւանդները, զգալի վտանգի տակ են», կը նշեն փորձագէտները:

Անոնք Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կոչ կ՛ուղղեն անյապաղ վերականգնելու Բերձորի միջանցքին ճամբով` երկու ուղղութիւններով, մարդոց, փոխադրամիջոցներու եւ բեռներու ազատ ու անվտանգ տեղաշարժը` 9 նոյեմբեր 2020-ի զինադադարի համաձայնագիրին համապատասխան:

«Մենք Ազրպէյճանի կառավարութեան կոչ կ՛ուղղենք պահպանելու իր միջազգային պարտաւորութիւնները` յարգելու եւ պաշտպանելու մարդու իրաւունքները, ներառեալ սնունդի, առողջութեան, կրթութեան եւ կեանքի իրաւունքը: Մենք նաեւ կ՛ընդգծենք համագործակցութեան եւ երկխօսութեան կարեւորութիւնը բոլոր ներգրաւուած կողմերուն միջեւ` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին խաղաղ եւ կայուն լուծում գտնելու համար», կը նշեն փորձագէտները:

Անոնք ռուս խաղաղապահներուն ալ կոչ կ՛ուղղեն պաշտպանելու Բերձորի միջանցքը` զինադադարի համաձայնագիրին պայմաններով:

«Վերացնելով շրջափակումը, իշխանութիւնները կրնան մեղմացնել Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հազարաւոր մարդոց տառապանքը եւ արտօնել մարդասիրական օգնութեան անարգել մուտքը», կ՛ըսեն փորձագէտները` շեշտելով. «Այս կարեւոր ժամանակաշրջանին մէջ կարեւոր է ապահովել բոլոր անհատներուն անվտանգութիւնը, արժանապատուութիւնը եւ բարեկեցութիւնը»:

Պաքուի Արձանը

Պաքուն արձագանգած է ՄԱԿ-ի յատուկ զեկուցողներու յայտարարութեան: «Մտահոգիչ է, որ 30 տարի Ազրպէյճանի տարածքներու գրաւման, մէկ միլիոն գաղթականներու եւ հարկադիր տեղահանուածներու մարդու իրաւունքներու ոտնահարման վրայ աչք փակած ՄԱԿ-ի յատուկ զեկուցողներն ու փորձագէտները, խաբուելով ու ենթարկուելով Հայաստանի շահագործումներուն` հանդէս կու գան կողմնակալ յայտարարութիւններով», կը նշուի Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:

Նախարարութիւնը նշած է, որ «այդ յայտարարութիւններուն մէջ օգտագործուած է «Լեռնային Ղարաբաղ» եզրը, եղած է միջամտութիւն Ազրպէյճանի ներքին գործերուն, եւ թոյլ տրուած են երկակի մօտեցումներ»:

Յիշեցնենք, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը 4 օգոստոսին Ուաշինկթընի նախաձեռնութեամբ քննարկած էր պատերազմական իրավիճակներու մէջ սովի բացառման, անվտանգութեան ապահովման ուղիները:

Նիստի ընթացքին որոշ երկիրներու, անոնց շարքին Զուիցերիոյ եւ Ֆրանսայի ներկայացուցիչները «Մոսկուայի քաղաքականութեան պատճառով սովի, զրկանքներու, տառապանքներու» մասին խօսելու ընթացքին յիշած էին նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ շուրջ 8 ամիսէ ի վեր շարունակուող մարդասիրական ճգնաժամը, որ յառաջացած է Ազրպէյճանի կողմէ Բերձորի միջանցքի փակման պատճառով:

Դիւանագէտները մոլորակին առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները վերացնելու զուգահեռ յորդորած էին ապահովել նաեւ դէպի Արցախ մատակարարումներն ու այնտեղ ապրող մարդոց ազատ տեղաշարժի իրաւունքը:

«Մենք գործ ունինք կացութեան մը հետ, երբ մայրերը չեն կրնար սնունդ հայթայթել իրենց երեխաներուն, միւսները չեն կրնար դեղորայք գտնել ծայրայեղ հիւանդ ազգականներու համար», օտարերկրեայ գործընկերներուն պատմած է նիստին մասնակցած Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Վահէ Գէորգեանը:

Ան ընդգծած էր` անգործութեան գինը շատ բարձր է, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ծանր վիճակի խորացումը եւ սովի տարածման վտանգը կը պահանջեն միջազգային ընտանիքի պատշաճ եւ արդիւնաւէտ արձագանգը` ապահովելու Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումներուն ամբողջական եւ առանց նախապայմաններու իրականացումը, միջազգային մարդասիրական օրէնքներու յարգումը:

Ֆրանսայի մնայուն ներկայացուցիչի տեղակալ Նաթալի Պրոտհերսթ իր խօսքին մէջ անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղին յիշատակած է, թէ սովը եւ մարդոց տանջանքներ պատճառելը պատմութեան մէջ պատերազմի յանցագործութեան վառ օրինակներ եղած են:

Ֆրանսացի դիւանագէտը ընդգծելով, որ խաղաղ բնակչութիւնը դիտաւորեալ սովի մատնելը պատերազմական յանցագործութիւն է, որ պէտք չէ անպատիժ մնայ` կոչ ուղղած է վերացնելու Լեռնային Ղարաբաղի համար մարդոց օգնութեան մատակարարման բոլոր խոչընդոտները:

Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի մեծագոյն նուիրատուներէն Զուիցերիոյ ներկայացուցիչը Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի գլխաւորութեամբ նիստի մասնակիցներուն յայտարարած է, որ Բերձորի միջանցքով մարդասիրական առաքելութիւն կատարելու ընթացքին խոչընդոտներու կը բախի նոյնիսկ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն` նիստի մասնակիցները յորդորելով քայլերու ձեռնարկելու սնունդի կարիք ունեցողներուն մատակարարումներ ապահովելու ուղղութեամբ:

 

 

Նախորդը

Ի Պատասխան Մոսկուայի Ուաշինկթըն Կրկին Կը Պնդէ` Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Համաձայնագիրը Հասանելի Է

Յաջորդը

Բագրատունի Կը Շնորհաւորէ Դաւիթ Իշխանեանի Ընտրութիւնը Արցախի Խորհրդարանի Նախագահ

RelatedPosts

«Հայաստանի Հանրապետութիւնը Որեւէ Երրորդ Կողմի Առջեւ Պարտաւորութիւն Չէ Ստանձնած Եւ Պիտի Չստանձնէ` Փոխելու Սահմանադրութիւնը»  Կ՛ըսէ Արարատ Միրզոյեան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստանի Հանրապետութիւնը Որեւէ Երրորդ Կողմի Առջեւ Պարտաւորութիւն Չէ Ստանձնած Եւ Պիտի Չստանձնէ` Փոխելու Սահմանադրութիւնը» Կ՛ըսէ Արարատ Միրզոյեան

Հոկտեմբեր 15, 2025
Պաքուի Մէջ «Անհետ Կորսուածներու Հարցով» Համաժողովին Մասնակցողները Բռնագրաւեալ Արցախ Այցելեցին
Հայկական

Պաքուի Մէջ «Անհետ Կորսուածներու Հարցով» Համաժողովին Մասնակցողները Բռնագրաւեալ Արցախ Այցելեցին

Հոկտեմբեր 15, 2025
Ազրպէյճանի Հոգեւոր Առաջնորդը Կրկին Մեղադրանքներ Հնչեցուցած Է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հասցէին
Գլխաւոր լուրեր

Ազրպէյճանի Հոգեւոր Առաջնորդը Կրկին Մեղադրանքներ Հնչեցուցած Է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հասցէին

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?