Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ալիեւ. «Առանց Ռուս Խաղաղապահներուն Ղարաբաղի Հայերուն Հետ Հաղորդակցիլը Աւելի Դիւրին Պիտի Ըլլար»

August 3, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հաւանական նկատած է մինչեւ 2023 թուականի վերջը Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրումը: Այս մասին ան յայտնած է «Եուրոնիուզ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին:

«Եթէ մենք հայկական կողմէն կառուցողական մօտեցում տեսնենք եւ ամէնէն գլխաւորը` եթէ անոնք ամբողջովին մէկդի նետեն մեր տարածքային ամբողջականութիւնը վիճարկելու ձգտումները, ապա մենք կրնանք շատ շուտ գտնել խաղաղ լուծումը, հաւանական է նոյնիսկ մինչեւ տարուան վերջը», ըսած է Ալիեւ:

Հարցազրոյցէն կարճ հատուած մը հրապարակուած է «Եուրոնիուզ»-ի ընկերային ցանցի էջին վրայ:

Ալիեւ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է, որ «առանց ռուս խաղաղապահներու Ղարաբաղի հայերուն հետ հաղորդակցիլը աւելի դիւրին պիտի ըլլար»:

«Ինչ կը վերաբերի Ղարաբաղի հայերուն, ապա կ՛ուզեմ յիշեցնել, որ անոնց հետ մեր հաղորդակցութիւնները մէկ անգամէն սկսած են: Հիմնականին մէջ անոնք սովորական մարդոց հետ հաղորդակցութիւններ էին, երբ սկսանք կառուցել Լաչինի նոր ճամբան, որ կ՛անցնէր քանի մը հայաբնակ գիւղերէ: Տեղեկացայ, որ կապեր հաստատուած են մեր ճամբու շինարարներու եւ հայերու միջեւ: Անոնք անմիջապէս սկսան ընկերանալ:

«Եթէ շինարարութեան առաջին ամիսներուն ռուս խաղաղապահները կ՛ապահովէին երկու կողմերու անվտանգութիւնը, ապա որոշ ժամանակ ետք անոնք ուղղակի հեռացան, եւ առանց ռուս խաղաղապահներուն դիւրին էր հաղորդակցիլ: Ասիկա կը յուշէ, որ հասարակ մարդոց մեծամասնութեան սիրտին մէջ ատելութիւն չկայ», ըսած է Ալիեւ:

«Հայաստանի մէջ պէտք է հասկնան, որ եթէ իրենք չստորագրեն Ազրպէյճանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիրը, ապագային ատիկա կրնայ անկանխատեսելի հետեւանքներ ունենալ», յայտարարած է ան:

«Ինչպէս կը տեսնենք` աշխարհի եւ շրջանին մէջ աշխարհաքաղաքական կացութիւնը կտրուկ կերպով կը փոխուի, եւ հայերու` անվտանգութեան առնչուած յոյսերուն մէկ մասը ամբողջութեամբ վերացած է», ըսած է Ազրպէյճանի նախագահը:

Ան պնդած է, որ ստեղծուած կացութեան մէջ Հայաստանը բաւական սահմանափակ ընտրութիւն ունի:

«Ես ուղերձ մը ունիմ, որ արդէն իսկ փոխանցած եմ Հայաստանի կառավարութեան` ներկայ կացութեան մէջ ձեր ընտրութիւնը լաւի եւ լաւագոյնի միջեւ չէ, ձեր ընտրութիւնը վատթարագոյնի եւ ընդունելիի միջեւ է: Ընդունելին, սակայն, հիմնուած է բանականութեան, միջազգային օրէնքի արժեչափերու եւ ազրպէյճանցիներու` իրենց հողերուն վրայ ապրելու իրաւունքը ճանչնալուն վրայ` իրաւունք, որմէ անոնք մեզ 30 տարի շարունակ զրկած են», յայտարարած է Ալիեւ:

«Հայաստանին իմ ուղերձս հետեւեալն է` մենք խաղաղութիւն կ՛ուզենք անոնց պետութեան հետ: Մենք հայերու նկատմամբ տարածքային պահանջներ չունինք, թէեւ մինչեւ պատերազմը Հայաստանի մէջ կ՛ապրէին հարիւր հազարաւոր ազրպէյճանցիներ, որոնց նկատմամբ ցեղային զտումներ գործուած են, հիմնովին ոչնչացուած է անոնց մշակութային եւ կրօնական ժառանգութիւնը: Սակայն մենք տարածքային պահանջներ չունինք: Սակայն մենք կը կարծենք, որ Հայաստանէն բռնի տեղահանուած ազրպէյճանցիները իրաւունք ունին այնտեղ վերադառնալու, երբ Ազրպէյճանն ու Հայաստանը կարգաւորեն իրենց յարաբերութիւնները եւ հաստատեն դիւանագիտական յարաբերութիւններ», ըսած է Ալիեւ:

 

Նախորդը

Այն Հելուէի Մէջ Զինեալ Բախումները Համեմատաբար Վերջ Գտան

Յաջորդը

Միլլըր. «Կը Հաւատանք, Որ Կարելի Է Հասնիլ Խաղաղութեան Համաձայնագիրին»

RelatedPosts

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները
Հայկական

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները

October 27, 2026
Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը  Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին  Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու

October 27, 2026
Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի,  Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր,  Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի, Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր, Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.