Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլլըր, արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին մերժած է մանրամասնութիւններ տրամադրել Կովկասի բանակցութիւններու հարցով արտաքին գործոց նախարարութեան աւագ խորհրդական Լուիս Պոնոյի Հարաւային Կովկաս կատարելիք այցելութեան մասին: Այս մասին հաղորդեց «Ամերիկայի Ֆայն»-ը:
«Ինչպէս միշտ նշած ենք, կը հաւատանք, որ կարելի է հասնիլ խաղաղութեան համաձայնագիրին: Ահա թէ ինչու կը շարունակենք ներգրաւուիլ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն հետ թէ՛ մեր նախարարութեան բարձրագոյն, թէ՛ ալ աւելի ցած մակարդակներու վրայ` անոնց կոչ ուղղելով դիմելու բարդ փոխզիջումներու, որոնք անհրաժեշտ են լիարժէք խաղաղութեան համաձայնագիրին հասնելու համար»:


