Աղտամի ճամբան պէտք չէ նկատուի իբրեւ Լաչինի միջանցքի վերաբացման այլընտրանք: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին կը յայտարարէ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորելը:
Պորել 26 յուլիսին իր հրապարակած յայտարարութեան մէջ կը շեշտէ. «Եւրոպական Միութիւնը խորապէս մտահոգ է նախկին Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզին մէջ բնակչութեան վրայ ազդող լուրջ մարդասիրական իրավիճակով»:
«Լաչինի միջանցքով տեղաշարժը խոչընդոտուած կը մնայ աւելի քան եօթը ամիսէ ի վեր` հակառակ զայն բանալու մասին Արդարադատութեան միջազգային դատարանի հրամանին», նշուած է յայտարարութեան մէջ:
«Բժշկական պարագաներն ու առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքները բաւարար չեն կամ արդէն սպառած են, ինչ որ սարսափելի հետեւանքներ պիտի ունենայ տեղւոյն բնակչութեան համար: Ազրպէյճանի իշխանութիւնները պարտաւոր են անյապաղ երաշխաւորել Լաչինի միջանցքի երկայնքով անվտանգութիւնն ու ազատ տեղաշարժը, եւ չարտօնել ճգնաժամի հետագայ սրումը», կ՛ընդգծէ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան պատասխանատուն` շարունակելով.
«Մենք ի գիտութիւն ընդունած ենք Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն յայտնած պատրաստակամութիւնը` ապրանքներ մատակարարելու նաեւ Աղտամ քաղաքի ճամբով: Ասիկա պէտք չէ նկատուի իբրեւ Լաչինի միջանցքի վերաբացման այլընտրանք»:
Պորել նաեւ կը նշէ, որ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի շրջանին մէջ գործունէութիւնը լրջօրէն տուժած է, եւ կոչ կ՛ուղղէ վերսկսելու զայն, ներառեալ հիւանդներու տեղափոխումն ու մարդասիրական մատակարարումները: «Մարդասիրական հասանելիութիւնը պէտք չէ քաղաքականացուի որեւէ դերակատարի կողմէ», կը շեշտէ Պրիւքսել:
«Եւրոպական Միութիւնը եւ մասնաւորաբար Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելը մեծապէս ներգրաւուած եղած են Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին աջակցելու, ինչպէս նաեւ Պաքուի եւ Ստեփանակերտի միջեւ երկխօսութեան խթանման գործին մէջ: Կը պահանջուի նաեւ բոլոր կողմերու անկեղծ հաւատարմութիւնը բանակցութիւններու արդիւնքներուն եւ ընդհանուր շահերու ու փոխադարձ վստահութեան վրայ հիմնուած ապագային», նշուած է Եւրոպական Միութեան բարձր ներկայացուցիչի յայտարարութեան մէջ:
Հաճիեւ. «Միջազգային Ընտանիքը Պէտք Է
Յստակ Ուղերձ Յղէ Աղտամ–Խանքենդի Ճամբու
Օգտագործման Վերաբերեալ»
Ազրպէյճան նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ յայտարարած Է. «Պրիւքսելեան համաձայնութեան համաձայն, Աղտամ-Խանքենդի (Ստեփանակերտ, «Ա.») ճամբան ամբողջովին պատրաստ է բոլոր տեսակի ապրանքներու առաքման համար: Սակայն այս ճամբայէն օգտուիլ չարտօնելը, տեղւոյն բնակիչները իբրեւ պատանդ շահագործելը, ապրանքներու ցուցադրական առաքում կազմակերպելը ոչ այլ ինչ է, քան շահագործում եւ շանթաժ»:
«Ազատութիւն» կը հաղորդէ, որ Հաճիեւ այս մասին գրած է «Թուիթըր»-ի վրայ եւ Երեւանէն պահանջած վերջ տալ Ազրպէյճանի նկատմամբ «տարածքային նկրտումներուն եւ ապահովել բոլոր անօրինական ուժերու զինաթափումը»:
«Միջազգային ընտանիքը պէտք է յստակ ուղերձ յղէ Աղտամ-Խանքենդի (Ստեփանակերտ, «Ա.») ճամբու օգտագործման եւ Ղարաբաղի հայ բնակչութեան` Ազրպէյճանին վերահամարկուելու վերաբերեալ: Այլ ուղի չկայ, խաղը աւարտած է», նշած է Հաճիեւ:
Պաքու. «Պորելի Յայտարարութիւնը
Ափսոսանք Կը Յառաջացնէ»
Պաքուն բարձր կը գնահատէ Եւրոպական Միութեան շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման, Հայաստանի հետ խաղաղութեան հոլովոյթի շուրջ բանակցութիւններու աջակցութիւնը, սակայն Պորելի յայտարարութիւնը ափսոսանք կը յառաջացնէ: Այս մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
«Պաքուն բարձր կը գնահատէ Եւրոպական Միութեան շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման, Հայաստանի հետ խաղաղութեան հոլովոյթին շուրջ բանակցութիւններուն աջակցութիւնը: Բայց եւ այնպէս, ափսոսանք կը յառաջացնէ շրջանին մէջ ստեղծուած կացութեան վերաբերեալ 26 յուլիսի յայտարարութեան մէջ Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Ճոզեփ Պորելի մօտեցումը, որ հիմնուած է հայկական կողմէ կեղծ քարոզչութեան եւ քաղաքական շահարկումներուն վրայ», ըսած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այխան Հաճիզատէ:
Անոր պնդումով, Պաքուն սխալ կը նկատէ «աչք փակել 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմէն ետք Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնն ու գերիշխանութիւնը վտանգող հայկական զինեալ ուժերու ոչ ամբողջական դուրսբերման, Ազրպէյճանի տարածք ականներու եւ զինամթերքի տեղափոխման, Հայաստանի կողմէ Ազրպէյճանի բնական պաշարներու դուրսբերման վրայ»:
«Ազրպէյճանի օրինական գործողութիւնները իբրեւ Լաչինի ճամբու փակում ներկայացնելը սկզբունքօրէն սխալ է», կը պնդէ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:
«Ինչ կը վերաբերի Արցախ մեծ քանակութեամբ բեռներու փոխադրման, Ազրպէյճան առաջարկած է օգտուիլ «Աղտամ-Խանքենդի» եւ այլ այլընտրանքային ուղիներէն` հաշուի առնելով Հայաստանէն բխող սպառնալիքները: Հակառակ անոր որ Ազրպէյճանի այս առաջարկին կ՛աջակցին միջազգային գործընկերները, ներառեալ Եւրոպական Միութիւնը եւ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն, Հայաստանի եւ իբրեւ հայ բնակիչներու ներկայացուցիչներ ներկայացողներու կողմէ ճամբաները փակելով բեռներու փոխադրման խոչընդոտելն ու կանխարգիլումը յստակ ապացոյց է, որ «լարուած մարդասիրական իրավիճակ»-ի մասին շահարկումները ոչ այլ ինչ են, քան` քաղաքական շահարկումներ», նշուած է Հաճիզատէի յայտարարութեան մէջ:
Ազրպէյճանի Մէջ Ֆրանսայի Դեսպանին Կեցուածքը
Ազրպէյճանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Պուայոն արձագանգած է Պաքուի կողմէ Արցախի` նախորդ տարուան դեկտեմբերէն շարունակուող շրջափակման ու օրէ օր վատթարացող մարդասիրական կացութեան:
Դեսպանը «Թուիթըր»-ի վրայ զետեղած է Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորելի յայտարարութիւնը` առանձնացնելով հետեւեալ հատուածը. «Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն պարտականութիւնն է երաշխաւորել անվտանգութիւնն ու ազատ տեղաշարժը եւ չարտօնել, որ ճգնաժամը առաւել եւս սրի»: