Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը շաբաթ օր խօսած է Ազրպէյճանի նախագահին հետ: Այս մասին Էնթընի Պլինքըն հաղորդած է «Թուիթըր»-ի վրայ գրառում կատարելով: Ան նշած է, որ Միացեալ Նահանգներ խոր մտահոգութիւն յայտնած են Իլհամ Ալիեւին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական վատթարացող պայմաններուն առնչութեամբ:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլլըրի հաղորդագրութեան համաձայն, Պլինքըն ընդգծած է Բերձորի միջանցքով առեւտրական, մարդասիրական եւ սեփական ինքնաշարժներու ազատ տարանցման հրատապ անհրաժեշտութիւնը եւ ընդգծած այլընտրանքային ուղիներու հարցին մէջ փոխզիջումի անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի մարդասիրական մատակարարումները կարենան հասնիլ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը շեշտած է, որ բոլոր կողմերը պէտք է պահպանեն բանակցութիւններուն մէջ դրական տրամադրուածութիւնը, եւ «Թուիթըր»-ի վրայ կոչ ուղղած է շարունակելու բանակցութիւնները խաղաղութեան համաձայնագիրին ուղղութեամբ: