Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յուշակոթո՛ղ Մը` Եռաբլուրի Մէջ

Յուլիս 27, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ

Աշխարհասփիւռ հայութեան համար Եռաբլուրը կը նկատուի սրբատեղի, ուր կը հանգչին մեր ժողովուրդի Ընտիրները, անոնք, որոնք իրենց հարազատ հայրենիքը կը գերադասեն ամէն արժէքէ վեր` իրենց ժողովուրդին համար յանձն առնելով ամէն զոհողութիւն, ընդհուպ` նահատակութիւն:

Եռաբլուրի մէջ իրենց յաւիտենական հանգիստը գտած արցախեան երկու պատերազմներու նահատակները մնայուն ներշնչումի աղբիւր են նորահաս սերունդներու համար, ուղեցոյց եւ փարոս` մեր մեծ տեսլականներու իրականացման ճամբուն վրայ:

Եռաբլուրի մէջ ամփոփուած են նաեւ աճիւնները 19-րդ դարու հայ ազգային-ազատագրական պայքարի կարգ մը ներկայացուցիչներուն` Զօր. Անդրանիկին, Զօր. Սեպուհին եւ Սօսէ Մայրիկին: Դէմքեր, որոնք իրենց բովանդակ կեանքը նուիրաբերած են հայ ժողովուրդի պատմական իրաւունքներու վերատիրացման պայքարին:

Այսպիսով, Եռաբլուրի մէջ ներկայացուած են մեր հեռաւոր անցեալի եւ ներկայ ժամանակներու մեծամեծները, որոնք մեր ժողովուրդի հերոսական պատմութեան տարբեր օղակները կը կազմեն: Օղակներ, որոնք իրարու ագուցուած են միջին օղակով մը, Հայ դատի ուժական պայքարի ճամբուն վրայ ինկած նահատակներով:

Արդարեւ, 1975-էն մինչեւ արցախեան պահանջատիրութիւն եւ Հայաստանի երկրորդ անկախութիւն, սփիւռքի մէջ ծաւալեցաւ Հայ դատի ուժական պայքարի կարեւոր փուլ մը, որուն ընթացքին հայրենիքին համար հայրենիքէն դուրս ինկան տասնեակ մը նուիրեալներ:

Մեր ժողովուրդը յատուկ յարգանք եւ ակնածանք ունի այդ նուիրեալներուն եւ յատկապէս 27 յուլիս 1983-ին Փորթուգալի մայրաքաղաք Լիզպոնի մէջ իրենց գարուն կեանքերը հայ ժողովուրդի ազատութեան բագինին ընծայաբերած հինգ հերոսներուն` Սարգիս Աբրահամեանին, Սեդրակ Աճէմեանին, Վաչէ Տաղլեանին, Սիմոն Եահնիեանին եւ Արա Քըրճըլեանին, որոնք Լիզպոնի թրքական դեսպանատունը գրաւելէ ետք, իրենց հետ պայթեցուցին զայն, երբ չկատարուեցան իրենց պահանջները: Անոնք ընտրեցին անմահութիւնը` իմացեալ մահուան ճամբով: Իրենց մահով անոնք կեանք տուին ազգին ու գաղափարին:

Լիզպոնի հինգին անձնուրացութեան, գաղափարապաշտութեան, յանդգնութեան եւ հայրենասիրութեան օրինակը գործեց աննախընթաց ազդեցութիւն, յատկապէս` իր արմատներուն վերադարձող եւ հայ ժողովուրդի արդար դատին համար յանձնառութիւն ստանձնած հայ երիտասարդութեան մէջ:

Լիզպոնի հինգը բոցավառեցին ազգային ազատագրական պայքարի հուրը եւ դարձան յաւերժական արժէք ու ներշնչման աղբիւր իրերայաջորդ սերունդներու: Դժուար չէ անոնց սխրանքին եւ 1988-ի թէ 1991-ի խոյանքներուն միջեւ ոգեղէն կապը տեսնելը: Լիզպոնը դարձաւ նշանակալից հանգրուան` հայրենի հողի եւ իրաւունքի համար մղուած հետագայ պայքարներուն: Ու զարմանալի չէ, որ Լիզպոնի հինգը տասը տարի ետք դարձաւ Արցախի հինգ հազար: Եռաբլուրը վկա՛յ, Պարոյր Սեւակի բառերով` «Բոլոր սրբազան խենթերի գանգից ժայթքած արիւնը» վկայ:

2023-ը կը նշէ Լիզպոնի հերոսական գործողութեան 40-ամեակը: Անցնող 40 տարիներուն, ամէն տարի, յուլիս ամսուն 27-ին աշխարհասփիւռ հայութիւնը ոգեկոչական յատուկ ձեռնարկներով, հոգեհանգիստներով եւ հանդիսութիւններով նշեց Լիզպոնի հինգին հերոսական ողջակիզումի աքթը` մնայուն երազ ունենալով անոնց յիշատակին մնայուն յուշակոթողի մը կանգնեցումը մայր հայրենիքի մէջ: Ա՛յն հայրենիքին, որուն համար եւ որուն կարօտով նահատակուեցան անոնք: Իսկ հայրենիքի մէջ կա՞յ աւելի նուիրական վայր, քան Եռաբլուրը:

Կը հաւատանք, որ հայութեան եւ Հայաստանին համար նահատակուած բոլոր հերոսներուն հիմնական ու վերջնական կայքը Եռաբլուրն է, ազգի բոլոր Ընտիրներուն համախմբման վայրը, ուր միայն իրենց հանգիստը կրնան գտնել իրենց արեամբ մեր ժողովուրդի պատմութիւնը դարբնած բոլոր անձնազոհները` առանց կուսակցական, դաւանական կամ ազգային որեւէ խտրութեան:

Կը հաւատանք նաեւ, որ Լիզպոնի հինգի յիշատակին յուշակոթողի մը կանգնեցումով աւելիով պիտի շեշտուի համահայկական մեր պայքարին ամբողջականութիւնն ու անմասնատելիութիւնը: Մեր պատմութեան տարբեր փուլերու ու տարբեր ճակատներու վրայ զոհուած եւ Եռաբլուրի մէջ կողք-կողքի հանգչող հերոսները պիտի ամրապնդեն մեր ժողովուրդին արժանապատիւ ինքնութիւնը, որուն այնքա՜ն կարիքը ունինք այս օրերուն, մեր արդի պատմութեան ամէնէն մռայլ այս փուլին:

Լիզպոնի հերոսները նահատակուեցան ազատ ու անկախ Հայաստանի կերտման ճամբուն վրայ` առանց այդ Հայաստանը տեսնելու: Անոնց նահատակութենէն 40 տարի ետք ժամանակն է, եթէ ուշ չէ, անոնց երազը իրականացնելու` գէթ անոնց յիշատակին յուշակոթող մը կանգնեցնելու իր արժանաւոր վայրին` Եռաբլուրի մէջ, յաւերժական Արարատի շուքին տակ, կողքին` այն միւս մեծերուն, որոնք նախորդեցին ու յաջորդեցին իրենց` մեր ժողովուրդի «Յարատեւ կռիւ»-ի երթին մէջ:

 

 

 

 

 

Նախորդը

Դեռ Երէկ Էր` Քառասուն Տարի Առաջ (Լիզպոնի Հինգ Տղոց Յիշատակին)

Յաջորդը

«Երիտասարդութիւնը Պէտք Է Շարունակէ Լիզպոնի Եւ Արցախի Նահատակներուն Սրբազան Գործը» Հաստատեց Վանտա Աբրահամեան

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?