Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դեռ Երէկ Էր` Քառասուն Տարի Առաջ (Լիզպոնի Հինգ Տղոց Յիշատակին)

Յուլիս 27, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

…Ինձ Աստուած է արքայ օծել,
Որ ազգ պահեմ ազգն իր հայոց:
«Հայոց ոգին»
Յովհաննէս Շիրազ

Շիրազեան տաղերուն քաջածանօթ հայորդին պիտի չզարմանայ երբեք, ի տես եզակի բանաստեղծին ու անկրկնելի արարատասէրին վերեւ յիշուած «յաւակնոտ», եւ սակայն հայաբորբ տողերը, որոնցմով ան կ՛ուզէ այլապէս ապացուցել, թէ հայ ժողովուրդը աստուածընտիր ազգ է, իսկ իւրաքանչիւր հայ` «օժտեալ թագաւոր», այնքան ատեն որ ան կը կրէ ազգային պատկանելիութեան, հաւաքական յիշողութեան, ապրումի եւ երազանքի հիւլէ մը, ու ճիգ չի խնայեր` մահուան գնով տիրութիւն ընելու ու պաշտպանելու ազգապատկան ամէն արժէք եւ առանձնայատկութիւն, դարաւոր հող ու հայրենիք:

1983:

Չորս տասնամեակ առաջ ուժգին պայթում մը ցնցեց հայաշխարհը, իսկ անոր արձագանգը կլանեց ամբողջ ազգի մը սիրտը, հոգին, միտքն ու երազանքը: Ու այդ օրէն ի վեր, անվերծանելի հեքիաթի նմանող պատում մը արձանագրուեցաւ հայոց պատմութեան էջերուն վրայ, ուր ի յայտ եկան սրբազան տղոց անուններ, որոնք պահ մը կ՛ապրէին մեզի հետ, կը շնչէին հարազատներու կողքին, կը գործէին անմնացորդ, անշշուկ, առանց տաղտուկի, եւ սակայն ստեղծած էին իրենց սեփական աշխարհն ու անով կրցած էին համոզել իրենց ծնողքը, քոյր-եղբայր, ընկեր ու հարազատներ:

Սովորական մահկանացուներ էին անոնք, որոնք օր մը առաքեալ դարձան: Իրենց ծնողքին ու շրջապատին ծնունդն էին անոնք, որոնք երիտասարդ տարիքին ներշնչման աղբիւր եղան: Իրենց կրթութեամբ համեստ, բայց գաղափարայնութեամբ հզօր տղաք էին անոնք, որոնք յաջողեցան պատմութիւն կերտել: Ծինային յատկութեամբ օժտեալ համեստ հայորդիներ էին անոնք, որոնք յանձն առին գերագոյն զոհաբերութիւնը եւ ողջ վկաները հանդիսացան հետագայ դարերու: Ազգին զաւակներն էին անոնք, որոնք օր մը, շնորհիւ իրենց ազգային դաստիարակութեան, աննկուն կամքին, հաւատամքին եւ գիտակցական աննուաճելի բարձունքին, յանձն առին իրենց թանկագինը` կեանքը զոհաբերել յանուն Հայ դատին, սրբազան լեռ Արարատին եւ կորուսեալ հայրենիքի` Արեւմտահայաստանի ազատագրումին:

Այդուամենայնիւ, պէտք է խոստովանիլ, որ հեքիաթակերտ այս հերոս տղաքը ունէին միս ու ոսկոր, խելք ու նկարագիր, ջիղ ու ապրում, եւ սակայն կը տարբերէին շատ շատերէ` իրենց իտէալական կազմաւորումով եւ ազգային ընկալումով:

Այդ օրերուն հայոց զինեալ պայքարի եւ վրիժառական արարքներու ոսկեայ դարաշրջանն էր, երբ իրարու ետեւէ կ՛իյնային, կը զգետնուէին թուրք դիւանագէտներ, կցորդներ եւ զինուորականներ:

Հայոց բազուկն ու կրանիթեայ կամքը ինքզինք պարտադրած էր ամէնուրեք եւ բոլոր հարթակներուն վրայ: Այսպէս, կարծես, մեծապետական վայրագ ծրագիրներ, որոնք կ՛առնչուէին հայութեան, երբեմնի Խորհրդային Հայաստանին ու Արարատին, պահ մը խառնափնդոռ վիճակ կը պարզեն, պարզապէս որովհետեւ կը խանգարուէր անոնց հանգիստը:

Թուրք պետական համակարգը շփոթի մատնուած կը ստանար իրերայաջորդ հարուածներ, հակառակ իր անվտանգութեան ծառայութիւններու օրն ի բուն աշխատանքին, հետապնդումներուն եւ հակահայ մոլուցքին:

Եւ ահա, նոյնատիպ, բայց եզակի գործողութիւն մը կը կատարուէր Լիզպոնի մէջ, քառասուն տարի առաջ, հինգ սրբազան տղոց մասնակցութեամբ, հինգ «խենթ»-երու ուղղակի յարձակումով եւ թրքական դեսպանատան գրաւումով:

27 յուլիս:

Պահ մը, ուժգին պայթումին բարձրագոռ արձագանգը լռութեան մատնեց ամբողջ մարդկութիւնը, ի տես կատարուածին եւ անձնազոհութեան:

Փաստօրէն, հայոց զինեալ պայքարը նոր ոստում մը արձանագրած էր եւ կը սպառնար թուրք թէ այլ պետութիւններու անվտանգութեան եւ անդորրութեան: Թուրք թշնամին թիրախ էր ամէնուրեք, հայոց բազուկը հասանելի էր ամէն տեղ:

Ըսինք, որ օրին, լիզպոնեան արարքը ցնցեց նաեւ մեզ` ազգովին, մէկ կողմէ զարմանք եւ միւս կողմէ հպարտութիւն պատճառելով ամբողջ հայութեան: Փաստօրէն Լիբանան մխրճուած էր եղբայրասպան պատերազմին մէջ եւ վերածուած էր դժոխքի, սակայն ահա լիբանանահայութիւնը իր ընտիր զաւակները կը մատուցէր Հայ դատին, զինեալ պայքարի խորանին, նուիրաբերելով առաքելատիպ հինգ տղաներ:

Քանի մը ամիս ետք, Լիզպոնի տղոց սուրբ դագաղներուն ծննդավայր վերադարձով` լիբանանահայութեան կեանքը շրջադարձ մը կ՛ապրէր, հոգեցնցում մը տեղի կ՛ունենար. արցունքի թէ վրէժխնդրութեամբ լիացած` հայութիւնը իր զաւակները հողին կը յանձնէր, երդուելով, որ տղոց շիրիմները կտոր մը հայրենիքի պիտի վերածէր, ուրկէ առ Աստուած աղօթք պիտի բարձրանար, եւ դէպի հայրենիք հայաբոյր պատգամներ պիտի արձակուէին:

Քառասուն տարիէ ի վեր, լիբանանահայութիւնը իր ուխտին հաւատարիմ մնաց:

Աւելի՛ն. ՀՅ Դաշնակցութեան հնոցին մէջ դաստիարակուած լիբանանահայ երիտասարդութիւնը, ինչպիսի՛ ընկերային պայմաններու թէ քաղաքական կացութեան դիմաց ալ որ գտնուեցաւ, ամբողջ չորս տասնամեակ երկիւղածութեամբ եւ հաւատքով յիշեց ու յիշեցուց բոլորիս, թէ լիզպոնեան սխրանքը ինքնին ազգային արժեհամակարգ է, որով սերունդներ դաստիարակուեցան, ներշնչուեցան, եւ օր մըն ալ, երբ հայրենիքը զիրենք կանչեց, իրենց պարտքը կատարեցին յանուն Արցախի ազատագրութեան եւ հայրենի սահմաններու պաշտպանութեան:

Եռաբլուրի սուրբ պանթէոնը վկայ է մատնանշուածին: Աւելի՛ն. այդ սրբազան տղոց հանգստավայրին մէջ կը ննջեն սփիւռքահայ երիտասարդներ, որոնք շնորհիւ իրենց ուժեղ կամքին ու աներեր գաղափարայնութեան, զոհուեցան յանուն Արցախին:

Այո՛, Լիզպոնի տղաքը դեռ կը յիշուին ու պիտի շարունակեն յիշուիլ իբրեւ ոգեղէն ներկայութիւն եւ ազգային ընկալումի անհասանելի բարձունք: Անոնք կը շարունակեն մեզի ուժ տալ, ոգեզինել, չտկարանալ, չափսոսալ ի տես ապազգային ու ազգակործան վերաբերումներու, այլ անոնք տիւ եւ գիշեր մեզ զգաստութեան կը հրաւիրեն` չտարուելու խաբուսիկ երեւոյթներէ, կեղծ հայրենասիրութենէ, տականք մարդոց քաղաքական հոսհոսութենէ եւ թուրքին առջեւ ծնրադրելէ:

Այս առաքելատիպ տղաքը քառասուն տարի առաջ կրցած էին նուաճել սէգ լերան` Արարատի գագաթը եւ հոն բնակութիւն հաստատել, վառած կանթեղին տէր ու տիրութիւն ընել, հայութեան տառապանքին դարման հանդիսանալ, երազը` կենդանի պահել, ազգային հաւատամքը` ջրդեղել, բայց մանաւանդ` աստուածանիստ լեռ Արարատի շուքին տակ ապրելու հաւատարմութիւնն ու կամքը կռանել, այլապէս չուրանալ հայոց Եղեռնը, Արեւմտահայաստանը եւ նահատակ տղոց թափած արիւնը:

Սիրելի՛ հերոս տղաներ` Սագօ, Սեդրակ, Վաչէ, Արա եւ Սիմոն, ճիշդ է, որ դուք ձեր հերոսապատումով լուսաւորեցիք ազգային-ազատագրական պայքարի տաճարը, ձեր արեամբ բոցավառեցիք ազատութեան անշէջ կրակը, ողջագուրուեցաք մահուան հետ եւ եղաք հայոց արդի ժամանակներու անձնազոհ քուրմերը, որոնք քսանամեայ տարիքին գիտակցած էին մահն իմացեալ անմահութեան պատգամին:

Այդուհանդերձ, դեռ գոյութիւն ունին հայանուն մարդիկ, մեծ թէ փոքր, որոնք կը շարունակեն ուրանալ ձեր սխրանքը, անտեսել պատմակերտ ձեր խոյանքը եւ տուրք տալ ապաշնորհ մտմտուքներու: Անոնք, ցաւ ի սիրտ, մոռացութեան կու տան թուրքի եաթաղանը եւ արժեզրկել կ՛ուզեն հայոց հերոսապատումը: Առանց խպնանքի կը խօսին ձեր դամբարանին նորոգութեան մասին, ապերախտի պատմուճանը հագնիլ փորձելով:

Միւս կողմէ, վերանկախ Հայաստանի պետականութիւնն անգամ ցարդ զլացած է պէս-պէս պատրուակներով ձեզի շնորհել պանթէոն մը, հայրենի հողին վրայ, որուն համար ձեր կեանքը նուիրաբերեցիք:

Դեռ երէկ էր` քառասուն տարի առաջ, երբ լիբանանահայութիւնը արցունքով, հպարտութեամբ եւ ընդվզումով գրկաբաց ընդունեց ձեզ եւ ձեր շիրիմները վերածեց ուխտավայրի:

Ձեր անբիծ յիշատակը վառ պիտի մնայ, այնքան ատեն որ գոյութիւն ունի հայ մը, դաշնակցական սերունդ մը, որ կ՛ապրի Արարատով եւ կը հպարտանայ ձեր ազնուարիւն կազմաւորումով, մարդկային որակով եւ քաջագործութեամբ:

Դուք էք, որ ձեր ողջուց, նկարահանուած տեսերիզով մը իմաց տուիք, թէ Արարատն ու հայրենի հողը չտեսած, պատրաստ էք ձեր կեանքը ընծայաբերելու յանուն ազատ ու անկախ ապրելու, ազգային արժէքներու պահպանման եւ սերունդներու դաստիարակութեան:

Ըսիք նաեւ, որ պէտք չէ ազդուիլ այն հայանուն մարդոցմէ, որոնք չեն ուզեր խանգարել իրենց հանգիստն ու վայելքը, սակայն թրքավարի «խրատ»-ներ կը բաշխեն շուրջ-բոլորը` նսեմացնել ուզելով ազգային ամէն արժէք ու հարստութիւն:

Արդարեւ, աննման տղաներ, ձեր նահատակութեան քառասունամեակին առիթով, դարձեալ կը խոնարհինք ձեր սուրբ շիրիմներուն առջեւ եւ կ՛երդուենք հաւատարիմ մնալ ձեր մաքրամաքուր դաշնակցականի ներաշխարհին, ուխտին եւ անկրկնելի քաջագործութեան:

 

 

Նախորդը

40 Տարիներ Ետք. Լիզպոնի Հինգի Կտակին Արժանի Ժառանգորդները Ըլլալու Համար…

Յաջորդը

Յուշակոթո՛ղ Մը` Եռաբլուրի Մէջ

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?