Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Երիտասարդութիւնը Պէտք Է Շարունակէ Լիզպոնի Եւ Արցախի Նահատակներուն Սրբազան Գործը» Հաստատեց Վանտա Աբրահամեան

Յուլիս 27, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիզպոնի գործողութեան 40-ամեակին առիթով «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ Լիզպոնի գործողութեան մասնակից եւ հերոս Սագօ Աբրահամեանի քրոջ` Վանտա Աբրահամեանին հետ` ներկայացնելու վկայութիւնները, յուշերը եւ պատգամը:

«ԱԶԴԱԿ».- Ի՞նչ յիշատակներ կրնաք պատմել պատանեկութեան օրերէն, որոնց մէջ կ՛երեւի Սագօ Աբրահամեանին ազգային ոգին, մթնոլորտը, նկարագիրը…

ՎԱՆՏԱ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ.- Սագոն պատանեկան տարիքէն եղած էր ազգասէր, ծառայասէր եւ չափազանց գաղտնապահ անձ մը, որ կը սիրէր օգնել մեծին ու փոքրին: Կը սիրէր մարզանքը եւ կը հետեւէր քունկ ֆու մարզաձեւի փորձերուն: Արագածի շրջանը օրին եղած էր պատերազմական գօտի` ռմբակոծումներու եւ հրացանաձգութիւններու թիրախ, որուն պատճառով յաճախ կ՛ուղղուէինք ապաստարան: Մայրս կը խնդրէր Սագոյէն, որ ինք ալ մեզի միանար: Սագոն միշտ ալ նոյն պատասխանը կու տար. «Դուք գացէք, ես մէկ հատ ակումբ հանդիպիմ, յետոյ կու գամ»: Երբ ռմբակոծումը սաստկանար, մայրս մտահոգուած Սագոյին ապաստարան գալու ուշացումէն` կը հարցնէր զինեալ պահակ տղոց, երբեմն հագած շապիկին գոյնը կը յայտնէր, եւ տղաքը կ՛ըսէին, որ ձեռքը աւազապարկերով շէնք բարձրացած է, որպէսզի 3-րդ յարկ ինկած ռումբին պատճառով բռնկած կրակը կը մարէ, երբեմն ալ յանկարծ կը տեսնէինք, որ Սագոն հացի պարկերով, շունչը բռնած, սնունդ կ՛ապահովէր` հազիւ ազատելով կրակոցներէն: Այսպիսի դէպքերը շատ են ու նման…

«Ա.».- Սագոն ի՞նչ մթնոլորտի մէջ մեծցած էր…

Վ. Ա.- Սագոն մեծցած էր ազգային շունչով առաջնորդուող ընտանիքի մէջ, եւ այդ ոգին առաւել եւս ամրապնդուեցաւ, երբ մաս կազմեց ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան, անցաւ կուսակցութեան շարքերը, դարձաւ վարիչ… Կուսակցութեան ճամբով իր մէջ ազգին ծառայելու կամքը աւելիով զօրացաւ:

«Ա.».- Գործողութենէն առաջ երբեք զգացա՞ծ էք, որ Սագոն կ՛ուզէ երթալ, կը պատրաստուի, դէպքեր կա՞ն…

Վ. Ա.- Չէ՛, գործողութիւններու մասնակցութեան գծով երբեք չէինք նկատած, սակայն Սագոն յաճախ կը բացակայէր տունէն «ազգային պարտականութեամբ» եւ գործի պահուն տարբեր առիթներով վիրաւորուած էր, վէրքեր ստացած էր, եւ այս կացութեան մէջ մայրս միշտ ալ մտահոգ էր, բայց` ապարդիւն: Լիզպոնի գործողութենէն առաջ արկածի մը պատճառով ոտքին ոսկորը կոտրած էր, սակայն բժիշկներուն խօսքը մտիկ չըրաւ, ժամանակէն առաջ գաճը քակեց ու մեկնեցաւ…

 «Ա.».- Առաջին անգամ ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս իմացաք Լիզպոնի գործողութեան մասին: Ի՞նչ էր առաջին տպաւորութիւնը, անդրադարձը…

Վ. Ա.- Առաջին անգամ իմացանք մամուլէն:  Յայտնեմ, որ նախ օտար ձայնասփիւռներէ ու թերթերէ իմացանք, որ Լիզպոնի գործողութիւնը կատարուած է, սակայն տակաւին անունները չէին տրուած: Մայրս տարօրինակ նախազգացում մը ունէր եւ անընդհատ կ՛ըսէր, որ «նահատակներէն մէկը եղբայրդ է»: Մենք միշտ կը համոզէինք, որ կարելի չէ մասնակցած ըլլայ գործողութեան, որովհետեւ Սագոյին ոտքին ոսկորը կոտրած է եւ դեռ չէ ապաքինած, բայց մայրս պինդ էր իր կարծիքին վրայ: Մօրս նախազգացումը ճիշդ էր, գործողութենէն երեք օր ետք իմացանք, որ Սագոն հինգ նահատակներէն մէկն էր, չէինք ուզեր հաւատալ, բայց ընտանիքին մէջ խորունկ վէրք մը բացուեցաւ…

«Ա.».- Գործողութենէն ետք Սագոյին ընկերներէն ի՞նչ վկայութիւններ ունիք, յատկանշական դէպք, հանդիպում…

Վ. Ա.- Գործողութենէն ետք Սագոյին գաղափարակից ընկերները կը պատմէին, թէ Սագոն միշտ ալ գոհունակ եղած էր, որ վէրքերուն պատճառով չէր մահացած, որովհետեւ չէր ուզեր պարզ մահով մեռնիլ: Վերջին անգամ, երբ ոտքին ոսկորը կոտրած էր, երէց ընկեր մը խրատական արտայայտութեամբ ըսած էր, որ` «Ասոր հետեւանքը գէշ պիտի ըլլայ, եւ այս արկածները օր մը քեզ մահուան դուռը պիտի հասցնեն».  Սագոյին պատասխանը անփոփոխ կ՛ըլլար, արգելք չունէր եւ կ՛ըսէր, որ` «Երբ մեռնի,  աշխարհը պիտի թնդայ»:

«Ա.».- Դժուար է եղբայր կորսնցնելը, բայց հերոս եղբայր ունենալը ինչպիսի՞ հպարտութիւն է:

Վ. Ա.- Թէեւ շատ տարօրինակ է հարցումը, բայց աշխարհի վրայ չկայ տուն մը, որ կորուստ-մահ չէ ունեցած, եւ եթէ անդրադառնայ, յիշէ ու զգայ իր մորթին վրայ, այն ժամանակ կը զգայ, թէ ի՛նչ ըսել է հարազատ կամ եղբայր կորսնցնելը: Ազգային հպարտութեան կողքին, 40 տարիներ ետք, միշտ ալ զգացած եմ ու կը զգամ ցաւը, վիշտը եւ կորուստը:

«Ա.».- Որքա՞ն կարեւոր է Լիզպոնի գործողութեան յիշատակումը…

Վ. Ա.- Որպէս հարազատ` կարեւորութեան չափանիշ չեմ կրնար տալ, բայց իսկապէս ողջունելի է գաղափարի ընկերներուն եւ ազգային ոգիով ու շունչով լեցուն ազգայիններու կողմէ խոնարհաբար յիշատակումները եւ յարգանքի մատուցումը: Նշեալ հաւաքներուն առաւել եւս ոգեւորիչ է երիտասարդներուն մասնակցութիւնը: Ճիշդ է, որ հոգեհանգստեան արարողութիւնները եւ ձեռնարկները կը վերապրեցնեն ցաւը, սակայն միեւնոյն ատեն կը վերյիշեցնեն, որ տղաքը նպատակի մը համար զոհուեցան, եւ այսօր դաշնակցական երիտասարդութիւնը հաւատարիմ է կտակին, փաստը Արցախի վերջին պատերազմին Սագոյին գաղափարակից ընկերներու մեծաթիւ մասնակցութիւնն է…

«Ա.».- Ի՞նչ պատգամ ունիք երիտասարդութեան…

Վ. Ա.- Ինչպէս տեսերիզին ճամբով կը ցանկանային Լիզպոնի հինգ անձնուրաց նահատակները, ես ալ կը հաւատամ, որ երիտասարդները պէտք չէ տարուին օտար հոսանքներով, պէտք է կառչած մնան Հայ դատի պահանջատիրութեան, շարունակեն իրենց երթը` փոխանցելով Լիզպոնի, Արցախի եւ Հայ դատի պայքարի ճամբուն վրայ ազգային պարտականութիւն իրագործած նահատակ հերոսներուն արժէքները ու շարունակեն սրբազան գործը:ԱԶԱՆ ԳՈՐԾԸ»

 

 

Նախորդը

Յուշակոթո՛ղ Մը` Եռաբլուրի Մէջ

Յաջորդը

Լիզպոնի 5-ի Աւանդը Վառ Պահելու Ու Նոր Պայքարի Վճռակամութեամբ

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?