Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խանասորէն` Լիզպոն, Եւ Լիզպոնէն Արցախ

Յուլիս 27, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Մանկութեանս եւ պատանեկութեանս տարիներուն, երբ տակաւին Սուրիոյ մէջ զրկուած էինք միութենական գործունէութիւններէն ու տօնախմբութիւններէն` իբրեւ հետեւանք 1958-ի ու 1961-ի չարաբաստիկ թուականներուն, Քեսապի օրուան հոգեւոր հովիւը` հանգուցեալ Տէր Զաւէն քհնյ. Փոլատեանը, ամէն ամառ, յուլիս 25-ին, գլուխն անցած Խանասորի գաղափարին հաւատացող հայորդիներու խումբին, զանոնք կ՛առաջնորդէր Քեսապին պատկանող, Գալատուրան գիւղի ծովափը, որ կպած էր Թուրքիոյ կողմէ Սուրիայէն բռնօրէն խլուած Ալեքսանտրեթի «սանճագի» սահմանին:

Նշեմ, որ այդ ծովափին սուրիական մասը քարքարոտ ու ժայռոտ էր, մինչ խլուած բաժինը` աւազոտ:

Արեւշատ ու պարզկայ օրերուն, այնտեղէն կարելի էր տեսնել հեռաւոր հորիզոնին Մուսա լերան բարձունքներն ու լեռնաշղթան:

Մեր «հանդիսավայրը»` ձիթենիներու պարտէզ մը, համեստ աղբիւրի մը մօտիկ, հազիւ 25 մեթր հեռու էր Սուրիոյ կողմէ չվաւերացուած սահմանագիծէն:

Հողաշերտը կը պատկանէր Հնչակեան կուսակցութեան դաւանած հօրեղբայրներէս մէկուն, որ մեզի հետ կը մասնակցէր «տօնախմբութեան» որ կէսօրուան ճաշին` մեզի հետ երգելով ու մեզի չափ քաջատեղեակ Դաշնակցութեան յեղափոխական երգերը:

Անշուշտ որ այդ «տօնախմբութիւնը» կը սկսէր, երբ յոգնած ու սպառած կ՛ըլլային լողալէն ու կը սկսէինք երգել.

«Կարկուտ տեղաց,
Խանասորայ դաշտումը…»
ապա`
«Հայեր յիշենք
չմոռանանք այդ օրը,
Յուլիս ամսոյն,
Քսան հինգին,
Կատարեցէ՛ք մեր տօնը»:

Այդ ծովափը մօտ 12 քմ հեռու էր Քեսապ աւանէն, իսկ հոն հասնելու փոխադրամիջոցները գրաստներն ու աւանակներն էին:

Կրտսերներս կ՛երգէինք առանց գիտնալու բառերուն տակ պահուած երգերուն խորհուրդը:

Տակաւին չէինք խորացած Խանասորի արշաւանքին յեղափոխական իմաստին մէջ: Տակաւին չէինք գիտեր, որ վեց դարերու դաժան գերութենէն ետք, անզօր ու ռայա հայը «համարձակած» էր ձեռք առնել «մարդասիրական» կոչուած մոսին հրացանը:

Տակաւին չէինք հասկցած, որ այդ հերոսները, այդ օրը խզեցին օսմանեան կայսրութեան հաստատած իրականութիւն» մը, որ կ՛ըսէր, թէ անոնք` (օսմանցիները) բացարձակ տէրերն էին հայ ժողովուրդին անցեալին, ներկային, ապագային, հողերուն, պատիւին, նամուսին… եւ այլն:

Անոնք` այդ հերոսները, հաստատեցին ու փաստեցին, որ հայը գիտէ ոչ միայն պաշտպանուիլ, այլ նաեւ յարձակիլ ու պատժել հայուն կեանքին սպառնացող թուրքն ու քիւրտը:

Անոնք ազատութեան ու անկախութեան գաղափարներուն դրօշակակիրներն էին, նաեւ` այդ գաղափարներուն համար նահատակուելու պատրաստ:

Անոնց անուններն էին Խանասորի Վարդան, Իշխան Արղութեան, Նիկոլ Դուման, Կարօ (Արիստակէս Զօրեան), Խան… եւ ուրիշներ: Մէկական հերոսներ, գաղափարի նուիրեալներ, իմացեալ մահուան մարտիրոսներ, հայ ազգին բագինին համար մատաղներ…

Խանասորի, Դերիկի վանքի, Բողաս-Քեսանի, Խանի ու Նեւրուզի արշաւանքներու, կռիւներու ու բիւրաւոր նահատակներ…

Խանասորի արշաւանքէն 87 տարիներ ետք պատմութիւնը ինքզինք կրկնեց, 1983-ի յուլիսի 27-ին ձեռամբ Խանասորի ոգիով սնանած խումբ մը նուիրեալներու, որոնց անուններն էին Վաչէ, Արա, Սեդրակ, Սիմոն ու Սագօ, որոնք եղած էին Յեղափոխական բանակ ու արշաւեցին Լիզպոն:

Կարծես Խանասորի հերոսները, Կարօ Զօրեանները, յարութիւն առած էին:

Տասնամեակներ անցած էին Հայոց Մեծ եղեռնէն, Ցեղասպանութեան տարիէն, ու աշխարհը, միջազգային քաղաքական ոլորտը կը յամառէր լուռ մնալ, մոռացութեան տալ հայութեան համար օրհասական այդ իրողութիւնը.

նոյնիսկ դաշնակցականացած էին ցեղասպան թուրքին հետ ու մրցակցութեան ելած էին զայն դարպասելու:

Տասնեակ մը երկիրներ ճանչցած էին Հայոց ցեղասպանութիւնը: Իսկ ուրիշ երկիրներ ճիգ կը թափէին հայոց պահանջատիրութիւնը շեղել իր ճամբայէն կամ լիցքաթափել ու աղաւաղել:

Հասունցած էր հայութեան նկատմամբ կիրարկուած դաւադրութիւնը խափանելու պահը:

Հարկաւոր էր մարդկութեան փաստել ու հաստատել, որ հայութիւնը դատ ունի, արդար ու անժամանցելի: Չհատուցուած դատ մը. մանաւանդ միջազգային քաղաքական բեմին: Եւ թէ հայերը իրենց դատը պաշտպանելու համար, պահանջատիրութիւնը յառաջ մղելու համար պատրա՛ստ են մարտիրոսանալ անձնասպանական քայլերով:

Ու այդ հինգ անձնուիրեալները մեկնեցան` արշաւեցին Լիզպոն, իմացեալ մահը գրկելու ու հաստատելու, որ հայերը չեն կրնար մարդասպաններ դառնալ, այլ իրենց ազգային դատին համար պատրաստ են նահատակուիլ, յարութիւն տալու համար 1915-ի բիւրաւոր նահատակներուն:

Անոնք հայութեան պահանջատիրութեան նամակը նահատակութեամբ հասցէագրեցին աշխարհին:

Անցան տարիներ միջազգային քարացած խիղճը սկսաւ շարժիլ: Իրար ետեւէ երկիրներ սկսան ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ոմանք աւելի ուշ «Գլխի եկան»: Ու գտնուեցան երկիրներ, որոնք Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացուցին:

Լիզպոնի նահատակներուն յարութեան ուրուագիծը սկսաւ յայտնուիլ համաշխարհային հորիզոնին վրայ:

Տարիներու թաւալումին հետ հայութեան իրավիճակը փոփոխութեան ենթարկուեցաւ:

Փուլ եկաւ Թուրքիոյ հետ յաճախ սիրաբանող Խորհրդային Միութիւնը. ու անկախացաւ Հայաստանը:

Սկսաւ Արցախի գոյապայքարը, որ հայութեան միահամուռ ճիգերով յաջողութեամբ պսակուեցաւ:

Արցախը դարձաւ ինքնուրոյն հանրապետութիւն:

Սակայն չգտնուեցաւ որեւէ երկիր, որ ճանչնար Արցախի հայութեան ինքնորոշման իրաւունքը: Ոչ մէկ երկիր ճանչցաւ Արցախի հանրապետութեան անկախութիւնը: Նոյնիսկ Հայաստանի Հանրապետութիւնը` իբր թէ մեկնած կարգ մը հանգամանքներէ, թէեւ իր թեւերը լայն բացած էր անոր ամրապնդման, զինուորական, տնտեսական եւ այլ ոլորտներու վրայ…

Ապա եկաւ 2018-ի իշխանափոխութիւնը ու 2020-ի 44-օրեայ պատերազմը, ասոնց յաջորդեց պատրաստութիւններու ու զիջումներու շարքը` ի սպաս թշնամիին ու անոր ետին կանգնած մութ ուժերուն, ու մեծապետական հաշիւներուն:

Այսօր Արցախը ամիսներէ ի վեր մատնուած է դաժան ու անմարդկային պաշարումի:

Թշնամին, որ ստացած է Արցախի տարածքին երեք քառորդը, այսօր ամէն միջոցի կը դիմէ բնաջնջելու Արցախն ու արցախցին` սպառնալով անոնց գոյութեան:

Միջազգային ընտանիքը հանդիսատես է եղածին. ան ինքզինք կը փորձէ արդարացնել պատրուակներով ու անապացոյց «լոլօ»-ներով: Օրինակ` Ռուսիա-Ուքրանիա պատերազմը, Եւրոպայի կարիքը բնական կազի… ու … ու… պատրուակներ ու «լոլօ»-ներ…

Զարմանալիօրէն, անհասկնալի ու զայրոյթ պատճառող իրողութիւն է, որ Հայաստանի իշխանութիւններն ալ հանդիսատես ու մեղսակից են Արցախին ուղղուած օրհասական իրավիճակին:

Այսօր շատ բան փոխուած է Խանասորի ու Լիզպոնի օրերէն, այս անարդար աշխարհին մէջ, հայութեան մօտ:

Աշխարհացրիւ հայութիւնը կարծես կ՛ապրի խարխափումի իրավիճակ մը, ու իր երթը աննպատակ դարձած է կարծես: Համաշխարհայնացումը շատ բան ժխտականօրէն փոխած է հայութեան մօտ` ի Հայաստան ու սփիւռք:

Սակայն Արցախն ու արցախցին կը մաքառին իրենց գոյութեան համար:

Խանասորի ու Լիզպոնի օրինակները տակաւին մոռացութեան չեն տրուած. անոնց շաղախուած կը մնան Վարդանանքի ու Սարդարապատի ոգիները:

Կը մնայ, որ Խանասորի ու Լիզպոնի օրինակով քանդել այդ պատերը.

«Երբ չի մնում ելք ու ճար.
Խենթերն են գտնում հնար…»:

Անպայման պիտի ըլլան ու գտնուին այդ տեսակի «խենթեր», Խանասորի խենթեր, Լիզպոնի խենթեր, որոնք նահատակութեան գնով կը հաւատան իրենց ազգին, հայութեան եւ արցախցիին (մասնաւորաբար) գոյատեւման իրաւունքին, ու իմացեալ մահով այդ պատերը քանդելու քաջութեան, երբ խելացիներուն համար անհնար դառնայ գտնել ելքն ու ճարը:

20 յուլիս 2023
Քեսապ

 

Նախորդը

Լիզպոնի Գործողութեան 40-Ամեակ Երգի Մը Պատմութիւնը. Հայ Դատի Պահանջատիրութեան Ուխտապահներու` Լիզպոնի Հինգի Յիշատակը Յաւերժացնող Երգերուն Պատգամները

Յաջորդը

Պայքարի Ոգին Կը Շարունակուի

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?