Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լաւրով. «Ամէնէն Զգայունը Եղած Է Եւ Կը Մնայ Լեռնային Ղարաբաղի Հայերու Իրաւունքներու Եւ Անվտանգութեան Երաշխաւորման Խնդիրը` Ազրպէյճանի Տարածքային Ամբողջականութեան Ապահովման Ծիրին Մէջ»

Յուլիս 27, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով 25 յուլիսին Մոսկուայի մէջ Միրզոյեան-Լաւրով-Պայրամով ժողովին աւարտին մեկնաբանելով բանակցութիւնները յայտնած է. «Այսօր օգտակար բանակցութիւններ ունեցանք մեր գործընկերներուն` Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ»: Այս մասին հաղորդեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը:

«Նախ կազմակերպուած է ռուս-ազրպէյճանական եւ ռուս-հայկական երկկողմանի բանակցութիւններու երկու փուլ: Մենք քննարկեցինք մեր երկկողմանի յարաբերութիւններու վիճակն ու նախանշեցինք հետագայ քայլերը` բարձրագոյն մակարդակներուն վրայ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու գործադրման ուղղութեամբ: Յետոյ մենք երեքով հանդիպեցանք` քննարկելու շրջանային օրակարգը, նախ եւ առաջ` կապուած Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւ անոր շուրջ ստեղծուած կացութեան», յայտնած է ան:

«Մենք մեր զրուցակիցներուն ուրուագծեցինք ռուսական կողմի գնահատականները` հաշուի առնելով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահներու կողմէ կատարուած հաղորդումները այն քայլերուն մասին, որոնք ցանկալի է անյապաղ ձեռնարկել` մեկնելով Ղարաբաղի բնակչութիւնը սնունդով, դեղորայքով, առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներով, անխափան ուժանիւթով եւ կազամատակարարումով ապահովելու շահերէն: Ասիկա կը բխի հասարակ մարդոց, հայերու, շրջանի բնակիչներու շահերէն», ըսած է Լաւրով:

Լաւրով նշած է, որ Ռուսիան, իբրեւ խաղաղ հոլովոյթի առանցքային միջնորդ, շահագրգռուած է ճգնաժամի շուտափոյթ հանգուցալուծումով` Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներուն կողմէ 2020, 2021 եւ 2022 թուականներուն որդեգրուած 4 եռակողմ յայտարարութիւններուն համապատասխան:

«Համաձայնեցանք փորձել վերսկսիլ երկխօսութիւնը քաղաքային հասարակութեան ներկայացուցիչներու եւ քաղաքական փորձագէտներու միջեւ երկրորդ «ուղիով»: Մենք նաեւ յոյս ունինք, այսօր մենք ատիկա առաջարկած ենք, եռակողմ երկխօսութեան սկսիլ խորհրդարանականներու միջոցով», ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով:

Լաւրով յոյս յայտնած է, որ բանակցային հոլովոյթը պիտի շարունակուի. «Մենք կը հասկնանք թէ՛ հայկական, թէ՛ ազրպէյճանական կողմերու շահագրգռուածութիւնը միջնորդներ օգտագործելու ոչ միայն ի դէմս Ռուսիոյ, սակայն նաեւ այլոց: Մենք կ՛ողջունենք ցանկութիւնը անոնց, որոնք անկեղծօրէն շահագրգռուած են օգնելու Պաքուին եւ Երեւանին համաձայնութիւններ գտնելու հարցին մէջ, որոնք մեզի նման կ՛աշխատին այս ուղղութեամբ: Սակայն պէտք չէ փորձեր կատարուին արհեստականօրէն որոշակի համաձայնութիւններ պարտադրելու` ոչ թէ հայ եւ ազրպէյճանցի ժողովուրդներու շահերէն մեկնելով, այլ յանուն լրատուամիջոցներու գեղեցիկ վերնագիրներու, յանուն աշխարհաքաղաքական եւ ներքաղաքական նկատառումներու»:

Ռուսական դիւանագիտութեան պետը ըսած է, որ պիտի շարունակեն «եռանդուն աշխատանքը» հետագայ հանդիպումներու նախապատրաստման ուղղութեամբ, ներառեալ այս տարի Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու յաւելեալ վեհաժողով գումարելու ծրագիրները:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը յայտնած է, որ Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները նաեւ անդրադարձած են 2020 թուականի եռակողմ յայտարարութեան մէջ հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման կէտին:

«Նկատի ունիմ անխոչընդոտ տեղաշարժի ապահովումը, փոխադրամիջոցային եւ տնտեսական հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակումը ամբողջ շրջանին մէջ», ըսած է ան:

Ըստ անոր, հանդիպումին առանձնայատուկ ուշադրութիւն դարձուած է սահմանազատման հարցերուն, որոնք «սերտօրէն կապուած են քննարկուող խնդիրներու ամբողջ շարքի հետ, ինչպէս նաեւ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ կարելի եղածին չափ շուտ խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու հարցերուն»:

«Մենք կ՛ակնկալենք, որ այս պայմանագիրի ստորագրումը պիտի ըլլայ մեծ բանակցային հոլովոյթի գագաթնակէտը, որ պիտի աւարտի շնորհիւ հայերու եւ ազրպէյճանցիներու ջանքերուն, որոնք նախաձեռնուած են Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ եռակողմ հանդիպումներու ժամանակ:

«Ճամբան դիւրին չէ: Բազմաթիւ բարդ ու կարեւոր խնդիրներ կան լուծելիք: Անոնցմէ ամէնէն զգայունը եղած է եւ կը մնայ Լեռնային Ղարաբաղի հայերու իրաւունքներու եւ անվտանգութեան երաշխաւորման խնդիրը` Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան ապահովման ծիրին մէջ` 1991 թուականին Ալմա Աթայի մէջ նախկին խորհրդային հանրապետութիւններու ղեկավարներու կողմէ ստորագրուած հռչակագիրին համաձայն: Ատոր արդիւնաւէտութիւնը այսօր հաստատուած է թէ՛ Ազրպէյճանի, թէ՛ ալ Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ: Ատոր համապատասխան, կը կառուցուի խաղաղութեան պայմանագիրի վրայ աշխատանքը», նշած է Լաւրով:

Ըստ անոր, հայկական կողմը կը հասկնայ Լեռնային Ղարաբաղի հայերը համոզելու անհրաժեշտութիւնը կարելի եղածին չափ շուտ հանդիպելու Ազրպէյճանի ներկայացուցիչներուն հետ` «համաձայնութիւն գոյացնելու համապատասխան օրէնսդրութենէն եւ միջազգային պարտաւորութիւններէն բխող իրաւունքներուն (այս պարագային` Ազրպէյճանինը), ներառեալ ազգային փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու ապահովման բազմաթիւ հռչակագիրներուն շուրջ»:

Լաւրովի համաձայն, ազրպէյճանական կողմը «պատրաստ է փոխադարձ հիմերով նոյն երաշխիքները տրամադրել իր տարածքին մէջ ապրող անձերուն, հայերը պատրաստ են նոյնը ընել Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ բնակող քաղաքացիներու նկատմամբ բոլոր հռչակագիրներու կիրարկման հարցին մէջ»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ղեկավարը յոյս յայտնած է, որ 25 յուլիսի քննարկումները պիտի օգնեն դրական լիցք հաղորդելու այս եւ այլ ոլորտներու մէջ բանակցային հոլովոյթին. «Ամէնէն մօտ արդիւնքը այս փուլին եռակողմ աշխատանքային խումբին մէջ համաձայնութեան ձեռքբերումն է` երեք փոխվարչապետներու գլխաւորութեամբ, որոնք կը զբաղին շրջանի փոխադրամիջոցային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման որոշակի հարցերու շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու աշխատանքով: Այս ծիրին մէջ հեռանկարներ պիտի բացուին նաեւ փոխադրութեան ոլորտին մէջ իրականացնելու համար խոստմնալից նախագիծեր, որոնք արդէն ունին ոչ միայն շրջանային, այլ նաեւ աւելի լայն բնոյթ»:

 

 

Նախորդը

«Հակառակ Յամառ Ջանքերուն, Մենք Չենք Կրնար Լաչինի Միջանցքով Մարդասիրական Օգնութիւն Հասցնել Խաղաղ Բնակչութեան» Կ՛ըսէ Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէն

Յաջորդը

ՀՅ Դաշնակցութեան Ներկայացուցիչը Լոզանի Մէջ Մասնակցեցաւ Լոզանի Դաշնագիրի 100-Ամեակին Առիթով Կազմակերպուած Խորհրդաժողովին

RelatedPosts

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ

Հոկտեմբեր 21, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան  Յայտարարութիւն
Հայկական

Ազգային Ժողովի «Հայաստան» Խմբակցութեան Յայտարարութիւն

Հոկտեմբեր 21, 2025
Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար.  Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար. Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?