Ռուսիան կը գնահատէ, որ Ազրպէյճանը կը հասկնայ Ղարաբաղի մէջ հայերու իրաւունքներու եւ անվտանգութեան ապահովման անհրաժեշտութիւնը: Ասիկա առանցքային հարցերէն մէկն է: ԹԱՍՍ լրատու գործոկալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով` իր ազրպէյճանցի պաշտօնակից Ճէյհուն Պայրամովի հետ հանդիպումի ընթացքին:
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը իր կարգին կը հաղորդէ, որ Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած է Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը: Ազրպէյճանական կողմին համաձայն, նախարարներ Սերկէյ Լաւրովն ու Ճէյհուն Պայրամովը քննարկած են ռուս-ազրպէյճանական յարաբերութիւններուն վերաբերող եւ շրջանային հարցեր, ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթը:
Լաւրով յայտարարած է, որ Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարներու քննարկման համար շարք մը փաստաթուղթեր կը պատրաստուին` ամբողջացնելու համար մինչեւ օրս ստորագրուած յայտարարութիւնները:
«Պիտի ուզէինք յատուկ ուշադրութիւն դարձնել Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի հասնելու շուրջ բարձր մակարդակով ձեռք բերուած համաձայնութիւններու կատարման: Պատրաստ ենք ամէն ձեւով ատոր աջակցելու, ներառեալ` ստորագրման համար հարթակ տրամադրելու», ըսած է Լաւրով: