Մոսկուայի արձագանգը կամ պատասխանը Էրտողանի յայտարարութեան, թէ` ռուս խաղաղապահները պէտք է հեռանան Արցախէն համաձայնուած ժամկէտի աւարտին, անմիջական չէր: Քանի մը օր պէտք էր սպասել, որպէսզի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը արձագանգէր:
Ըստ մամլոյ բանբերին, ուրեմն Թուրքիան Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներու եռակողմ համաձայնագիրին կողմ չէ:
Մոսկուայի ներկայացուցիչը պարզապէս պարզաբանած է եռակողմ յայտարարութեան համապատասխան կէտը` ընդգծելով խաղաղապահ զօրակազմի տեղակայման պայմանները, ժամկէտը, զայն երկարաձգելու կամ կասեցնելու համաձայնութիւնները: Ըսել կ՛ուզուի, որ պարզ է համաձայնութիւնը. հետեւաբար, Անգարայի կողմէ հիմա յատուկ կերպով այս մասին յայտարարութիւն կատարելը եւ աւելցնելը, որ կը յուսան, որ Մոսկուան կը յարգէ համաձայնութիւնը, այլ նպատակ կը հետապնդէ:
Այստեղ կարեւոր երանգ կայ: Էրտողանը խօսած է եռակողմ յայտարարութեան մէկ կէտին մասին: Զախարովան կը պատասխանէ, որ Անգարան ընդհանրապէս եռակողմ համաձայնութեան համաձայն չէ:
Հակասութեան շրջածիրը այսպիսով կ՛ընդլայնուի Մոսկուայի կողմէ, որուն ներկայացուցիչը Թուրքիոյ կը վերագրէ ընդհանրապէս եռակողմ համաձայնութիւնը եւ անոր երաշխաւորութիւնը Ռուսիոյ դաշնութեան կողմէ: Ասիկա պարզ է, որ միայն Անգարայի առաջադրանքը չէ: Ուղղակի եւ բացայայտ առաջադրանքն է հաւաքական Արեւմուտքին, որ յայտարարութիւններով խնդրոյ առարկայ կը դարձնէ ռուսական երաշխաւորութիւնը, միջնորդութիւնն ու խաղաղապահութիւնը եւ այդ ճամբով կ՛աշխատի տարածաշրջանէն դուրս մղել Ռուսիոյ դաշնութիւնը:
Ռուս դիւանագէտին կողմէ այս ձեւով կը կատարուի նոյնացում Անգարայի եւ հաւաքական Արեւմուտքի դիրքորոշումներուն: Հակասութիւններու խորացումը ունի անշուշտ իր նախադրեալները, որոնք կ՛անցնին Ֆինլանտայէն եւ Շուէտէն` «Ազով»-ի գումարտակի շարժումներուն արձանագրումով:
Մոսկուայի ներկայացուցիչը անշուշտ չի բաւարարուիր Թուրքիոյ անհամաձայն ըլլալու յիշեցումով: Կը վերահաստատէ, որ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմը կը շարունակէ կարեւոր կայունացնող դեր ունենալ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, որուն հիմնական գործառոյթը հրադադարի եւ ռազմական գործողութիւններու դադրեցման վիճակի պահպանումն է: Հաշուի առնելով տարածաշրջանին մէջ շարունակուող լարուած իրավիճակը` անոր գործունէութիւնը աւելիով պահանջուած է: Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան պահպանումը կը բխի ինչպէս Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի, այնպէս ալ տարածաշրջանի երկիրներու, այդ շարքին նաեւ` Թուրքիոյ շահերէն: Ամէնէն անուղղակի ուղերձը սակայն հետեւեալ բաժնին մէջ ամփոփուած է: «Լաւ համակարգուած փոխգործակցութիւնը թուրք գործընկերներու հետ Աղտամի տարածաշրջանային ռուս-թրքական համատեղ կեդրոնի շրջանակներուն մէջ է»:
Աղտամի կեդրոնը տարածաշրջանային համագործակցութեան տարողութիւն ունի, որովհետեւ ռուս-թուրք համաձայնութեամբ կայացած համատեղ խաղաղապահ գործունէութիւն է: Էրտողանի զգուշացումը ուրեմն այդ համակարգուած տարածաշրջանային գործակցութեան հարուած է: Աւելի՛ն: Այս ձեւով Մոսկուայի ներկայացուցիչը կ՛ըսէ, թէ բացառապէս միայն ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի հեռացման խնդիր չի կրնար դրուիլ առանձին: Ռուսական զօրակազմի հեռացումը կ՛ենթադրէ նախ թրքական զօրախումբի հեռացում եւս, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային համագործակցութեան կեդրոնի չեղարկում:
Հիմա զգուշացումը Մոսկուան է, որ կ՛ուղղէ Անգարային: Չկայ ռուսական զօրակազմի հեռացում, այնքան ատեն որ լարուած իրավիճակ է. հեռացումի պարագային անիկա չի կրնար ըլլալ միակողմանի: Թրքական զօրախումբը եւս պէտք է ցտեսութիւն ըսէ Հարաւային Կովկասին, ուր մուտք գործած էր ռուսական համաձայնութեամբ:
«Ա.»