ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ 10 յուլիսի գիշերը յայտնեց. «Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երկուշաբթի օր համաձայն գտնուեցաւ Շուէտի` դաշինքին անդամակցութեան դիմումը ներկայացնելու թրքական խորհրդարանին»:
Սթոլթենպերկ Լիթուանիոյ մայրաքաղաք Վիլնիուսի մէջ Էրտողանի եւ Շուէտի վարչապետ Օլֆ Քրիսթերսոնի հետ բանակցութիւններէ ետք յայտնեց, որ Թուրքիոյ նախագահը համաձայն գտնուած է այդ դիմումը խորհրդարանին յղելու «կարելի եղածին չափ շուտ, եւ խորհրդարանին հետ աշխատանք տանելու վաւերացման երաշխաւորման համար»` աւելցնելով. «Պատմական օր մըն է»:
Հանդիպումի աւարտին հրապարակուած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ Թուրքիան ու Շուէտը սերտ կերպով պիտի աշխատին «ահաբեկչութեան դէմ պայքարը համակարգելու» եւ երկկողմանի առեւտրական կապերը ամրապնդելու, ինչպէս նաեւ «Շուէտ պիտի աջակցի Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հոլովոյթը աշխուժացնելու ջանքերուն, ներառեալ Եւրոպական Միութեան ու Թուրքիոյ միջեւ մաքսային միութիւնը արդիականացնելը եւ մուտքի արտօնագիրներու դրութեան չեղեալ նկատուիլը»:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն ողջունեց եռակողմ հանդիպումէն բխած հաղորդակցութիւնը, «Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի Շուէտի` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան արձանագրութիւնը արագօրէն վաւերացման համար խորհրդարանին յղելու յանձնառութիւնը», եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց Էրտողանի եւ Թուրքիոյ հետ աշխատելու` «ամրապնդելու պաշտպանութիւնը եւ եւրոատլանտեան շրջանի անվտանգութիւնը»:


