Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պրիւքսել Եւ Պերլին Կը Մերժեն Էրտողանի «Շուէտի` ՕԹԱՆ-ի Անդամակցութիւնը, Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան Անդամակցութեան Դիմաց» Պահանջը

July 12, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական յանձնաժողովը մերժեց Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի այն պահանջը, որ Շուէտի` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութիւնը ուղղակի կերպով կը կապէ իր երկրին` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան:

«Թուրքիան Եւրոպական Միութեան դրան առջեւ արդէն աւելի քան 50 տարիէ ի վեր կը սպասէ, եւ ՕԹԱՆ-ի գրեթէ բոլոր անդամները ներկայիս անդամ են Եւրոպական Միութեան: Այս կոչը կ՛ուղղենք այդ երկիրներուն, որոնք Թուրքիան աւելի քան 50 տարիէ ի վեր կը սպասցնեն Եւրոպական Միութեան դրան առջեւ: Եկէ՛ք ու բացէ՛ք Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան ճամբան: Երբ Թուրքիոյ ճամբան հարթէք, մենք Շուէտի ճամբան պիտի հարթենք, ճիշդ ինչպէս ըրինք Ֆինլանտայի համար», երկուշաբթի օր ըսած էր Էրտողան:

Եւրոպական խորհուրդը շատ արագ մերժեց այն գաղափարը, թէ Եւրոպական Միութեան անդամակցութիւնն ու ՕԹԱՆ-ի անդամակցութիւնը իրարու կապուած են` պնդելով, որ երկու հոլովոյթները «անջատ» են եւ «զուգահեռ» տեղի կ՛ունենան:

«Եուրոնիուզ» կը գրէ, որ թէեւ Եւրոպական Միութեան կառոյցները սերտօրէն կը գործակցին ՕԹԱՆ-ի հետ, որուն կեդրոնատեղին եւս Պրիւքսելի մէջ է, սակայն անոնք կը զգուշանան պատկերացումի ստեղծումէն, թէ երկու կազմակերպութիւնները որեւէ ձեւով կը համընկնին կամ զիրար կ՛ամբողջացնեն` նկատի ունենալով, որ Եւրոպական Միութեան երեք անդամներ` Իրլանտան, Աւստրիան եւ Մալթան ոչ յանձնառութեան սկզբունքին կը զօրակցին:

Եւրոպական յանձնաժողովի բանբերի տեղակալ Տանա Սփինանթ Էրտողանի յայտարարութենէն անմիջապէս ետք յայտարարեց. «Եւրոպական Միութիւնը ընդլայնման լաւապէս կառուցուած հոլովոյթ մը ունի` թեկնածու երկիր դառնալ ուզողներու կողմէ որդեգրուելիք շատ, շատ յստակ քայլերով: Չէք կրնար երկու հոլովոյթները իրարու կապել»:

Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլց իր կարգին արձագանգեց Եւրոպական յանձնաժողովի պատգամին եւ մերժեց երկու հոլովոյթներուն միջեւ կապ ստեղծելու Էրտողանի փորձը` նշելով, որ երկու հարցերը իրարմէ անջատ են:

«Ահա թէ ինչու, կը կարծենք, որ պէտք չէ զայն միատարր հարց նկատէք», ըսաւ Շոլց:

Նախորդը

Կարտինալ Փարոլին Յայտարարած Է Վատիկանի Եւ Պաքուի Հասարակաց Մօտեցումներուն Մասին

Յաջորդը

Թուրքիան Կը Համաձայնի Շուէտի` ՕԹԱՆ-ի Անդամակցութեան Դիմումը Ներկայացնելու Թրքական Խորհրդարանին

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.