Ազրպէյճանի եւ Վատիկանի միջեւ հիանալի կապեր կան: Ազրպէյճանի պետական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Վատիկանի` Ազրպէյճան այցելած պետական քարտուղար, կարտինալ Փիեթրօ Փարոլինը Կովկասի իսլամներու վարչութեան նախագահ շէյխուլ իսլամ Ալլահշուքիւր Փաշազատէի հետ հանդիպումի ժամանակ:
Ան նշած է, որ Ազրպէյճանի եւ Վատիկանի միջեւ բանակցութիւններ կը կատարուին միջկրօնական երկխօսութեան, համագործակցութեան եւ խաղաղութեան մասին: «Ես երախտագիտութիւն կը յայտնեմ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան կառավարութեան անդամներուն: Ս. Աթոռը եւ Ազրպէյճան նոյն դիրքորոշումը ունին մարդասիրական հարցերուն մէջ, յատկապէս անվտանգութեան եւ կայուն խաղաղութեան հարցերուն մէջ:
«Շրջանին մէջ մեր ներկայացուցչութիւնը շատ մեծ նշանակութիւն ունի: Որովհետեւ երկար տարիներու ընթացքին մեր դիւանագիտական յարաբերութիւնները խորացած են, եւ մենք միասնաբար աշխատած ենք ամուր գործընկերութեան, ներառեալ լուծման խաղաղ ուղիներու որոնման ուղղութեամբ: Անցեալ տարի մենք նշեցինք Ս. Աթոռի եւ Ազրպէյճանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակը», ընդգծած է Փարոլին:


