Եւրոպական խորհրդարանի գերմանացի երեսփոխան Մերլէ Սփելերպերկ եւ Երեւանի մէջ Գերմանիոյ դեսպանատան գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Էրիք Թինթրուփ 26 յունիսին այցելած են Ջերմուկի մէջ գտնուող Եւրոպական դիտորդական առաքելութեան հրամանատարական կեդրոն:
Եւրոպացի դիտորդները անոնց ներկայացուցած են ներկայ կացութիւնը, որմէ ետք պատուիրակութիւնը միացած է Երասխի մէջ պարեկութեան` այդտեղ կացութիւնը գնահատելու համար: Այս մասին կը նշուի Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան «Թուիթըր»-ի էջին վրայ:


