26 յունիսին Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզին ընդունած է Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վաղարշակ Յարութիւնեանը:
Մանրակրկիտ «դիրքորոշումներու յստակացում» կատարուած է երկկողմանի օրակարգի արդիական հարցերու, Բերձորի միջանցքին մէջ եւ ընդհանրապէս Արցախի շուրջ կացութեան զարգացումներու վերաբերեալ:
Վերահաստատուած է հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերեալ Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ 2020-2022 թուականներուն ձեռք բերուած համաձայնութիւններու ամբողջ շրջանակի խստիւ պահպանման կարեւորութիւնը:


