Երբ անդրադառնանք անցեալի եւ արդի ժամանակներու հայ ղեկավարներուն, հաւանաբար յիշենք Տիգրան Մեծը, Աշոտ Երկաթը, Լեւոն Մեծագործը, Արամ Մանուկեանը, Գարեգին Նժդեհը եւ ուրիշներ: Անվիճելի են իւրաքանչիւրին ստեղծագործութական միտքն ու տաղանդը: Ամէն մէկը, իր ժամանակաշրջանի պայմաններուն համաձայն, դարձաւ առաջնորդ իր ազգին եւ կերտիչ` իր պետութեան: Բայց որքա՞ն են այն ղեկավարները, որոնք թաքնուած մնացած են հայոց պատմութեան էջերուն մէջ եւ չեն ստացած իրենց արժանի գնահատանքը այս կամ այն պատճառով: Գրի առնուած ու մեզի հասած հայոց պատմութեան մէջ կան նմանօրինակ դէմքեր, եւ յանուն արդարութեան` պարտաւոր ենք ոչ միայն անոնց յիշատակը կենդանացնելու եւ անունները անմահացնելու, այլ նաեւ մեր այսօրուան ղեկավարները օրինակ պէտք է առնեն անոնցմէ: Ասով ալ կը ճշդուի մեր նախաձեռնած «Անտեսուած ղեկավարներ» ենթախորագիրով յօդուածաշարքին նպատակը:
Քաղաքական իրապաշտ մօտեցումը, որ ո՛չ ընկեր եւ ո՛չ ալ բարեկամ կը ճանչնայ, այլ` միայն սեփական շահ, արտաքին քաղաքականութեան ամէնէն ընդհանրացած մօտեցումներէն մէկն է միջազգային յարաբերութեանց ծիրին մէջ: Մաքիավելլիի «Նպատակը կ՛արդարացնէ միջոցը» սկզբունքը, Հոփսի «Մարդու չարաբարոյութեան» համոզումը, Թուկիդիդէսի «Միայն ռազմական ուժի միջոցով խաղաղութիւն կը հաստատուի» հաւատամքը եւ ուրիշներու այլ միտքերն ու գաղափարները կը նպաստեն իրապաշտ, ոչ զգացական, բարոյական դաւանանքային մօտեցումով քաղաքականութեան որդեգրման: Կարիք չկայ այստեղ յիշատակումներ կատարել մեր ներկայէն, քանզի պատկերը բաւարար չափով պարզ է: Ներկայիս ղեկավարութիւն ստանձնած շատ անձեր կը ներկայացնեն իրապաշտ քաղաքականութեան դպրոցը:
Կիլիկիոյ կարգ մը իշխանապետներու եւ թագաւորներու կողքին, Մլեհ իշխանապետը, որ երկաթեայ բազուկով ղեկավարեց իշխանապետութիւնը 1169-1175 թուականներուն միջեւ, եզակի այն դէմքերէն էր, որ տիրապետած էր իրապաշտ եւ երկրին շահերուն վրայ հիմնուած մօտեցումին: Առարկայական արժեւորում ունենալով Մերձաւոր Արեւելքի ուժերուն նկատմամբ (Բիւզանդական կայսրութիւն, Սելճուքեան սուլթանութիւն, Հալէպի աթաբէկութիւն, խաչակրական իշխանութիւններ…), շատ լաւ ճանչնալով իր պետութեան կատարեալ ազատութեան ու անկախութեան ձգտումի խոչընդոտ եւ արգելք հանդիսացող քաղաքական ուժերն ու պետութիւնները (մասնաւորապէս Բիւզանդիան), ինչպէս նաեւ իմանալով իր սեփական կարողութիւնները` Մլեհ իշխանապետը արտաքին ու ներքին յեղափոխական քաղաքականութիւն վարեց իր կարճ, բայց չափազանց կարեւոր իշխանութեան տարիներուն:
Մլեհ իշխանապետին ներքին քաղաքականութիւնը բնորոշուած էր հետեւեալ իրագործումներով.
1.- Կեդրոնացեալ իշխանութեան հաստատում, որուն նպատակով արտաքսեց եւ նեղեց Կիլիկիոյ ազնուական դասակարգի բազմաթիւ ներկայացուցիչներ` զրկելով զանոնք զօրութեան ու հարստութեան աղբիւրներէն, ազգայնացնելով կալուածները: Առաւել, ան կառուցեց Սիս քաղաքը 1173-ին` իբրեւ մայրաքաղաք իր իշխանութեան:
2.- Ինքնիշխանութեան հաստատում, որուն նպատակով վտարեց օտար ազգերու, մասնաւորապէս միաբանական-ասպետական խմբաւորումները (Տաճարականները եւ ուրիշներ):
3.- Եկեղեցւոյ դերակատարութեան չէզոքացումը քաղաքական կեանքին մէջ` լուրջ սահմանափակումներ հաստատելով կղերականներու աշխատանքներուն մէջ:
Իսկ արտաքին քաղաքականութեան մէջ ան կեդրոնացաւ հետեւեալ կէտերուն վրայ.
1.- Ռազմավարական դաշնակցային յարաբերութիւններ մշակեց մահմետական պետութիւններուն հետ, մասնաւորապէս Հալէպի տիրակալ Նուրէտտին Զինքի էմիրին եւ սելճուքներուն հետ` ընդդէմ խաչակրական պետութիւններուն եւ Բիւզանդական կայսրութեան, որոնց դէմ պայքարելով` ձեռք պիտի բերէր իր իշխանութեան կատարեալ անկախութիւնը:
2.- Պատեհ առիթները օգտագործելով` մարտեր մղեց խաչակրական իշխանութիւններուն ու բիւզանդացիներուն դէմ եւ յաջողութեամբ կրցաւ ընդարձակել իր իշխանութեան տարածքները, մասնաւորապէս` դաշտային Կիլիկիոյ եւ ծովեզերեայ շրջաններուն մէջ:
3.- Ռազմական եւ քաղաքական յաջողութիւններուն բերումով, Կիլիկիոյ իշխանապետութիւնը գործնապէս դարձաւ անկախ պետութեան դերակատարութիւն վարող` ձերբազատելով Բիւզանդական կայսրութեան հովանիէն եւ դառնալով Միջերկրականի արեւելեան հատուածին մէջ կշիռ ներկայացնող ուժ:
Դժբախտաբար Մլեհի ղեկավարութիւնն ու գործելաոճը անմարսելի էին բազմաթիւ հայ ազնուականներու եւ կղերականներու համար, մանաւանդ ինչ կը վերաբերի իր համագործակցութեան եւ դաշնակցային յարաբերութիւններուն մահմետական պետութիւններուն հետ, ինչ որ բաւարար պատճառ եղաւ իր սպանութեան եւ Կիլիկիոյ պատմութեան փառաւոր էջերէն մէկուն փակման:
Իբրեւ եզրակացութիւն` նշենք, որ Մլեհ իշխանապետը կը մարմնաւորէ քաղաքական այն ճկուն տիպարը, որ պատրաստ է ամէն տեսակ քաղաքական կողմնորոշումի, եթէ պետութեան բարձրագոյն շահը այդ մէկը պահանջէ, նոյնիսկ եթէ այդ մէկը նշանակէ արմատական փոփոխութիւն եւ անջատում անցեալին որդեգրուած ռազմավարութենէն:
Երկրի շահն է միակ անփոփոխը, իսկ մնացած բոլորը ընթացիկ են եւ ժամանակաւոր:



