Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հա՛րկ Է, Որ Եկեղեցին Տագնապի Տագնապիլը Գործելու Զսպանակն Է

June 26, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԶԱՒԷՆ ԽԱՆՃԵԱՆ
Գործադիր տնօրէն` Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան

Տագնապիլը Գործելու Զսպանակն Է

Հրանդ Միհրան Կիւզելեան բարեպաշտ եւ հաւատացեալ անձ մըն էր: Իր հաւատքի խարիսխը նետած է Պոլսոյ Կէտիկ-Փաշայի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ դպրոցի եւ նախակրթարանի դասարաններուն մէջ: Կանուխ տարիքէն վայելած է հոգատարութիւնը կրթական եւ եկեղեցական գործիչ, հայերէնի, հայ եկեղեցւոյ, մշակոյթի եւ պատմութեան ջահակիր փրոֆ. Եղիա Քասունիի` իր մէջ արմատացնելով ազգային գիտակցութեան եւ քրիստոնէական հաւատքի անխարդախ նկարագիր մը:

Կիւզելեան, քսան տարեկան հասակին զինուորագրուելով, կը մտնէ թրքական բանակի ծառայութեան մէջ` ուղղուելով ներքին գաւառներ, ուր 42 ամսուան ընթացքին ականատես կը հանդիսանայ հայ ժողովուրդի կորսուած, աւերուած եւ թալանուած դարաւոր ժառանգութեանց, ինչպէս նաեւ` մնացորդացի բեկորներու ստուերային կեանքին, «հայ ծնած ըլլալու ամօթին», հալածանքին, հետապնդումին, անարգանքին: Իմացած էր, որ` «Թոգատի մէջ հայատեաց փաշա մը խստիւ արգիլած է հայերէնը` սպառնալով, որ հայերէն խօսողին լեզուն կը կտրէ»: Իմացած է, որ`  «Հայ կաթողիկէ եկեղեցի մը կար… զէնքի մթերանոց էր, եւ ի՛նչ զարմանք, որ պահակները հայ էին: Պոլսեցի հայ զինուոր մը ըսաւ. «Սնտուկներով ռազմական նիւթերը մենք կրեցինք եւ տեղաւորեցինք եկեղեցիին մէջ, խորանին ետին գետինը կափարիչ մը կար, երբ բացինք, գանկերով լեցուն էր»:

Կիւզելեանի զինուորական ծառայութեան շրջանի մղձաւանջի տեսիլքը, «գրաւելով, իւրացնելով, նախատելով, ամենատարրական իրաւունքներէ` լեզուէն, հաւատքէն եւ մշակոյթէն  մեզ զրկելով ազգը բնաջնջելու» ոճիրի գեհենական անդրադարձը զինք կը մղեն տագնապելու. «Ես ի՞նչ կրնամ ընել, իմ բաժինս բերել ազգիս մնացորդացին օգտակար ըլլալու»: Բան մը պէտք է ընեմ»-ի տագնապը կը կլանէ իր ամբողջ էութիւնը:

Կիւզելեան բան մը ըրաւ: Մե՛ծ բան մը:

Հետեւելով մեր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի պատուիրանին (Մատթ. 16:24), Կիւզելեան ետին ձգեց իր արհեստն ու մասնագիտութիւնը, ուրացաւ իր արուեստն ու երգեցողութեան տաղանդի կարողականութիւնը եւ վերցնելով խաչը` իր կեանքը նուիրեց փրկելու Արեւմտահայաստանի տարածքին գտնուող իսլամացած, քրտացած եւ կամ իսլամանալու վտանգին տակ գտնուող հարիւրաւոր պարման-պարմանուհիներ հաւաքելով զանոնք նախ Կէտիկ Փաշայի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ նկուղին մէջ, ապա աւետարանչականի ալ օգնութեամբ, Թուզլայի «Քեմբ Արմէն»-ի հրաշք «Աթլանտիսի»-ն: Այդ փրկուածներէն ամէնէն հանրածանօթ սանը հանդիսացաւ հայ ազգի նահատակ հերոս Հրանդ Տինքն ու անոր կողակից Ռաքել Տինքը:

Երեսունհինգ տարիներ առաջ Հայաստանի աղէտալի երկրաշարժի մարդկային եւ ազգային ողբերգութեան գոյժը յեղաշրջեց հաւատացեալ եւ աստուածավախ ամերիկահայ ընտանիքի մը Պոսթընի հանգստաւէտ տան խաղաղ մթնոլորտը` մղելով տագնապած տանտիկինը իր կողակիցին ուղղելու աղերսալի, բայց վճռակամ կոչ մը` «Բա՛ն մը պէտք է ընենք»:

Յաջորդող քանի մը շաբաթներու ընթացքին «Բան մը պէտք է ընել»-ու կամքը, վճռակամութիւնը եւ յանձնառութիւնը իրականացուցին Պաղ պատերազմի ճակատող կողմերու միջեւ հրաշալի, անզուգական եւ աներեւակայելի գաղտնի գործակցութեան ծրագիր մը, որուն արդիւնքը եղաւ միլիոնաւոր տոլարներու արժողութեամբ բժշկական սարքաւորումներու, բժիշկներու եւ մասնագէտներու հերթական տեղափոխութիւնը ամերիկեան զինուորական խարիսխներէ դէպի Երեւան, սաւառնած խորհրդային օդանաւերու վրայ, որոնք առաջին անգամ ըլլալով էջք կը կատարէին ԱՄՆ-ի զինուորական խարսիխներու մէջ: Այդ տագանապահար` «Բան մը ընող»-ներու օղակը կը բոլորէր Պոսթընի զոյգէն սկսած, Harvard եւ Yale համալսարաններու ֆութպոլի խումբերու վրայ իրարու դէմ ճակատող Baxter International-ի նախագահը եւ այդ օրերու ԱՄՆ-ի ազդեցիկ քաղաքական գործիչ եւ տանտիրոջ ծանօթ ազդեցիկ ծերակուտական մը:

Վերոյիշեալ երկու օրինակները կենդանի վկայութիւններ են, որ բարեգործութեան համար տագնապիլը, Աստուծոյ սիրոյն վրայ խարսխուած հաւատքի բնական արդիւնքն է:

Մալխասեան «Հայերէն բացատրական բառարան»-ին մէջ հետեւեալ բացատրութիւնը կը կարդանք «տագնապ» գոյականին. «Գործերու լարուած` վտանգաւոր դրութիւն, որ պէտք է լուծուի այս կամ այն կողմ»:

«Բան մը պէտք է ընել»-ը տագնապիլ կը պարտադրէ, իսկ տագնապիլը քրիստոնէական հաւատքի վրայ հիմնուած` մարդ արարածի Աստուծոյ սիրոյն հայելին դառնալն է, հոգալով իր համակարգի վրայ գտնուող Աստուծոյ ստեղծած զաւակները:

Տագնապելու բացակայութիւնը անտարբերութիւնն է: Անտարբերութիւն, որ կը յիշեցնէ Լաւոդիկէի եկեղեցիին գրուած նամակը, ուր կ՛ըսէ Յայտ. Յովհ. 3:15-ի մէջ, «Գիտեմ քու գործերդ, որ ոչ պաղ ես ու ոչ տաք. Երանի թէ պաղ ըլլայիր կամ տաք»:

Մարդկային կեանքի եւ գոյութեան էութիւնը նուէրն է Աստուծոյ սիրոյն եւ ստեղծագործութեան: Աստուած ամբողջացուցած է հրաշքը: Ես եւ դուն կոչուած ենք ըլլալու այն ամէնօրեայ լոյսը, որ կը բացայատէ եւ կը ծաւալէ` աստուածային ճշմարտութիւնները, ստեղծագործութեան հրաշքը, Քրիստոսի մարդեղացումի պատգամը, անոր մահուան գնով վճարուած մեղքերու թողութիւնը, փրկութեան խոստումը եւ Իր գծած ճանապարհին վրայ մեր ուղեւորութիւնը:

Ահաւասիկ` իր գծած ճանապարհէն օրինակ մը: Մատթ. 4:16-ի մէջ Յիսուս կ՛ըսէ. «Այնպէս թող լուսաւորուի ձեր լոյսը մարդոց առջեւ, որ տեսնեն ձեր բարի գործերը ու փառաւորեն ձեր Հայրը, որ երկինքն է»:

Աստուածաբանական համոզում է, որ փրկութիւնը Աստուծոյ շնորհքին պտուղն է եւ ոչ` մեր գործերուն վարձատրութիւնը: Բայց զգուշ, ոչ մէկ քրիստոնեայ չպահուըտի այս հաստատումի քողին ետին եւ ծուլութեամբ ու բացասական կեանքի ընթացքով եւ  առանց գործելու ակնկալէ Աստուծոյ շնորհքով պարգեւուած յաւիտենական կեանքը: Յակոբոս առաքեալ, առանց բառերը ծամծմելու, կը հաստատէ այս երկրորդ գլխու 14-րդ համարին մէջ. «Ի՞նչ օգուտ է, եղբայրներս, եթէ մէկը ըսէ, թէ հաւատք ունի ու գործ չունենայ»:

Մարդկային ցաւը, տառապանքը, նեղութիւնը, մեղքը, անարդարութիւնը վիճակներ են, որոնք հաւատացեալ մարդ արարածը մղելու են տագնապելու, որուն արդիւնքը բարիքի ծննդոցն է:

Տակաւին աւելի յստակացնելու համար գործելու եւ գործերու կարեւորութիւնը` դիմենք մարդեղացած Աստուծոյ` Քրիստոսի, երկրի վրայ ապրած կեանքի օրինակին:

Ի՜նչ զարմանահրաշ են Քրիստոս Յիսուսի կատարած հրաշքները իր մարդեղութեան շրջանին: Աւետարանները նուազագոյնը 37 հրաշքներ կը յիշատակեն, եւ այս փոքր տոկոսը կը նկատուի Քրիստոսի գործած հրաշքներուն: Յիսուս բժշկեց հիւանդները, ջուրը գինիի վերածեց, մեռելները կեանքի կոչեց եւ երկու ձուկով եւ հինգ նկանակով հազարաւորներ կերակրեց: Յիսուս տագնապեցաւ անոնց վիճակով եւ իր սիրոյն ու հոգածութեան ծիրին մէջ ներառեց ընկերութեան լուսանցքի վրայ գտնուող մերժուածները, մեղաւորները, լքեալները: Իսկ մենք կոչուած ենք ի՞նչ ընելու այս աշխարհի տառապեալներուն, տանջուածներուն, զրկուածներուն, հալածուածներուն, կարօտեալներուն:

Յիսուս նոյնիսկ իր աստուածային առաքելութեան կատարելագործումի նախօրեակին, սպասումի նկարագրութեան մէջ կ՛ըսէ` Աւետարան ըստ Ղուկասի 12 գլխու 50-րդ համարին մէջ. «Բայց մկրտութիւն մը ունիմ մկրտուելու եւ ինչպէս կը տագնապիմ, մինչեւ կատարուի»: Քրիստոս իսկ մեր փրկութեան համար իր գերագոյն զոհողութեան պատրաստութեան նախօրեակին կ՛ապրի տագնապի արհաւիրքը որպէսզի հասնի իր առաքելութեան յաջող կատարելագործումին:

Մեր կեանքի եւ ստեղծագործութեան աղբիւրի եւ հաւատքի կռուանին` մարդեղացած Աստուծոյ կեանքի օրինակին հետեւելու ընտրութենէն երկընտրանք չունինք: Հաւատքի կիրարկումն է աստուածային բարիքի եւ սիրոյ լոյսի ցոլացումը` մեր շուրջ գտնուող մարդկութեան մինչեւ աշխարհի բոլոր ծագերը:

Հաւատքը ինծի չի թոյլատրեր հաճոյանալ փրկութեան խոստումի պատեանին մէջ` առանց ապրելու Քրիստոսի տագնապը եւ ընդօրինակելու իր սէրը, զոհողութիւնը, հոգատարութիւնը, աշխատանքը, քրտինքը եւ նոյնիսկ անարգանքը:

Խորունկ եւ արմատացած հաւատքը զսպանակն է աստուածային սիրոյ հայելին հանդիսացող մարդկային սիրոյն եւ տագնապին, որուն բնական եւ արդար պտուղն է գործը:

Եկեղեցին չի կրնար գաղջ մնալ:

Եկեղեցին չի կրնար հանդարտ մնալ:

Հարկ է տագնապիլ սիրելու համար:

Հարկ է տագնապիլ փրկելու համար:

Հարկ է տագնապիլ գործելու համար:

Հարկ է տագնապիլ կատարելագործելու համար:

Եկեղեցին` Քրիստոսի մարմինն է: Եկեղեցին մենք ենք, ես եւ դուն: Իր առաքելութիւնը կատարելապէս իրագործելու համար հարկ է, որ Եկեղեցին տագնապի:

 

 

Նախորդը

Երջանկութեան Արուեստը

Յաջորդը

Մաուրօ Իքարտի Շատ Հաւանաբար Միանայ Եուվենթուսին

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.