ԱՐՄԷՆ ԱԲՂ. ԳԱԼԱՃԵԱՆ
Երջանկութիւնը, մտաւոր-զգացական վիճակ մըն է, որ կը բնորոշուի դրական կամ հաճելի արտայայտութիւններով, որոնք իրենց հերթին կը յառաջացնեն բաւարարուածութեան վիճակ մը:
Կենսաբանական, հոգեբանական, կրօնական եւ փիլիսոփայական զանազան մօտեցումներ փորձած են սահմանել երջանկութիւնը եւ բացայայտել անոր աղբիւրը: Հետազօտական տարբեր խումբեր փորձած են գիտականօրէն պատասխանել այն հարցին, թէ ի՞նչ է երջանկութիւնը եւ ինչպէ՞ս կարելի է հասնիլ անոր: Երջանկութիւն եզրը այնքան զօրաւոր սկզբունքային դեր ունի մարդկութեան համար, որ «կեանքը, ազատութիւնը եւ երջանկութեան հետապնդումը» կը համարուին Միացեալ Նահանգներու Անկախութեան հռչակագիրին յաւերժական հնչիւնը:
Փիլիսոփայական եւ կրօնական դաշտին մէջ երջանկութիւնը սահմանուած է իբրեւ բարեկեցիկ ապրելաձեւ, եւ ոչ` սովորական զգացում:
Արդարեւ, մարդ երջանկութեան կոչումով ստեղծուած է եւ իր իսկ սայթաքումով կորսնցուցած է զայն: Ուրեմն երջանիկ ըլլալու համար նախ պէտք է փնտռել զայն, ինչպէս մարդ կը փնտռէ, կ՛որոնէ իր կորսնցուցած որեւէ մէկ արժէքը:
Երջանկութեան նախապայմանը պարզութեան, չափաւորութեան եւ պէտք եղածով գոհանալու մէջ է:
Ադամին եւ Եւային պատմութեան բոլորս ալ քաջատեղեակ ենք: Երբ Աստուած ստեղծեց Ադամն ու Եւան, անոնք սովորական արարածներ չէին, այլ Աստուծոյ բարիքները կը վայելէին, երջանիկ էին, դրախտը իրենց համար երջանկութեան կեդրոնն էր: Քրիստոնէական հասկացողութեամբ, երջանիկը այն անձն է, կամ երջանկութիւնը այն է, երբ մարդ իր ներաշխարհին մէջ ունի զՔրիստոս, զԱյն կ՛ապրի իր ամէնօրեայ կեանքին մէջ, ամէն երկվայրկեան եւ ամէնուրեք: Բնական է, որ բոլորս ալ տագնապներ, դժուարութիւններ եւ ահազանգային վիճակներ կ՛ապրինք, սակայն երբ Երջանկութեան աղբիւրը ունինք մեր մէջ, այսինքն` զՔրիստոս, կը նշանակէ, որ այդ բոլոր դժուարութիւնները ձմրան նման կու գան ու կ՛երթան: Առաքեալները լաւագոյն օրինակներն են մեր ամէնօրեայ կեանքին մէջ: Անոնք չարչարուեցան յանուն Քրիստոսի, բայց երբեք իրենց երջանկութիւնը չկորսնցուցին, այլ երջանկութեամբ եւ համբերութեամբ դիմագրաւեցին իրենց դէմ ելած բոլոր դժուարութիւնները եւ զանազան տանջանքներ կրելով` նահատակուեցան երջանկութիւն պարգեւող Քրիստոսին համար:
Երջանկութիւնը միայն նիւթական առումով պէտք չէ հասկնալ, այդ տիպի երջանկութիւնը կը նմանի մոմի, որ կը վառի, ապա կը սպառի ու կը հալի: Նոյնն է պարագան աշխարհիկ երջանկութեան. աշխարհէն եկած երջանկութիւնը վաղանցուկ է, գնայուն է եւ ոչ` մնայուն, աշխարհիկ երջանկութիւնը սատանային կողմէ մեզի փոխանցուած չար միտքերն են, չար մտածումները, որոնք պատճառ կը դառնան մեր շրջապատին կործանման եւ մարդոց միջեւ անհամաձայնութեան: Նիւթէն ու աշխարհէն եկած երջանկութիւնը յաւիտենական չէ, այլ գնայուն է, ինչպէս վերը ըսի: Մենք` իբրեւ Աստուծոյ պատկերին համաձայն ստեղծուած արարածներ, բոլորս ալ հրաւիրուած ենք Աստուծոյ ներկայութեամբ ցնծալու եւ Անոր մօտ ըլլալով երջանկանալու, այնպէս` ինչպէս Դաւիթ մարգարէն իր սաղմոսներուն մէջ կ՛ըսէ. «Քու մօտդ ըլլալը ինծի երջանկութիւն է»: Եթէ կ՛ուզես երջանիկ ըլլալ, Աստուծոյ քով գնա՛, դուռը թակէ եւ Իր անունը կանչէ:
«Մարդու կեանքին երջանկութեան աղբիւրը սէրն է: Սէրը, որ կեանքով ու գործով կ՛արտայայտուի, ծառայութեամբ ու բարիքով կը մարմնանայ եւ, ի հարկին, խաչով կը կնքուի» (Գարեգին Ա. Սարգիսեան): Քրիստոնեային համար երջանկութիւնը սէրն է, սէրէն է, որ կը բխի երջանկութիւնը: Եթէ սէր չունինք, երջանիկ չենք կրնար ըլլալ, ոչ ալ կրնանք երջանկացնել մեր շրջապատը: Երջանկութիւնը, ըստ Քրիստոնէական կրօնին, մեր եսէն դուրս գալն է, եսասիրութեան եւ ագահութեան նշոյլները վանելն է մեր ներաշխարհէն: Եսէն դուրս գալով` երթալ ուրիշին: Քրիստոս Իր երկրաւոր եռամեայ առաքելութեան ընթացքին գնաց ուրիշին, ինքզինք հրամցուց ուրիշին, երջանկացուց հոգիները, միտքերն ու սիրտերը: Մեր Տէրը միշտ ալ երջանիկ էր, եւ մեզի պատուիրեց երջանիկ մնալ, սակայն այդ երջանկութիւնը մեզի տրուած է Աստուծոյ կողմէ, եւ անիկա յաւիտենական երջանկութիւն է եւ ոչ մէկ ձեւով` նիւթականի հետ առնչուած:
Աշխարհիկ, ժամանակաւոր երջանկութիւնը մարդ իր կեանքին ընթացքին մէջ միշտ ալ կ՛ապրի, սակայն այդ երջանկութիւնը մարդս երանութեան չի հասցներ, որովհետեւ վաղանցուկ երջանկութիւնը կը մնայ աշխարհի վրայ, որ սահմանափակուած է մարդկային երկրային կեանքին մէջ: Անսահման ուրախութեան եւ կեանքի միակ «բալասանին» մասին խորհելով` շատեր իրենց երջանկութիւնը կը փնտռեն նիւթական հարստութեան մէջ: Անոնք կ՛ըսեն, որ դրամը կեանքի բանալին է. հաւանաբար նիւթականը կրնայ մարդուն լաւ կեանքի պայմաններ ընձեռել, զինք առերես բոլորին սիրելի դարձնել, ժամանակաւորապէս ու մակերեսայնօրէն երջանկացնել, սակայն բնաւ չի՛ կրնար հոգեկան երջանկութիւն ապահովել:
Ճշմարիտ երջանկութիւնը երկնային երջանկութիւնն է, որ «երանութիւն» է` մնայուն եւ տեւակա՛ն: Ուստի ճշմարիտ երջանկութեան բաղձանքը կ՛ազատագրէ մարդը այս աշխարհի ինչքերուն փարումէն եւ զայն կը կատարելագործէ Աստուծոյ տեսութեան եւ երանութեան մէջ: «Աստուած տեսնելու խոստումը կը գերազանցէ ամէն երանութիւն: Աստուածաշունչին լեզուով, տեսնելը ունենա՛լ է: Աստուած տեսնողը արդէն ընդունած է ամէն բարիք, զոր կարելի է պատկերացնել», կ՛ըսէ Ս. Գրիգոր Նիւսացին: Երանութիւն կը նշանակէ երջանկութիւն, երանութիւնը աւելի գերադաս է, քան` երջանկութիւնը: Սակայն մէկը միւսը կ՛ամբողջացնէ:
Երջանկութիւնը կարելի է դիտել գիտական ակնոցով: Գիտնականներ կ՛ըսեն, որ երջանկութեամբ մարդ արարածին կեանքը առաւել երկար կը դառնայ: Երջանկութեամբ մարդ արարածը իր բոլոր անձկութիւնները, դժուարութիւնները, տառապանքները, վիշտերն ու ցաւերը կը վանէ իր ներաշխարհէն ու զանոնք մոռացութեան կ՛ենթարկէ: Այս արդիականցած աշխարհին մէջ մարդիկ եւ ի մասնաւորի գիտնականներ տարբեր ընկալումներ ունին երջանկութեան շուրջ: Գիտնականներուն մէկ մասը երջանկութիւնը կը բաժնէ քանի մը բաղկացուցիչներու, ինչպիսիք են բարեկեցութիւնը եւ կեանքի որակը: Ուրիշներ երջանկութիւնը կը սահմանեն իբրեւ գոհունակութիւն: Երջանկութեան համաշխարհային զեկոյցի մը ընթացքին, կ’ըսուի, որ երջանկութեան ընկալման հիմնական տարբերութիւնները կախեալ են մտաւոր, զգացական եւ աշխարհիկ տեսակէտներէ: Երջանկութիւնը մարդուն ներաշխարհին վրայ շատ մեծ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ: Այն իմաստով, որ անոր առողջութեան վրայ կրնայ հսկայ, սակայն դրական ազդեցութիւն ունենալ:
Երբեմն կը տեսնենք կամ կը հանդիպինք մարդոց, որոնք կը ջանան միշտ երջանիկ ձեւացնել իրենք զիրենք, սակայն ներքուստ կը տառապին եւ կը տագնապին: Իսկ ուրիշներ ալ երջանկութիւնը մինչեւ գագաթնակէտ կ՛ապրին եւ կ՛ապրեցնեն այլոց կեանքին մէջ:
Երջանկութիւնը տեսակ մը մարդկային կեանքի վերացումն է դէպի այլ աշխարհ մը, ուր ցաւ, վիշտ, տառապանք ու նեղութիւն գոյութիւն չունին: Այլ միշտ գոյ են երջանկութիւնը, զուարթ ու սպիտակ պատկերները: Երջանկութիւնը, մարդուն ներաշխարհը փոխելով հանդերձ, անոր տարբեր հորիզոններ նայելու ուժը կու տայ: Երջանկութիւնը սիրել կը սորվեցնէ, համբերատար ըլլալ կը սորվեցնէ ենթակային: Անոր նոր աչքեր պարգեւելով` իր շուրջի յարուցած հարցերը կրնայ շատ պարզ եւ դրական կերպով լուծել:
Երջանկութեան եւ ուրախութեան միջեւ տարբերութիւն դնելը քիչ մը դժուար է: Սակայն կրնանք փոքր տարբերութիւն մը ըսել, որ երջանկութիւնը յաւիտենական է, մինչ ուրախութիւնը ժամանակաւոր: Ուրախութիւնը սրընթաց գնացքի պէս կու գայ ու կ՛երթայ եւ կարճ ժամանակուան մը համար իր հետքը կը ձգէ եւ կ՛անհետանայ: Մինչդեռ երջանկութիւնը մարդուն ներաշխարհը կը փոխէ:
Երջանկութիւնը ժամանակաւոր է եւ խաբուսիկ, երբ ցնորական հաճոյքներու մէջ կը փնտռենք զայն, անոնք մարդս երբե՛ք երջանիկ չեն ըներ, թերեւս անհատը պահ մը երջանիկ կը կարծէ ինքզինք, գոհունակ կը զգայ իր վիճակէն, բայց երբ կեանքի իրողութիւններուն դէմ յանդիման գայ, շուտով կը հասկնայ, կ՛անդրադառնայ, որ այդ ժամանակաւոր վիճակը «երջանկութիւն» չէ՛, այլ` ուրախութիւն: Տարբերութիւնը հետեւեալն է` ուրախութիւնը վաղանցուկ բան մըն է, մինչ երջանկութիւնը` յաւիտենական: Անիկա երբ արմատաւորուի մարդուն ներաշխարհին մէջ, որեւէ ուժ չի կրնար զայն արմատախիլ ընել հոնկէ:
Արիստոտէլի կարծիքով, գերագոյն երջանկութիւնը մարդու գիտակից եւ հայեցողական կեցութիւնն է, զոր կը դրսեւորուի տարբեր իրավիճակներու եւ դէպքերու ընթացքին: Բոլորն ալ կը ձգտին երջանկութեան, բայց յաճախ իրենց կեանքի ճանապարհին ընթացքին կանգ կ՛առնեն եւ փոքր յաջողութեամբ, ձեռք բերումով կը կարծեն, որ արդէն հասած են իրենց կեանքի գերագոյն երջանկութեան, սակայն իսկութեան մէջ բուն երջանկութենէն շա՜տ հեռու են: Արիստոտէլի սահմանումով, երջանկութիւնը եռանդ է, շարժում, ընթացք, գործող ուժ է եւ բանականութեամբ առաջնորդուող առաքինութեան դրսեւորում է:
Երջանկութեան խորհուրդը լաւագոյնս ըմբռնելու համար թերեւս լաւ կ՛ըլլայ յիշել եւ վերաքննութեան ենթարկել այն արգելքները, որոնք մեր երջանկութիւնը կ՛արգելափակեն:
Երջանկութեան գաղտնիքը կրնանք գտնել կարդալով Մատթէոսի Աւետարանին եօթներորդ գլխուն եօթներորդ համարէն մինչեւ տասներկուերորդ համարը:


