Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լուազօ. «Մեր Աչքերով Տեսանք Ազրպէյճանի Կողմէ Լաչինի Միջանցքի Ամբողջական Եւ Ապօրինի Փակումը»

June 23, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական խորհրդարանի պաշտպանութեան ենթայանձնախումբի պատուիրակութիւնը եւրոպացի դիտորդներու հետ 21 յունիսին այցելեց Սիւնիք: Դիտորդները պարեկութիւն կատարեցին Արցախը Հայաստանին կապող Բերձորի միջանցքին մօտ:

Վերոնշեալ ենթայանձնախումբի նախագահ Նաթալի Լուազօ եւ Եւրոպական խորհրդարանի ապահովութեան եւ պաշտպանութեան ենթայանձնախումբի պատուիրակութիւնը Սիսիանի օդակայանին մէջ ընդունուեցան Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան ղեկավար Մարքուս Ռիթըրի եւ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Անտրէա Վիքթորինի կողմէ, եւ միասին մեկնեցան Բերձորի միջանցք, ուր իրենց աչքերով տեսան կացութիւնը:

Օրուան աւարտին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Լուազօ ըսաւ, որ Բերձորի միջանցքի փակումը ապօրինի է եւ պէտք է դադրեցուի` վերահաստատելով Եւրոպական խորհրդարանի դիրքորոշումը այդ միջանցքի փակման հարցով:

Ան նշեց, որ Հայաստան կ՛այցելեն` իրենց օժանդակութիւնը յայտնելու ժողովրդավարական գործընթացներուն եւ բարեփոխումներուն, որոնց ականատես կ՛ըլլան, ինչպէս նաեւ խաղաղութեան միտուած բոլոր այն ջանքերուն, որոնք ուղղուած են դրացի Ազրպէյճանի հետ խաղաղութիւն հաստատելու գաղափարին:

«Մենք ուզեցինք անձամբ հաւաստիանալ եւ գնահատել իրավիճակը եւ նաեւ տեսնել, թէ ինչպէ՛ս կը գործէ Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական առաքելութիւնը, որ արդէն չորս ամիսէ ի վեր կ՛աշխատի սահմանին վրայ: 20 յունիսին, Երեւանի մէջ ունեցանք հանդիպումներ պաշտօնեաներու հետ, որոնց կարգին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ այլ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու: Այսօր այցելեցինք Գորիս, հանդիպում ունեցանք Սիւնիքի մարզպետին, Գորիսի համայնքապետին, Հայաստանի մէջ տեղակայուած Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչներու հետ եւ անոնց հետ զրուցեցինք 44-օրեայ պատերազմին եւ Բերձորի միջանցքի փակման մասին: Նաեւ մօտեցանք Բերձորի միջանցքի մուտքին եւ մեր աչքերով տեսանք Ազրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի ամբողջական եւ ապօրինի փակումը: Լսեցինք զինուած միջադէպերու աճող քանակին եւ Հայաստանի գերիշխան տարածք ներխուժման մասին: Տեղեկացանք Երասխի միջադէպին մասին, որուն թիրախ դարձան քաղաքացիներ: Մենք նաեւ տեղեկացանք Բերձորի միջանցքի մուտքին մօտ տեղի ունեցած միջադէպին մասին, երբ ազրպէյճանցիները փորձեցին դրօշակ բարձրացնել: Ես կ՛ուզեմ յղել խիստ ուղերձ մը, որ որքա՛ն ալ Հայաստան նուիրուած է խաղաղութեան, Ազրպէյճան պարտաւոր է ապացոյցներ ներկայացնել առ այն, որ ինք եւս նուիրուած է խաղաղութեան: Եւրոպական Միութիւնը ջանք կը թափէ, որպէսզի դիւրացնէ կապերը Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարութիւններուն միջեւ»,  ըսաւ Լուազօ:

Ըստ անոր, Եւրոպական Միութիւնը կը ջանայ լարուածութիւնը նուազեցնել, եւ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութեան ներկայութիւնը պէտք է նպաստէ այդպիսի լարուածութեան նուազեցման:

Լուազօ դիտել տուաւ, որ պատերազմ սկսելու համար ընդամէնը մէկ երկիր պէտք է, բայց զայն դադրեցնելու համար պէտք է երկու երկիրներու բարի կամքի դրսեւորումը: «Արդէն ժամանակը հասած է կայուն խաղաղութեան հաստատման: Կ՛ուզեմ վերահաստատել Եւրոպական խորհրդարանի դիրքորոշումը, որ Բերձորի միջանցքի փակումը ապօրինի է եւ պէտք է դադրեցուի: Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն իրաւունքները եւ բարեկեցութիւնը պէտք է պաշտպանուին ու Հայաստանի գերիշխանութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը պէտք է յարգանքի արժանանայ: Ես այս ուղերձը ինծի հետ կը տանիմ Պրիւքսել, վկայութիւն կու տամ այն մասին, թէ ի՛նչ տեսանք եւ լսեցինք Հայաստան մեր կեցութեան ընթացքին», ըսաւ ան:

Լուազօ ըսաւ, թէ նկատի ունենալով, որ Բերձորի միջանցքին փակումը ապօրինի է, ինք ուղերձ կը յղէ Պաքուի մօտ հաւատարմագրուած եւրոպացի դեսպաններուն, որ եթէ Ազրպէյճան զանոնք հրաւիրէ ապօրինի տեղակայուած անցակէտը, անոնք պէտք է ձեռնպահ մնան հրաւէրը ընդունելէ` հետեւողական մնալով Արդարադատութեան միջազգային դատարանի վճիռի պայմաններուն:

Ան նաեւ յայտնեց, որ Եւրոպական խորհրդարանը ամբողջութեամբ կը սատարէ Բերձորի միջանցքը միջազգային փաստահաւաք առաքելութիւն ուղարկելու գաղափարին, ինչպէս նաեւ կ՛ողջունէ ընդհանրապէս միջազգային ներկայութեան գաղափարը Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան իրաւունքները եւ շահերը ամբողջութեամբ պաշտպանելու համար:

«Մենք նաեւ միանգամայն կողմ ենք, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւ ընդունուի: Եւ որքան շուտ, այնքան լաւ  պիտի ըլլայ, եթէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամները նախապատրաստեն այդպիսի բանաձեւի մը նախագիծը», ըսաւ Լուազօ:

 

 

Նախորդը

Փաթել. «Միացեալ Նահանգներ Անհամբերութեամբ Կը Սպասեն Ուաշինկթընի Մէջ Հայ-Ազրպէյճանական Բանակցութիւններու Յաւելեալ Մէկ Փուլի Հիւրընկալման»

Յաջորդը

Փալոն. «Միացեալ Նահանգները Պէտք Չէ Թոյլ Տան, Որ Ազրպէյճանը Ռազմատենչ Վարքագիծ Դրսեւորէ Եւ Թելադրէ Վերջնական Համաձայնագիրի Պայմանները»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.