Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փալոն. «Միացեալ Նահանգները Պէտք Չէ Թոյլ Տան, Որ Ազրպէյճանը Ռազմատենչ Վարքագիծ Դրսեւորէ Եւ Թելադրէ Վերջնական Համաձայնագիրի Պայմանները»

Յունիս 23, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանը ակնյայտօրէն կանխամտածուած քայլերու կը ձեռնարկէ Արցախէն բնիկ հայ ազգաբնակչութիւնը հեռացնելու եւ նախնիներու ժողովրդավար երկրին մէջ ազատ ու արժանապատիւ ապրելու կարելիութենէն զրկելու համար: Ատիկա, ըստ էութեան, զտումներու յստակ նշան է, ինչ որ պէտք չէ անտեսուի:

«Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան հայկական յանձնախումբի համանախագահ Ֆրենք Փալոն Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Թոմ Լանթոսի անուան մարդու իրաւունքներու յանձնախումբին մէջ «Ի պաշտպանութիւն Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին» խորագիրով լսումներուն ժամանակ:

Քոնկրեսական Փալոնը, որ լսումներու ժամանակ ներկայացուցած է իր դիտարկումներն ու առաջարկները, նախ եւ առաջ ընդգծած է Ազրպէյճանի ցեղասպանական մտադրութիւնը` Արցախի ժողովուրդին դէմ շարունակուող նախայարձակումին եւ շրջափակման պայմաններուն մէջ: Փալոնի դիտարկումով` Ազրպէյճանի նախագահը մէկ կողմէ կը քննարկէ արցախեան հիմնահարցը, բայց միւս կողմէ կը տեղահանէ արցախահայերը` չփորձելով անգամ թաքցնել շարունակաբար հայկական տարածք մահաբեր ներխուժումներ իրականացնելու նկրտումները:

«Արդէն ժամանակն է, որ Միացեալ Նահանգները սկսին աւելի լաւ ու արդիւնաւէտ կիրարկել իրենց տրամադրութեան տակ գտնուող դիւանագիտական գործիքները, ներառեալ պատժամիջոցները, որպէսզի վերջ տան այս ճգնաժամին», ըսած է Փալոն:

Անդրադառնալով տեղեկութիւններուն, որ միւս շաբաթ Ուաշինկթընի մէջ պիտի շարունակուին բանակցութիւնները Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ, քոնկրեսական Փալոն կոչ ուղղած է Միացեալ Նահանգներու վարչակազմին ձեռնարկելու բոլոր անհրաժեշտ քայլերուն` կանխելու Ազրպէյճանի ռազմատենչ վարքագիծը, որով վերջինս կը փորձէ թելադրել վերջնական համաձայնագիրի պայմանները: Ատիկա, ըստ քոնկրեսականին, պիտի չյանգեցնէ շրջանին մէջ արդար եւ տեւական խաղաղութեան:

 

 

Նախորդը

Լուազօ. «Մեր Աչքերով Տեսանք Ազրպէյճանի Կողմէ Լաչինի Միջանցքի Ամբողջական Եւ Ապօրինի Փակումը»

Յաջորդը

Ազրպէյճան Մարտակերտի Շրջանին Ուղղութեամբ Խախտած Է Հրադադարը, Պաշտպանութեան Բանակի Զինուոր Մը` Վիրաւոր

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլէն Ակնկալութիւններ Եւ Չապահովուած Երաշխիքներ

Օգոստոս 19, 2025
Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»

Օգոստոս 19, 2025
Թրամփ. «Եթէ Իրանի Դէմ Զինուորական  Միջամտութեան Մը Կարիքը Զգացուի Պիտի Միջամտենք,  Եւ Իսրայէլ Անոր Պիտի Մասնակցի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Խրիմին Վերատիրացում Եւ Ուքրանիոյ` ՕԹԱՆ-ին Անդամակցութիւն Տեղի Պիտի Չունենայ»

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?