Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փաթել. «Միացեալ Նահանգներ Անհամբերութեամբ Կը Սպասեն Ուաշինկթընի Մէջ Հայ-Ազրպէյճանական Բանակցութիւններու Յաւելեալ Մէկ Փուլի Հիւրընկալման»

June 23, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներ անհամբերութեամբ կը սպասեն Ուաշինկթընի մէջ (հայ-ազրպէյճանական) բանակցութիւններու յաւելեալ մէկ փուլի հիւրընկալման` յանուն հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղ ապագայի: Այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան փոխբանբեր Վետանթ Փաթել:

«Մենք կը շարունակենք հաւատալ, որ ուղղակի երկխօսութիւնը առանցքային է խնդիրներու լուծման եւ տեւական ու արժանապատիւ խաղաղութեան հասնելու համար», ըսած է Փաթել:

Անդրադառնալով վերջին օրերուն Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան գերիշխան տարածքին ուղղութեամբ կրակոցներու յաճախակիացման` Փաթել նշած է, որ ամերիկեան կողմին համոզումով` այն քայլերը, որոնք կը հրահրեն եւ կը բարձրացնեն լարուածութիւնը, անկասկած, այս պահուս, երբ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ բանակցութիւնները կ՛ընթանան տարբեր հարթակներու վրայ, անարդիւնաւէտ են:

Անդրադառնալով հայ-ազրպէյճանական բանակցութիւններուն մէջ Միացեալ Նահանգներու միջնորդական դերին վերաբերեալ Ռուսիոյ քննադատական գնահատականին` Փաթել ըսած է. «Եթէ Ռուսիան կը կարծէ, որ կարող է կառուցողական դեր խաղալ այս հարցին մէջ, ի հարկէ, ողջունելի է, սակայն մենք կը շարունակենք զգալ, որ այդ բանակցութիւնները յառաջընթաց կ՛ապրին, անոնք կը շարունակուին: Միացեալ Նահանգներ այս հարցին մէջ կարեւոր գործընկեր եղած են: Այս հարցով զբաղած է անձամբ արտաքին գործոց նախարարը»:

Ան յիշեցուցած է արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի մասնակցութեամբ բոլոր բարձր մակարդակի հանդիպումներուն մասին` աւելցնելով, որ այս հոլովոյթին մէջ երկխօսութիւնը չի կրնար փոխարինուիլ:

Փաթելի համաձայն, հայ-ազրպէյճանական ուաշինկթընեան նոր հանդիպումները «տեղի պիտի ունենան շատ շուտով»:

Նշենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ յայտարարեց, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու Ուաշինկթընի մէջ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ յաջորդ շաբաթ:

Նախորդը

Պլինքըն Եւ Ֆիտան Քննարկած Են Պաքուի Եւ Երեւանի Միջեւ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հոլովոյթը

Յաջորդը

Լուազօ. «Մեր Աչքերով Տեսանք Ազրպէյճանի Կողմէ Լաչինի Միջանցքի Ամբողջական Եւ Ապօրինի Փակումը»

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.