Լաչինի միջանցքի անցակէտին վրայ 15 յունիսին տեղի ունեցած միջադէպը կապուած է հայ-ազրպէյճանական սահմանազատուած սահմանի բացակայութեան ընդհանուր խնդիրին: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա` մեկնաբանելով Հակարիի կամուրջին մօտ տեղի ունեցած միջադէպը:
«Լաչինի միջանցքի միջադէպը կապուած է հայ-ազրպէյճանական սահմանազատուած սահմանի բացակայութեան ընդհանուր խնդիրին: Ռուսական կողմը բազմիցս կոչ ուղղած է Ռուսիոյ խորհրդատուական աջակցութեամբ գործարկելու երկկողմանի յանձնախումբի արդիւնաւէտ աշխատանք: Մենք պատրաստ ենք օգնելու սահմանագծման եւ սահմանը որոշելու հարցին, որ կողմերու հերթական կռուախնձորը դարձած է:
Ռուս խաղաղապահներուն ուղղուած մեղադրանքները բացարձակապէս անհիմն են: Մենք խստօրէն խորհուրդ կու տանք նուազեցնել այս առնչութեամբ լրատուամիջոցներու հռետորաբանութեան աստիճանը: Խաղաղապահները սերտօրէն կ՛աշխատին կողմերուն հետ` կացութիւնը կարգաւորելու համար», ըսած է Զախարովա:
«Ռուսիան Երեւանին կոչ կ՛ուղղէ չհեռանալու եռակողմ ձեւաչափով աշխատանքէն, իսկ Պաքուին` քայլերու ձեռնարկելու Լաչինի միջանցքի ապաշրջափակման ուղղութեամբ», ըսաւ ան:
«Երեւանի գործունէութեան ընդհատումը բացասաբար կ՛անդրադառնայ շրջանին մէջ կացութեան վրայ եւ կը յանգեցնէ գետնի վրայ կացութեան սրման: Իսկ Պաքուին կոչ կ՛ուղղենք քայլերու ձեռնարկելու միջանցքի ապաշրջափակման ուղղութեամբ եւ Ղարաբաղի բնակչութիւնը Երեւանի հետ քաղաքական տարակարծութիւններու պատանդ չդարձնելու», ըսած է Զախարովա:
Ան նաեւ յայտարարած է, որ Մոսկուան կը շարունակէ աշխատանքը Ռուսիոյ խաղաղապահներուն միջոցով` Լաչինի միջանցքի ամբողջական ապաշրջափակման համար եւ կ՛ակնկալէ, որ հայկական եւ ազրպէյճանական կողմերը պիտի կատարեն եռակողմ համաձայնագիրով ստանձնած բոլոր պարտաւորութիւնները:
«Անիկա նախկինին պէս արդիական է», աւելցուցած է Զախարովա:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը` մեկնաբանելով 44-օրեայ պատերազմի հանգամանքները ուսումնասիրող Հայաստանի Ազգային ժողովի քննիչ յանձնախումբին առջեւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հնչեցուցած յայտարարութիւնները, որոնք կը վերաբերէին ռազմական գործողութիւններու դադրեցման ուղղուած Ռուսիոյ միջնորդութեան, նշեց. «44-օրեայ պատերազմի հանգամանքները ուսումնասիրող Ազգային ժողովի քննիչ յանձնախումբի նիստը կապուած է Հայաստանի մէջ ներքաղաքական հոլովոյթներու»:
«Վստահ չեմ, որ մենք պէտք է մեկնաբանենք ներքին բանավէճերը, սակայն, ի հարկէ, բարձր մակարդակի գաղտնի բանակցութիւններն ալ իմ իրաւասութիւնս չեն: Ատիկա մեր աւանդութիւններուն մէջ չի մտներ եւ ի պաշտօնէ պարտականութիւն չէ: Սակայն որքան ալ ներքին բանավէճը թէժ ըլլայ, կայ ճշմարտութիւն` ինքնին Ռուսիան կրցած է Ղարաբաղի մէջ զինադադարի հասնիլ 2020 թուականի աշնան, եւ ատիկա թուղթի վրայ արձանագրուած է», նշած է Զախարովա:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերին կարծիքով` աւելի լաւ է ուշադրութիւնը կեդրոնացնել ոչ թէ մեղաւորներու որոնման վրայ, կամ գոնէ այդ հարցը ձգել պատմաբաններուն, այլ` բարձր մակարդակով համաձայնութիւններու գործադրման վրայ:
Ան նաեւ անդրադարձաւ Շուշիի մէջ Թուրքիոյ հիւպատոսարանի բացման հարցին: «Որեւէ վայրի մէջ, մասնաւորաբար` Շուշիի մէջ, հիւպատոսութիւններու բացման հարցը կը շարունակէ մնալ երկկողմանի կապերու նիւթ: Տուեալ պարագային` Պաքուի եւ Անգարայի միջեւ:
«Միեւնոյն ժամանակ, կը հասկնանք Երեւանի համար հարցի զգայնութիւնը: Մեր հաղորդակցութիւններուն մէջ շեշտը կը դնենք իրարու շահերը հաշուի առնելու անհրաժեշտութեան եւ թէ՛ հայ-ազրպէյճանական, թէ՛ ալ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթի կարեւորութեան վրայ», ըսած է Զախարովա: