Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ստացուած Գիրքեր. «Եզրեր» (Հեղինակ` Լեւոն Արտազեան)

Յունիս 23, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Երեւանի մէջ 2023-ին լոյս տեսաւ Լեւոն Արտազեանի «Եզրեր» ժողովածուն, բաղկացած` 32 էջերէ: Մեկենաս` Կարօ Նոխուտեան:

«Եզրեր» ժողովածուն կը բովանդակէ հեղինակին` վերջին տարիներուն գրած բանաստեղծութիւններու մէկ շարքը:

Արտազեան բանաստեղծութիւններու ժողովածուն կը բանայ «Կեանքը վերէ՛ն պէտք է դիտել» ասացուածքով:

Վաչէ Ատրունիի նուիրուած «Հորիզոն» բանաստեղծութեան մէջ հեղինակը կ՛ըսէ.

«Մեր բարեւը իսկական,
Անկիւնադարձի՛ն եղաւ:
Նախերգանքն էր, կրկնուող
Ամէնօրեայ հանդիպման»:

Ժողովածուն կ՛ընդգրկէ տասը բանաստեղծութիւն. «Համակարգ», «Ընթացք», «Եզրեր», «Մարդը», «Կեանքը», «Պայքար», «Երկու բեւեռ», «Կրօնք», «Մտորում» եւ «Ուղին»:

«Համակարգ»-ին մէջ հեղինակը կ՛ըսէ.
«Ինքնին` աշխա՜րհն է հիւլէն.
Հիմքն է օդ, հուր, հող, ջուրին,
Որոնք տարրերն են նիւթին»:

«Ընթացք»-ը կը բացուի հետեւեալ տողերով.

«Մարդը, անկա՛խ իր կամքէն
Աշխարհ կու գայ, ապրելու,
Իսկ ծնունդէն մինչեւ մահ,
Ընթացք ունի փոթորկոտ»:

«Եզրեր» բանաստեղծութեան մէջ Արտազեան կ՛ըսէ.

Երկու եզրերու միջեւ`
Կը շրջի միտքը մարդուն:
Մէկով` աշխարհն է նիւթին,
Կերպարանքի ու ձեւի,
Միւսով` անտէս գաղափար,
Անմարմին ու անսահման»:

`    «Մարդը» բանաստեղծութեան մէջ հեղինակը կը նշէ.

«Այս ծանօթ ու անծանօթ
Արարածը վաղեմի,
Ընթացքին մէջ իր կեանքին
Տարբե՛ր հիւսուածք մը ունի:
Եկէ՛ք, դիտե՛նք պահ մը զինք
Հոսանքի մէջ տարուբեր»:

Իսկ «Ուղին» բանաստեղծութեան մէջ Արտազեան կ՛արտայայտուի հետեւեալ բառերով.

«Այս տողերուս շունչին տակ
Թող խորտակուի՛ն շղթաներ,
Որ անկաշկանդ ցոլանան
Արժէքները վսեմին,
Որով վաղուայ սերունդին
Ուղի՛ մըն ալ բացուի»:

«Եզրեր» բանաստեղծութիւններու ժողովածուն կու գայ աւելնալու հայ գրականութեան անդաստանէն ներս իր ներդրումը ունեցող Լեւոն Արտազեանի ցարդ հրատարակած քերթուածներու շարքին:

 

 

Նախորդը

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Բժիշկ Արթուր Պիւլպիւլեան

Յաջորդը

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական. Հանրութեանը Ներարկել Պայքարի Ոգի

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?