– Շաբաթ, 3 յունիս 2023-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ Լաւալի Պոն Փասթերօ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ սուրբ եւ անմահ պատարագ` ձեռամբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեանի, եւ որուն հրաւիրուած էին օտար հոգեւորականներ, պաշտօնական անձնաւորութիւններ եւ հաւատացեալներ:
Իր պատգամին մէջ Արամ Ա. փառք եւ գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ, որ մէկտեղած է իր զաւակները, ապա ողջունեց բոլոր հոգեւորականներու ներկայութիւնը եւ ըսաւ, որ անոնց ներկայութիւնը Քրիստոսով մէկ ըլլալու մեծագոյն նշանն է: Ան մէջբերեց միջեկեղեցական ժողովներու ընթացքին երգուող հոգեւոր երգը, որ կ՛ըսէ` «Մէկ ենք Քրիստոսով»: «Մենք կը պատկանինք Քրիստոսի եկեղեցւոյ: Միջեկեղեցական շարժումին միջոցով միասին ըլլալու գիտակցութիւնը պէտք է խորանայ մեր մէջ: Այսօր մենք կ՛ապրինք համաշխարհայնացած աշխարհի մէջ, ուր բաժանումի պատեր չկան այլեւս:
Երկխօսութիւնը վերացական ըմբռնում չէ, այլ մաս կը կազմէ մեր առօրեայ կեանքին: Մենք ո՛չ միայն կը համագոյակցինք, այլ միասին կ՛ապրինք` դիմագրաւելով նոյն տագնապներն ու մարտահրաւէրները: Հետեւաբար զանազանութեամբ յատկանշուող ներկայ ընկերութեան մէջ պէտք է յարգենք ուրիշներուն աւանդութիւններն ու ըմբռնումները` միշտ նկատի ունենալով ընկերութեան ընդհանրական սկզբունքներն ու արժէքները», ըսաւ վեհափառ հայրապետը:
Ապա հոգեւորականները բարձրացան ս. խորան, եւ վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ կատարուեցաւ միջեկեղեցական աղօթք:
– Ուրբաթ, 2 յունիս 2023-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, միաբան ու քահանայ հայրերէ եւ դպրաց դասի անդամներէ կազմուած հայրապետական թափօրը, ՀՄԸՄ-ի Լաւալի մասնաճիւղի շեփորախումբին ու սկաուտներու առաջնորդութեամբ, հասաւ Ս. Գէորգ եկեղեցի, ուր տեղի ունեցաւ կանոնական աղօթք: Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեան բարի գալուստ մաղթեց եւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց կաթողիկոսին` անոր օրհնաբեր այցելութեան համար: «Անցնող եօթը տարիներուն վեհափառ հայրապետը իր բարոյական ներկայութեամբ, իր գրութիւններով եւ պատգամներով, համազգային թէ՛ այլապէս տագնապներու ընթացքին իր քաջ կեցուածքով ուղղորդեց մեզ` չյուսահատելու եւ չտկարանալու համար: Ան` իբրեւ հայր ու հովուապետ, թելադրեց վերականգնիլ, վերակազմակերպուիլ, վերահզօրանալ, վերաշխուժանալ եւ մանաւանդ շարունակել մեր պայքարը բոլոր բնագաւառներէն ներս, որպէսզի մենք կարենանք ոտքի մնալ, կենսունակ մնալ եւ հայութեամբ շնչել, հայօրէն ապրիլ ու հայութեան համար պայքարիլ», ըսաւ Բաբգէն արքեպիսկոպոս:
Վեհափառ հայրապետը իր պատգամին մէջ ըսաւ. «Բոլորս կը պատկանինք նոյն եւ մէ՛կ ժողովուրդին. նոյն եւ մէ՛կ հայրենիքին, եկեղեցիին ու Դատին: Մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ մէկութեան գաղափարը պէտք է դիտել զանազանութեան մէջ: Մէկութիւնը պէտք է ամուր պահենք` որպէս հաւատարմութեան, ամրութեան եւ զօրութեան աղբիւր: Հոն է մեր անցեալը, մեր ներկան. եւ մանաւանդ հոն է երաշխիքը մեր ապագային: Մեր ժողովուրդը միայն անցեալին նայող ու ներկային մէջ ապրող ժողովուրդ չէ, այլ անցեալով զօրացած, ներկայի փորձառութեամբ թրծուած, ապագային նայող, ապագային գացող ժողովուրդ է` որպէս մէկ ամբողջութիւն: Այս մէկ ամբողջութեան ծիրէն ներս պէտք է դիտել, արժեւորել եւ ուղղել մեր հաւաքական կեանքը»:
Իր պատգամին մէջ անդրադառնալով Աստուածաշունչի սփռած լոյսին տակ քրիստոնէավայել կեանք ապրելուն` կաթողիկոսը շեշտեց, որ իբրեւ քրիստոնեաներ` Աստուածաշունչը միայն պէտք չէ կարդանք, այլ Աստուածաշունչը իր արժէքներով, սկզբունքներով, ուսուցումներով պէտք է ապրինք:
Նոյն օրը, յետմիջօրէին, Բաբգէն արք. Չարեանն ու Ազգային վարչութիւնը հանդիպում ունեցան վեհափառ հայրապետին հետ` ներկայութեամբ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական վարչութեան Քաղաքական ժողովի համաատենապետ Գրիգոր Մահսէրէճեանի ու Կեդրոնական վարչութեան անդամ բժիշկ Ժիրայր Պասմաճեանի: Արամ Ա. անդրադարձաւ քանատահայ սփիւռքին ու անոր դէմ ծառացող մարտահրաւէրներուն:
– 2 յունիս 2023-ի առաւօտուն Արամ Ա. այցելեց «Արամ եւ Պերճուհի Մարգարեան» մանկամսուր, ՀՕՄ-ի Ծաղկոց, «Սարաֆեան» նախակրթարան եւ «Բասդրմաճեան» երկրորդական վարժարան:
Ս. Յակոբ ազգային վարժարանի տնօրէն Լոռի Ապրաքեան վարժարանի տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ աշակերտութեան անունով բարի գալուստ մաղթեց վեհափառ հայրապետին: Ապա վարժարանի աշակերտները գողտրիկ յայտագիր մը հրամցուցին ներկաներուն, որմէ ետք Բաբգէն արք. Չարեան բարի գալուստ մաղթեց կաթողիկոսին` դիտել տալով, որ ան երբեք չի մոռնար այցելել ազգային վարժարանները, որովհետեւ վեհափառը կը հաւատայ հայ դպրոցին կարեւորութեան ու անոր առաքելութեան:
Վեհափառ հայրապետը ողջունեց Ս. Յակոբ ազգային վարժարանի տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմը եւ աշակերտները. անոնց հետ եղաւ դասարանին թէ՛ բակին մէջ` յորդորելով հայերէն խօսիլ եւ հայօրէն ապրիլ: «Հայ դպրոցը պարզ շէնք չէ: Հայ դպրոցը ոգի է, մարդակերտումի ու հայակերտումի դարբնոց է: Մենք ա՛յս ոգիով կը սնանինք եւ կը շաղախուինք հայ դպրոցէն ներս, որպէսզի երբ մեծնանք, մեր ազգին ծառայենք: Հայ դպրոցը հայրենիք, եկեղեցի եւ ընտանիք է», շեշտեց ան` գնահատելով հայ ծնողները, ուսուցիչներն ու բարերարները, որոնց գերագոյն զոհողութեամբ կը պահուի հայ դպրոցը:


