Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խօսելով 1975-ի Քարտէսի Մասին` Պաքու. «Փրակայի Եւ Սոչիի Հանդիպումներուն Որեւէ Քարտէսի Հիման Վրայ Սահմանազատման Շուրջ Համաձայնութիւն Չէ Գոյացած»

June 6, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգած է Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի` «Քիշնեւի մէջ առնուազն սահմանազատման հարցին մէջ եւ 1975 թուականի քարտէսի մասով որոշակի յառաջընթաց ունինք» յայտարարութեան:

Ան այս մասին ըսած էր Հանրային պատկերասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցին մէջ` անդրադառնալով Մոլտովայի մէջ Հայաստան-Ազրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման նիւթով բանակցութիւններուն:

Ըստ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան, անընդունելի են Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի 4 յունիսին Հանրային պատկերասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցի ժամանակ շարք մը ուղղութիւններով հարցերու էութիւնը հերթական անգամ խեղաթիւրելու, թէ՛ միջազգային ընտանիքը, թէ՛ հայ հասարակութեան մօտ թիւրըմբռնում յառաջացնելու փորձերը` խուսափելով Հայաստանի ստանձնած պարտաւորութիւններէն:

«Նախ, այն պահանջին առնչուած, թէ ինչի՛ հիման վրայ պէտք է կատարուի սահմանազատման հոլովոյթը, նշենք, որ, թէ՛ Փրակայի հանդիպման, թէ՛ ալ Սոչիի հանդիպման ժամանակ կատարուած յայտարարութիւններուն համաձայն, սահմանազատումը պէտք է իրականացուի տարածքային ամբողջականութեան եւ գերիշխանութեան փոխադարձ ճանաչման հիման վրայ: Իբրեւ կանոն, այդ յայտարարութիւններուն մէջ յղումներ կը կատարուին ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան եւ Ալմա Աթայի հռչակագիրին` նշուած սկզբունքներու ծիրին մէջ:

«Հայկական կողմը քաջատեղեակ է, որ այս եւ միւս հանդիպումներուն մէջ որեւէ քարտէսի հիման վրայ սահմանազատման շուրջ համաձայնութիւն չէ գոյացած: Միջազգային գործելաոճի համաձայն, ի տարբերութիւն Հայաստանի, սահմանազատման հոլովոյթը, որ մինչեւ հիմա Ազրպէյճանը իրականացուցած է իր որոշ դրացիներուն հետ, կատարուած է ոչ թէ յատուկ ընտրուած քարտէսի, այլ իրաւական նշանակութիւն ունեցող բոլոր փաստաթուղթերու վերլուծութեան եւ ուսումնասիրման հիման վրայ:

«Թերեւս այս գործելաոճը կիրարկուի նաեւ Հայաստանի նկատմամբ: Մասնաւորաբար այս պարագային հայկական կողմին աւելի ձեռնտու պիտի ըլլար սահմանազատման աշխատանքներ սկսիլը, քան պնդել 1975 թուականի քարտէսի որոշակի յղումը», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

 

Նախորդը

Պայրամով Յառաջիկային Ուաշինկթընի Մէջ Յաւելեալ Հանդիպումի Մը Մասին Կը Յայտարարէ

Յաջորդը

Հայաստան Հաւանական Կը Նկատէ Մինչեւ Տարեվերջ Խաղաղութեան Համաձայնագիրի Ստորագրումը

RelatedPosts

Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք`  Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր  Պատգամաւորներու Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք` Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր Պատգամաւորներու Միջեւ

October 30, 2026
Լեւոն Մնացականեան Պաքուի Դատարանին Մէջ Հերքած Է Ազրպէյճանցիի Մեղադրանքը
Հայկական

Ըստ Հայաստանի Իշխանութիւններուն Գերիներու Հարցի Լուծման Ուղին Կ՛անցնի Ազրպէյճանի Հետ Երկխօսութեան Ընդմէջէն

October 30, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.