Ուաշինկթընեան բանակցութիւնները գործնական դրական արդիւնք տուած են: Փաստաթուղթին մէջ թիւը այն կէտերուն, որոնց շուրջ համաձայնութիւն գոյացած է, աւելցած է: Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ այս մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով:
«Սակայն չլուծուած հարցերը տակաւին կը մնան: Որոշ կէտերու վերաբերեալ ամբողջական համաձայնութիւն ձեռք չէ բերուած, ուստի հոլովոյթը կը շարունակուի», ըսած է ան:
Պայրամով յայտնած է, որ յառաջիկային հերթական հանդիպումը նախատեսուած է Ուաշինկթընի մէջ: «Դուք գիտէք, որ խաղաղութեան համաձայնագիրի շուրջ բանակցութիւններու մեկնարկը ազրպէյճանական կողմի նախաձեռնութիւնն է, հիմնարար սկզբունքները հռչակուած են Ազրպէյճանի կողմէ, խաղաղութեան համաձայնագիրի առաջին նախագիծը ներկայացուած է Ազրպէյճանի կողմէ: Մենք անխուսափելի կը նկատենք միջազգային օրէնքին եւ սկզբունքներուն համապատասխան խաղաղութեան հասնիլը: Պէտք է պատրաստուի եւ ստորագրուի հաշտութեան համաձայնագիր եւ միջպետական յարաբերութիւններու կարգաւորման մասին համաձայնագիր: Անկարելի է կանխատեսել, թէ այս հոլովոյթը որքան ժամանակ պիտի պահանջէ», ըսած է ան: