Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խոստմնալից Պատանիի Մը` Անդրանիկ Կիւլտալեանի Ելոյթը Հալէպի Մէջ

June 3, 2023
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մ. Է.

Նորափթիթ տաղանդները կրկնակի գնահատանքի արժանի են, երբ անոնք ծնունդ են տագնապալից միջավայրի եւ հասակ կ՛առնեն կենցաղային դժուար պայմաններու մէջ:

Այսպիսին է անցնող տասներկու տարիներուն Հալէպի մէջ կազմաւորուած Անդրանիկ Կիւլտալեանը:

Հինգշաբթի,  յունիս 1-ի երեկոյեան Ազիզիէի Արաբական մշակութային կեդրոնին սրահը նեղ կու գար հանդիսատեսներուն, ոմանք ոտքի ներկայ էին ունկնդրելու Սապահ Ֆախրիի անուան պետական երաժշտանոցի արտակարգ այս աշակերտին`  ռեքորտըրի (ժողովրդային անուանումով` ֆլիւթ) կատարողութիւնը` դաշնակի ընկերակցութեամբ Հանրի եւ Լորիան Էյուպ քոյր-եղբայր զոյգին:

Բացման խօսքին մէջ երաժշտանոցի տնօրէն Ապտել Հալիմ Հարիրի, ողջունելէ ետք Հալէպի մշակութային տնօրէն Ճապեր Սաթութն ու ներկաները, հաստատեց, որ Անդրանիկը տաղանդ մըն է, որ սիրած է ռեքորտըրը, եւ փոխադարձաբար ռեքորտըրն ալ սիրած` Անդրանիկը:

Շուրջ մէկ ժամ տեւած յայտագիրին առաջին բաժինով, ընկերակցութեամբ Հանրի Էյուպի, ունկնդրեցինք` Giuseppe Valentini – Sonata III, Purcell – Hornpipe, A.Vivaldi – Konzert D-Dur, Michel Frontz – Fleures Animées եւ Խաչատուր Աւետիսեանի Ukranian dance-ը:

Կարճ դադարի մը ընթացքին խօսք առաւ Անդրանիկին ուսուցիչը` Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Ռէյիսեան, որ ներկաներուն ծանօթացուց ռեքորտըրը: Միջնադարեան ժամանակաշրջանէն մեզի հասած այս գործիքը պալատական շրջանակներու մէջ ջութակի կողքին հնչելէ ետք մոռցուած է, մինչեւ` քսաներորդ դարու կէսերուն, ապա` որպէս դիւրամատչելի եւ հաղորդական վերականգնած ու ընդգրկուած դպրոցական երաժշտական ծրագիրներուն մէջ, շուտով սիրուած ըլլալով, նոր ստեղծագործութիւններ յատուկ  մշակուած են անոր համար: Այս գործիքը նիւթապէս մատչելի է նաեւ կերպընկալէ արտադրութիւններով ու իր քառատեսակ ձայնային չափերով:

Յայտագրի երկրորդ բաժինին դաշնամուրի վրայ Լորիան Էյուպի հետ Անդրանիկ Կիւլտալեանի շունչով մենք ունկնդրեցինք` John. S. Bach – Menuet Portitac, Menuet Badinerie, Roberto Valentino – Sonata IX,  Կոմիտասի «Հով առէք»-ն ու «Քէլէ, քելէ»-ն, Գրիգոր Հախինեանի «Նազան եար»-ը:

Անդրանիկի  կատարողութիւնը արդէն հասած է արհեստավարժութեան փուլի, անոր սահուն եւ հանգիստ նուագը հաղորդականութիւն մը կը յառաջացնէ գործիքէն դուրս հնչած երաժշտութեան եւ ունկնդիրներու զգացումներուն միջեւ, այս երեւոյթը արդէն խոստմնալից ապագայի մը գրաւականն է:

Արդէն տասնեօթը գարուններ բոլորած պատանին իր առաջին հանրային ելոյթով հմայած էր ներկաները, երբ մանկապարտէզի հանդէսին նուագած էր Կոմիտասի «Քէլէ, քէլէ»-ն,  ուսուցիչին` Գէորգ Մանուկեանի հսկողութեամբ, որ շուրջ հինգ տարիներ անոր դասաւանդած էր: Հիմա արդէն եօթը տարիներէ ի վեր Անդրանիկ Կիւլտալեան կ՛աշակերտէ պետական երաժշտանոցի աւագ ուսուցիչ Ժիրայր Ռէյիսեանին:

2017-ին Սուրիոյ նախակրթարաններու` «Թալաէէ», կազմակերպութեան մրցանքին առաջնութեան արժանացած է նախ Հալէպի, ապա երկրի մակարդակով, եւ` առ ի գնահատանք, Մինսք, Պիելոռուսիա մեկնած: Ան յաճախ բեմերու վրայ է սուրիական պետական տօներուն առիթներով:

Ռեքորտըրի զուգահեռ` հայկական տուտուկը Անդրանիկին շրթներուն տեսնելու հաճոյքը թերեւս մեծ ոստում մը պիտի ըլլայ, եւ օր մը հայկական մեղեդին լսենք իրմէ` որպէս իւրայատուկ մեկնաբան:

Յատուկ «Ազդակ»-ին

Նախորդը

Ի Յիշատակ Վերժին Մանճեան-Գարագաշեանի

Յաջորդը

Մայիսեան Անկախութեան Տօնակատարութիւն` Ծաղկաձորի «Մայիս 28» Պողոտային Վրայ

RelatedPosts

Գաղութէ-Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

September 10, 2026
Հաղորդագրութիւն.  «Կրօնները Պէտք Է Գործեն Որպէս Ջատագով Արդարութեան Վրայ Հիմնուած Խաղաղութեան».  Արամ Ա. Կաթողիկոս
Գաղութէ Գաղութ

Հաղորդագրութիւն. «Կրօնները Պէտք Է Գործեն Որպէս Ջատագով Արդարութեան Վրայ Հիմնուած Խաղաղութեան». Արամ Ա. Կաթողիկոս

September 7, 2026
Յորդանան Գետի Երկու Ափերու Հայ Երիտասարդութիւնը` Մէկ Ոգի
Գաղութէ Գաղութ

Յորդանան Գետի Երկու Ափերու Հայ Երիտասարդութիւնը` Մէկ Ոգի

September 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.