Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան եւ տնօրէնութեան, հովանաւորութեամբ Լիբանանի մշակոյթի նախարարութեան եւ նախագահութեամբ տէր եւ տիկին Հրայր եւ Թալին Խաչատուրեաններու, շաբաթ, 15 նոյեմբեր 2025-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Գայեանէ» պարի դպրոցին տարեկան ելոյթը` ներկայութեամբ Լիբանանի երիտասարդութեան ու մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեանի, Լիբանանի մշակոյթի նախարար դոկտ. Ղասսան Սալամէի ներկայացուցիչ նախարութեան ընդհանուր տնօրէն տոքթ. Ալի Սամատի, Պէյրութի մէջ Ռուսական տան տնօրէն Ալեքսանտր Սորոքին ու դեսպանատան մշակոյթի բաժինի ներկայացուցիչներու, Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատան մշակութային բաժինի ներկայացուցիչներու, Այնճարի քաղաքապետ Սեդրակ Հաւաթեանի, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամներու, հոգեւորականներու, միութիւններու ու կառոյցներու ներկայացուցիչներու, արուեստասէրներու, ծնողներու եւ աշակերտներու:
Պարուսոյցներ Ժագլին Սարխոշեանի ու Կարէն Մակինեանի հսկողութեամբ, առաջին արարով «Գայեանէ»-ի աշակերտները ներկայացուցին` «Եարխուշտա», «Վեր վերի», «Հէյ ջան Հայաստան», «Հայկական պար», «Շիրակի պար», «Հայկական պար», «Քոչարի», «Տոտիկ», «Հայուհի», «Պեպոյի երգը», «Արցախին»:
Իսկ երկրորդ արարով պարի դպրոցի աշակերտները պարեցին` «Թոքա թոքա», «Պիրի պիպիրի», «Ուաքա ուաքա», «Լաթինօ», «Մեղեդի», «Շալախօ», «Ռուսական պար», «Կովկասեան պար», «Ճիփսի» եւ «Հնդկական»: Ներկայացումը փակուեցաւ 200 աշակերտներու հաւաքական եզրափակիչ պարով, որ արժանացաւ ներկաներու գնահատանքին եւ ծափահարութիւններուն:
Պարային ելոյթին մասնակցող 11 խումբերը կը կրէին յատուկ անուններ` Վան, Տաւիղ, Տարօն, Արցախ, Անի, Տաթեւ, Շուշի, Արեւներ, Աստղեր, Սեւան եւ Քնարիկներ:
Յայտնենք, որ ելոյթի ընթացքին ներկաներուն բաժնուած գրքոյկին մէջ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութիւնը կ՛ըսէ. «Համազգայինը իր հիմնադրութեան առաջին օրերէն էապէս արժեւորած է հայ պարարուեստին դերը եւ իր բոլոր կարելիութիւնները ի գործ դրած է` պատրաստելու նորահաս սերունդ, որ օրուան պայմաններուն համահունչ կը պահպանէ ժառանգութիւնը»: Աւարտին կը նշուի, որ ելոյթին մասնակցող «Գայեանէ»-ի 200 աշակերտները մեր մշակոյթի պահպանման նոր դեսպաններն են, որոնց նկատմամբ բոլորս ունինք պարտաւորութիւններ եւ պարտականութիւններ:
Պարի ու պալէի դպրոցներու հաշուետու ելոյթը` դասարանները, ներկայացումները, այլազանութիւնը, համաչափութիւնը եւ տարիքային խումբերուն մէջ աշխատանքներուն ընթացքը ցոյց կու տան, որ կառոյցը էապէս դպրոցական հասկացողութեան սահմաններուն մէջ է եւ կը ծառայէ իր առաքելութեան` շնորհիւ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութիւնը վայելող Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան կազմակերպուած գործունէութեան եւ պարուսոյցներ Ժագլին Սարխոշեանի ու Կարէն Մակինեանի բծախնդիր, հետեւողական, որակաւոր եւ արդիւնաւէտ աշխատանքին:
Շնորհաւորելի են նաեւ ծնողները, որոնք իրենց զաւակները կը մղեն դէպի պար ու արուեստ Համազգայինի հայեցի ու հարազատ մթնոլորտի մէջ, ինչպէս նաեւ աշակերտները, որոնք փորձերուն ներկայանալով, իրենց ուսուցիչներուն ցուցումներուն հետեւելով ճիգ թափեցին իրենց լաւագոյնը կատարելու:














