Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սարդարապատն ու «Նեմեսիս»-ը Պիտի Յաղթեն Նիւթապաշտութեան

Մայիս 31, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հրապարակախoս Վաչէ Բրուտեանի խօսքը` «Նեմեսիս»-ի յուշարձանին մօտ տեղի ունեցած ձեռնարկին ընթացքին արտասանուած:

Ազգերը, պետութիւնները կը գոյատեւեն իրենց ուժի յենարաններով:

Ուժը չի սահմանափակուիր միայն ֆիզիքական ձեւով: Ան ունի նաեւ գաղափարական դրսեւորում:

Ազգերու, պետութիւններու գոյատեւման հիմքերէն են նաեւ ազգային արժանապատուութիւնն ու անկէ բխած գերիշխանութիւնը:

Այսօր հաւաքուած ենք հոս, «ՆԵՄԵՍԻՍ»-ի` Երեւանի սրտին վրայ կառուցուած այս յուշակոթողին շուրջ, ընդգծելու համար հայոց ազգային արժանապատուութեան գաղափարը` իբրեւ կենարար ուժ: Հոս հաւաքուած ենք անգամ մը եւս ընդգծելու համար, որ արդարութիւնն է այն խարիսխը, որուն վրայ կարելի է հաստատել ազգամիջեան համերաշխութիւնն ու արդարութիւնը: Առանց արդարութեան` խաղաղութիւն չի՛ կրնար հաստատուիլ:

Սա նոյն Երեւանն է, հայոց մայրաքաղաքը, ուր 1919-ին գումարուած էր ՀՅ Դաշնակցութեան 9-րդ Ընդհանուր ժողովը: Այդ նոյն ժողովի որոշումն էր պատժել Հայոց ցեղասպանութեան հեղինակները` յանուն արդարութեան եւ արժանապատուութեան վերականգնման: Մենք կայացուցինք ու գործադրեցինք արդար վճիռ:

Մօտաւորապէս 150 տարիէ ի վեր մեր ժողովուրդը կը պայքարի յանուն իր արդար իրաւունքներուն: Այդ արդար դատը մտաւ իր գործնական լուծման առաջին փուլը ճիշդ 105 տարի առաջ, ու ճիշդ այս օր` 1918-ի մայիսի 28-ին, երբ հռչակուեցաւ Հայաստանի անկախ պետականութիւնը:

Սա նոյն Երեւանն է, ուր 104 տարի առաջ ու դարձեալ ճիշդ այսօր հայոց ազգային կառավարութիւնը Հայաստանը հռչակեց ազատ, անկախ ու մանաւանդ` միացեալ:

Պատահական չէր, որ ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի հողին վրայ տրուեցաւ արդարութեան վրայ հիմնուած պատիժի որոշումը: Դաշնակցութեան էութեան մաս կը կազմէ արդարամտութիւնը: Այս արդարամտութեան վրայ խարսխուած է միացեալ Հայաստան կերտելու մեր ծրագրային մօտեցումը:

Դարձեալ, արդարութիւնը վերականգնելու, ՄԻԱՑԵԱԼ Հայաստան ստեղծելու մեր մօտեցումին արդիւնք էր այն, որ Դաշնակցութիւնը իր ամբողջ ուժերով լծուեցաւ Արցախը ազատագրելու պայքարին 1990-ական թուականներուն: Որովհետեւ հայ ժողովուրդին նկատմամբ գործուած անարդարութիւնը կը սրբագրուի միայն այն ատեն, երբ կը ստեղծենք միացեա՛լ Հայաստան: Սա՛ էր մեզ առաջնորդող գաղափարական սկզբունքը թէ՛ այդ օրերուն եւ թէ՛ այսօր, երբ կը պայքարինք Հայաստանի ներկայիս իշխանութեան հակաազգային վարքագծին դէմ:

Մեր թշնամիները` Թուրքիան ու Ազրպէյճանը, բնականաբար հաշտ աչքով չեն նայիր մեր պայքարին: Անոնց ձգտումն է միանգամընդմիշտ պարտութեան մատնել մեր արդար դատը: Իսկ Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնները ոչ միայն կը փորձեն ուրանալ մեր արդար դատը, այլեւ ամէն ինչ կ՛ընեն,  որպէսզի պարտութեան մատնեն յանուն արդարութեան մեր ժողովուրդին մղած պայքարը: Ասոր նորագոյն փաստը Արցախը թշնամիին յանձնելու իրենց բացայայտ տրամադրութիւնն է, ու նոյն ծիրէն ներս ալ` այս յուշակոթողին կառուցումը իբր թէ սխալ որոշումի արդիւնք համարելը: Տխուր է հաստատելը, որ ՀՀ ներկայ իշխանութիւններու բարձրագոյն ամպիոնէն հնչած այս միտքը ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ փորձ մը` հաճոյանալու թշնամի Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի կեցուածքին, թէ` «Սխալ էր այդ յուշարձանին կառուցումը»:

Ո՛չ, պարոնայք իշխանաւորներ: «ՆԵՄԵՍԻՍ»-ի այս յուշակոթողը խորհրդանիշն է հայ ժողովուրդի արդարամտութեան ու արժանապատուութեան: Անիկա պիտի մնայ իբրեւ ուղեցոյց` մեր յաջորդական սերունդներուն:

Մեր ժողովուրդին արդարամտութիւնն ու հաւաքական արժանապատուութիւնը սակարկելի չեն, ի՛նչ ալ մտածեն Անգարայի, Պաքուի, Մոսկուայի կամ Ուաշինկթընի մէջ: Արդարութիւնը վերականգնելու մեր ժողովուրդին ձգտումը կը դրսեւորուի յարատեւ պայքարով, յարատեւ կռիւով, զանազան տեսակի խրամատներու մէջ: Այդ խրամատները գոյութիւն ունին թէ՛ թշնամիին հետ շփման գիծերուն վրայ եւ թէ՛ համաշխարհային ուժի կեդրոններու դիւանագիտական քուլիսներուն մէջ:

Հետեւաբար, ու առանց թեթեւսօլիկ յոխորտանքի, կը հաստատենք. թող լաւ գիտնան բոլորը Անգարայի, Պաքուի, Մոսկուայի, Ուաշինկթընի եւ Պրիւքսելի մէջ, որ մեր ներկայութիւնը հոս, «ՆԵՄԵՍԻՍ»-ի` հայկական Նիւրենպերկի այս յուշակոթողին շուրջ ինքնին խորհրդանիշն է հայութեան արդար պայքարին նկատմամբ մեր ունեցած հաւատքին ու յանձնառութեան:

Այսօր, ու ինչպէս վերը նշեցինք, ՀՀ իշխանաւորները կը փորձեն հրաժարիլ հայութեան տարրական եւ արդար իրաւունքներէն եւ հո՛ս, այս գաղափարական դաշտին վրա՛յ է մեր ու իրենց տարբերութիւնը: Մեր ժողովուրդի արդար պահանջներու գաղափարական խորհրդանիշներէն են` Սարդարապատի, Ծիծեռնակաբերդի ու «ՆԵՄԵՍԻՍ»-ի յուշակոթողները, Արարատն ու Մռաւը, Շուշին ու Վանը: Իսկ ՔՊ-ին համար…  միայն ու միայն փողն ու ստամոքսը, նիւթապաշտական ագահութիւնը: Այս իշխանութիւնը իր էութեամբ կը հակադրուի մեր ժողովուրդի ազգային արժանապատուութեան: Այն արժանապատուութեան, զոր նաեւ պաշտպանելու համար կեանքի կոչուեցաւ «ՆԵՄԵՍԻՍ»-ը:

Բայց մենք ուժեղ ենք, որովհետեւ ամուր ենք այն հաւատքով, որ ի վերջոյ յաղթական դուրս պիտի գան գաղափարի ուժով զինուածները: Սարդարապատն ու «ՆԵՄԵՍԻՍ»-ը պիտի յաղթեն նիւթապաշտութեան: Միացեալ Հայաստանի գաղափարը պիտի յաղթէ 29 հազարին: Չկասկածի՛ք:

Զինուեցէք այս հաւատքով ու գաղափարով:

28 մայիս 2023, Երեւան

Նախորդը

Մեր Անզիջելի Սահմանագիծը

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան

Հոկտեմբեր 22, 2025
Հարուածել Եկեղեցուն` Նշանակում Է Հարուածել Ազգային Նկարագրին
Գլխաւոր լուրեր

Հարուածել Եկեղեցուն` Նշանակում Է Հարուածել Ազգային Նկարագրին

Հոկտեմբեր 22, 2025
Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?