Մայիս 25-ին, Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզինի եւ Ռուսիոյ մէջ Թուրքիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մեհմեթ Սամսարի հանդիպումը: Այս մասին կը հաղորդէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
«Քննարկուած է Անդրկովկասի մէջ տիրող կացութիւնը, ներառեալ Ռուսիոյ աջակցութեամբ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղիներու վերաբերեալ Ազրպէյճանի, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարներու միջեւ եռակողմ համաձայնագրերու իրականացումը: Անդրադարձ կատարուած է նաեւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու վերականգնման հեռանկարներու թեմային: Ընդգծուած է «3+3» խորհրդատուական շրջանային բեմահարթակի ծիրին մէջ Հարաւային Կովկասի մէջ համագործակցութեան կարեւորութիւնը:
«Տեղի ունեցած է մտքերու փոխանակում փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը այլ թեմաներու շուրջ», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: