Իրանն ու Հայաստանը միասնաբար պիտի ստեղծեն «Արաքս-Մեղրի» ազատ տնտեսական գօտի: Այս մասին յայտնած է Իրանի բարձրագոյն խորհուրդի ազատ առեւտրական-արդիւնաբերական եւ յատուկ տնտեսական գօտիներու քարտուղարութեան ֆինանսական կազմակերպութիւններու հետ աշխատանքներու համակարգման բաժինի ղեկավար Զոհրէ Պահրեպարը, որու խօսքերը մէջբերած է «Ֆարս» լրատու գործակալութիւնը:
«Ազատ առեւտրա-արդիւնաբերական ու յատուկ տնտեսական գօտիներու բարձրագոյն խորհուրդի քարտուղարութեան օրակարգին վրայ Իրանի եւ թիրախային երկիրներու միջեւ միացեալ ազատ գօտիներու ստեղծումն է», ըսած է ան: