Քրեմլինի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը: Այս մասին յայտնեց Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի աշխատակազմը:
«Քննարկուած են շրջանային փոխադրամիջոցային եւ տնտեսական ենթակառոյցներու ապաշրջափակման վերաբերող հարցեր:
«Համաձայնութիւն գոյացած է աշխատանքները շարունակելու մէկ շաբաթէն` երեք երկիրներու փոխվարչապետներու հանդիպումին ծիրին մէջ», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
«ՌԻԱ Նովոսթի»-ի համաձայն, եռակողմ հանդիպումը տեւած է շուրջ 20 վայրկեան:
Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք հանդիպումէն ետք, անդրադառնալով Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ չլուծուած թեքնիք խնդիրներու հարցին ըսաւ.«Խօսքը Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ սահմանը կտրելու ընթացակարգի մասին է. ինչպէ՞ս պիտի իրականացուի սահմանային ու մաքսային հսկողութիւնը»:
Ըստ անոր, անոնք թեքնիք, սակայն շատ կարեւոր մանրամասնութիւններ են, եւ այս հարցը պիտի քննարկեն երեք երկիրներու փոխվարչապետները մէկ շաբաթ ետք կայանալիք հանդիպումի ընթացքին:
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին իր կարգին Փաշինեանի եւ Ալիեւի հետ եռակողմ հանդիպումի սկիզբը ըսաւ, որ Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի փոխվարչապետները մէկ շաբաթէն պիտի հանդիպին` «չլուծուած խնդիրները վերացնելու համար»:
Կողմերը պիտի քննարկեն շրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հարցը:
Ըստ Ռուսիոյ նախագահին, հարցը եզրաբանական է, զուտ թեքնիք բնոյթ ունի, սակայն պէտք է հիմնուած ըլլայ իրողութիւններու ճշգրիտ ընկալման վրայ: «Սակայն, մեր կարծիքով, անոնք յաղթահարելի խոչընդոտներ են», ըսաւ Փութին:
Ան նաեւ նշեց, որ Ղարաբաղի հարցին մէջ կացութիւնը կը զարգանայ լուծման ուղղութեամբ` հակառակ խնդիրներուն:
Փութինի խօսքէն ետք կողմերը անցան բանակցութիւններու փակ ձեւաչափին:
Փութին–Փաշինեան Հանդիպում
Փութին եռակողմ հանդիպումէն առաջ անջատ հանդիպումներ ունեցաւ Փաշինեանի եւ Ալիեւի հետ:
Ան Փաշինեանի հետ հանդիպումէն ետք յայտնեց.«Ինչ կը վերաբերի Ղարաբաղի շուրջ կարգաւորման առնչուած զգայուն հարցերուն, ես եւ վարչապետ Փաշինեանը անգամ մը եւս դէմ առ դէմ քննարկեցինք այս ամէնը: Մենք տակաւին հնարաւորութիւն պիտի ունենանք եռակողմ ձեւաչափով խօսելու փոխադրամիջոցային կապերու ապաշրջափակման հարցերու շուրջ: Հարցերը շատ կարեւոր են եւ զգայուն»:
«Համոզուած եմ, որ եթէ ի վերջոյ, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, այդ հարցերու լուծման հասնինք, ապա ատիկա անկասկած օգուտ պիտի բերէ թէ՛ Հայաստանին, թէ՛ Ազրպէյճանին, եւ ոչ միայն երկու երկիրներուն, այլ նաեւ ամբողջ տարածաշրջանին, որովհետեւ բազմաթիւ պետութիւններ շահագրգռուած են: Եւ ատիկա պիտի նպաստէ յարաբերութիւններու բոլոր ուղղութիւններով կարգաւորման` ներառեալ քաղաքական` այս տարածքին մէջ ապրող մարդոց անվտանգութեան ապահովման առումով», ըսաւ ան:
Փութին նաեւ նշեց, որ Ռուսիան երբեք չէ փոխած իր դիրքորոշումը Բերձորի միջանցքի հարցին նկատմամբ:
Փաշինեան իր կարգին յայտնեց.«Լեռնային Ղարաբաղի եւ Լաչինի միջանցքին մէջ կացութիւնը լարուած է, այսօր բազմիցս խօսած ենք այս մասին, հակառակ 2020-ի նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան, Ազրպէյճանը անօրինական կերպով արգելափակած է Լաչինի միջանցքը»:
«Լեռնային Ղարաբաղը մարդասիրական ճգնաժամի մէջ է: Լեռնային Ղարաբաղի կազի եւ ելեկտրականութեան մատակարարումները դադրեցուած են, արգելափակուած են Ազրպէյճանի կողմէ, որ կը խորացնէ մարդասիրական կացութիւնը», ըսաւ Փաշինեան` աւելցնելով, որ Բերձորի միջանցքը արգելափակուած է ռուս խաղաղապահներու ներկայութեամբ:
Անդրադառնալով շրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման թեմային` Փաշինեան ընդգծեց, որ Հայաստան շահագրգռուած է ատով. «Մենք պատրաստ ենք սկսելու հաղորդակցման ուղիներու ապաշրջափակումը` մեր երկիրի գերիշխանութեան եւ իրաւասութեան հիման վրայ»:
Ան ըսաւ, որ Հայաստանի սահմանապահ եւ մաքսային ծառայութիւնները պատրաստ են ապահովելու երկաթուղիով փոխադրութիւններու տեղաշարժը: «Եւ մենք կ’անկնակլենք, որ Ազրպէյճանի երկաթուղին բաց ըլլայ Հայաստանի երկաթուղային բեռներու համար Նախիջեւանի, Ազրպէյճանի Հանրապետութեան միջով, օրինակ` դէպի Ռուսիա, Իրանի Իսլամական հանրապետութիւն»:
Փութին–Ալիեւ Հանդիպում
Ռուսիոյ նախագահը Ազրպէյճանի նախագահին հետ երկկողմ հանդիպումին ընթացքին յայտարարեց.«Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւնները կառուցուած են հաւասարութեան եւ իրարու շահերը հաշուի առնելու սկզբունքներու վրայ:
«Ռուս-ազրպէյճանական յարաբերութիւնները, եթէ խօսինք երկկողմանի հիմի մասին, բարձր մակարդակի վրայ են, աստիճանաբար կը զարգանան հաւասարութեան սկզբունքներով` հաշուի առնելով իրարու շահերը», ըսաւ ան:
Փութին յիշեցուց Հեյտար Ալիեւի ծննդեան 100-ամեակի տօնակատարութիւնը: «Դուք գիտէք մեր վերաբերմունքը Խորհրդային Միութեան, անկախ Ազրպէյճանի քաղաքական գործիչի նկատմամբ: Ան ականաւոր քաղաքական գործիչ է, միաւորող գործիչ մեր երկիրներու պատմութեան մէջ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Հեյտար Ալիեւի տարեդարձը արժանիօրէն նշուած է Ռուսիոյ մէջ:
Ալիեւ իր կարգին յայտնեց.«Հեյտար Ալիեւը եւ դուք, Վլատիմիր Վլատիմիրովիչ, բարձր մակարդակի յարաբերութիւններ հաստատած եք Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ: Մենք Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւնները կը գնահատենք իբրեւ դաշնակցային ոչ միայն տէ ֆաքթօ, այլ նաեւ` տէ ժիւրէ»:
Ալիեւ նաեւ ըսաւ, որ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան ճանաչումէն ետք, Հայաստանի հետ համաձայնագիրի յաջորդող կէտերու շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու հարցը շատ աւելի դիւրին պիտի ըլլայ:
Ուաշինկթըն Կը Մեկնբանէ Մոսկովեան Հանդիպումը
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլլըր մեկնաբանեց Մոսկուայի մէջ Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներու եռակողմ հանդիպումը եւ ըսաւ.«Ինչպէս գիտէք` մենք ատոնց չենք մասնակցած, սակայն կը շարունակենք զայն մեզի համար առաջնահերթութիւն համարել»:
Ան յիշեցուց մայիսի սկիզբը Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումները, որոնց կը մասնակցէին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընը, Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանն ու Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը: Անոր խօսքով` Միացեալ Նահանգներ կ’աջակցին բանակցութիւններու շարունակման:
«Ինչպէս արդէն ըսինք, մենք կը հաւատանք, որ համաձայնութիւնը հասանելի է, եւ մենք կը շարունակենք ճնշում գործադրել երկու կողմերուն վրայ` միասին աշխատելու` համաձայնութեան հասնելու այն հարցերու շուրջ, որոնք կը մնան չլուծուած», աւելցուց Միլլըր: