Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Սուրիա
Առաջնորդ Սրբազան Հօր Հովուական Անդրանիկ Այցելութիւնը Լաթաքիոյ Հայութեան
Հինգշաբթի, 11 մայիս 2023-ի յետմիջօրէին Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար եպս. Աշգարեան հովուական անդրանիկ այցելութեամբ հասաւ Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցի`
ընկերակցութեամբ Կրօնական ժողովի ատենապետ Մանուկ վրդ. Պարիխանեանի եւ Ազգային վարչութեան անդամ Արմէն Գասպարեանի, առաջնորդ սրբազանը արժանացաւ ժողովրդային ընդունելութեան:
Եկեղեցւոյ մէջ կանոնական աղօթքէն ետք Լաթաքիոյ եւ ծովափնեայ շրջանի հոգեւոր հովիւ Վազգէն քհնյ. Քէօշկէրեան բարի գալուստ մաղթեց սրբազան հօր` նշելով, որ օրհնեալ է անոր գալուստը, որովհետեւ կու գայ Տիրոջ անունով` Տիրոջ օրհնութիւնը բաշխելու բոլորին: Ապա ան հրաւիրեց սրբազան հայրը իր հայրական պատգամը ուղղելու ժողովուրդին:
Սրբազան հայրը սաղմոսերգուին բառերով հովուական այցելութիւնը համարեց գոհութիւն յայտնելու օր եւ հրաւիրեց ժողովուրդը, հակառակ բոլոր նեղութիւններուն եւ դժուարութիւններուն, շարունակ գոհութիւն յայտնելու Տիրոջ, որովհետեւ ամէն օր կը վայելենք Աստուծոյ սէրն ու բարիքները: Ան յայտնեց, որ Ս. Յարութեան տօնէն մինչեւ Համբարձում քառասուն օրեր զիրար պէտք է ողջունենք Քրիստոսի ս. յարութեան աւետիսով եւ վկայենք աստուածային օրհնութեան, բարիքին եւ սիրոյն մասին:
Մակար սրբազան հաստատեց, որ սիրոյ կապով եւ Քրիստոսի ներկայութեամբ կապուած ենք իրարու` այն կատարեալ գիտակցութեամբ, որ իւրաքանչիւրս ծառայութեան իր լուման բերելով` իրեն վստահուած պարտականութիւնը լաւագոյնս կը կատարէ: Ան աղօթեց, որ հաստատ մնանք մեր կոչումին մէջ, ձեռք ձեռքի տալով` մեր ազգին եւ ժողովուրդին շահերը գերադասենք մեր անձնական շահերէն եւ վեհ արժէքներու համար աշխատինք, որպէսզի լաւագոյնս արժեւորուի մեր կեանքը:
Այնուհետեւ Մանուկ վրդ. Պարիխանեան կարդաց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին սրբատառ կոնդակը, որով վեհափառ հայրապետը, ընդառաջելով սրբազան հօր խնդրանքին, աւագութեան պատիւ եւ տիտղոս կը շնորհէ Վազգէն քհնյ. Քէօշկէրեանին` առ ի գնահատանք թեմին մէջ անոր քահանայական բեղուն ծառայութեան:
Սրբազան հայրը, կոնդակը յանձնելով, շնորհաւորեց` քահանայ հայրը, եկեղեցւոյ Թաղական խորհուրդը, պատկան մարմինի ներկայացուցիչները, եկեղեցւոյ դպրաց դասը, Ազգ. վարժարանի հոգաբարձութիւնը, տնօրէնութիւնը, մշակները, կիրակնօրեայ դպրոցի ուսուցչական կազմը, բարեսիրական, մարզական ու մշակութային միութիւնները եւ Լաթաքիոյ հայութիւնը` հրաւիրելով բոլորը ծառայելու մեր ժողովուրդի զաւակներուն:
– Լաթաքիոյ հայութեան տուած հովուական անդրանիկ այցելութեան ընթացքին Մակար եպս. Աշգարեան պատուիրակութեամբ այցելեց Լաթաքիոյ ոստիկանապետ զօր. Ապտօ Քարամին: Սրբազան հայրը անդրադարձաւ Սուրիոյ նախկին նախագահ հանգուցեալ Հաֆեզ Ասատի դամբարան իր այցելութեան, որ առիթ հանդիսացաւ մեր յարգանքն ու սէրը արտայայտելու եւ անոր յիշատակներով զօրացած` մեր աշխատանքները շարունակելու:
Մակար սրբազան յայտնեց, որ երախտագիտութեան ոգին միշտ մեր մէջ կը բոցավառի Սուրիոյ ասպնջական ժողովուրդին հանդէպ, որ Հայոց ցեղասպանութեան օրերուն գրկաբաց ընդունեց մեր մայրերն ու հայրերը եւ իր հացը կիսեց անոնց հետ:
Ոստիկանապետը իր ուրախութիւնը յայտնեց այցելութեան առիթով եւ անդրադառնալով հայ ժողովուրդին հետ եղբայրական սերտ գործակցութեան` նշեց, որ հայը միշտ հաւատարիմ գտնուած է այն երկրին, ուր ապրած է եւ պատրաստ եղած է արեան գնով պաշտպանելու անոր իրաւունքները:
– 13 մայիս 2023-ին Մակար եպս. այցելեց Լաթաքիոյ Կրօնական կալուածներու տնօրէն դոկտ. Մոհամետ Մահմուտ Ալիոյին: Սրբազանը կարեւորութեամբ անդրադարձաւ հոգեւորականներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող եղբայրական սիրոյ յարաբերութեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց կրօնական կալուածներու տնօրէնին` ջերմ ընդունելութեան համար եւ բոլոր պատասխանատուներուն մաղթեց առողջութիւն ու աստուածային իմաստութիւն, որպէսզի կարենան իրենց ուսերուն վրայ դրուած ծանր պարտականութիւնը յառաջ տանիլ եւ ժողովուրդը ճշմարիտ ճանապարհէն առաջնորդել դէպի Աստուած:
Դոկտ. Մոհամետը մաղթեց, որ եղբայրական սիրոյ սերտ գործակցութեամբ եւ յաճախակի հանդիպումներով շարունակեն գործել ժողովուրդի բարօրութեան եւ բարիքին համար:
Նոյն օրը Մակար եպս. Աշգարեան այցելեց Լաթաքիոյ Յոյն ուղղափառ համայնքի առաջնորդ Աթանասիոս Ֆահտ եպիսկոպոսին: Հանդիպումին եղբայրական ջերմ ողջոյններ փոխանակուեցան եւ համագործակցութեան, բարեբեր ծառայութեան եւ յաջող գործունէութեան բարեմաղթութիւններ կատարուեցան:
Այցելութիւն տրուեցաւ նաեւ Լաթաքիոյ նահանգապետ Ամեր Իսմայիլ Հիլալին: Սրբազան հայրը անդրադարձաւ հովուական այցելութեան: Նահանգապետը գնահատեց սուրիահայութեան գործուն մասնակցութիւնը երկրի վերականգնումի աշխատանքներուն եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց գործակցութեան:
– ՀՅԴ Բիւրոյին եւ Բերիոյ հայոց թեմին կողմէ երկրաշարժէն տուժած սուրիահայ ուսանողներու օժանդակութեան 2-րդ փուլը տեղի ունեցաւ Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, որուն շրջափակին մէջ հանդիպում մը կայացաւ Մակար եպս. Աշգարեանի եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութեան հետ: Աւելի քան 150 լաթաքիահայ ուսանողներ նիւթական օժանդակութիւն ստացան: Մակար սրբազան գնահատեց ուսանողներուն ուսումնական երթը երկրի ծանր պայմաններուն մէջ` դիտել տալով, որ Ազգային վարչութեան բոլոր նիստերուն առկայ էր սուրիահայ բոլոր համալսարանականներուն անխտիր նեցուկ կանգնելու օրակարգը, եւ ժողովը կը քննարկէր օժանդակութեան տարբեր կարելիութիւններ, յատկապէս` երկրաշարժին պատճառով յառաջացած դժուարութիւններուն լոյսին տակ: Ան դիտել տուաւ, որ այս օրակարգը քննարկուած է ՀՅԴ Բիւրոյին հետ եւ համապատասխան որոշումներ կայացուած են` օժանդակելու ուսանողութեան, որպէսզի անոնք յաղթահարեն տարիներու պատերազմէն ու երկրաշարժէն ետք յառաջացած դժուարութիւնները եւ անխափան ընթանան իրենց ուսման ասպարէզին մէջ:
Միացեալ Նահանգներ
Հիմնարկէք Մուսա Լերան Հերոսամարտի Ֆրեզնոյի Յուշարձանին
29 ապրիլին «Արարատ-Մասիս» գերեզմանատան մէջ, «Նեմեսիս»-ի հերոսներէն Սողոմոն Թեհլիրեանի յուշարձանին կից գտնուող հողամասին վրայ տեղի ունեցաւ Մուսա Լերան հերոսամարտի 18 նահատակներուն նուիրուած յուշարձանին հիմնարկէքը:
Ֆրեզնոյի Մուսա Լերան հայրենակցական միութեան ատենապետ Նշան Տէր Գալուստեան շնորհակալական խօսք ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք նիւթական օժանդակութեամբ մասնակից դարձան կառուցուելիք յուշարձանի հիմնադրամին: Ան նաեւ դրուատեց յուշարձանի յանձնախումբին անդամները, որոնք պարտականութեան վեհ գիտակցութեամբ տքնաջան կ՛աշխատին այս նպատակին իրականացման համար:
Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Պերճ Աբգարեան դրուատեց յուշարձանին կառուցման աշխատանքը իրագործող յանձնախումբին բոլոր անդամները, վարչութիւնը եւ նիւթապէս ու բարոյապէս օժանդակողները եւ յանդուգն քայլ որակեց կոթողին կառուցման ծրագիրը: Ան մասնաւորապէս շեշտեց, որ սոյն յուշակոթողը միայն մուսալեռցիներուն չի պատկանիր, այլ` համայն հայութեան:
Աշոտ վրդ. Խաչատուրեան իր խօսքին մէջ քաջալերեց Մուսա Լերան յուշակոթողի յանձնախումբին աշխատանքը` շեշտելով, որ սոյն յուշակոթողը նորագոյն վկայութիւնը պիտի ըլլայ, թէ Մուսա Լերան քաջարի հերոսամարտը յաւերժ պիտի յիշատակուի:
Վեր. Ներսէս Պալապանեան կարդաց համարներ Աւետարանէն:
«Արարատ-Մասիս» գերեզմանատան յանձնախումբի անդամ Արա Քարազեան ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց յանձնախումբին ցարդ կատարած իրագործումները` կոչ ուղղելով բոլոր մուսալեռցիներուն նիւթապէս եւ բարոյապէս մասնակից ըլլալու յուշարձանի կառուցման գործին:
Աւարտին կատարուեցաւ հիմնարկէքի արարողութիւնը:
Հիւսիսային Ամերիկայի Թեմակալ Երեք Առաջնորդներու Ժողով
4 մայիսին Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեան Քանատայի Ազգային առաջնորդարանին մէջ ընդունեց Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու հայոց թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեանը եւ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանը` նախապէս առնուած որոշումի մը հիման վրայ:
Թեմակալ առաջնորդները խորհրդակցեցան հայ ազգը, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը եւ թեմերը յուզող հարցերու շուրջ:
Առանցքային նիւթ դարձաւ Արամ Ա. վեհափառ կաթողիկոսին հովուական այցելութիւնը Հիւսիսային Ամերիկայի երեք թեմերը, եւ այս առիթով վերջնականացուեցաւ ժամանակացոյցը:
Առաջնորդ հայրերը անգամ մը եւս յայտնեցին, թէ յոյս ունին, որ վեհափառ հայրապետին հովուապետական այցելութիւնը պիտի սատարէ երեք շրջաններու հայութեան հաւատքի նորոգութեան, ազգային ինքնութեան նորօրեայ արժեւորման եւ հոգեւոր ու մշակութային կեանքի յաւելեալ ծաղկումին:
Սրբազան հայրերը զեկոյցներ լսեցին թեմերուն մէջ քրիստոնէական եւ հայեցի դաստիարակութեան իրագործուող աշխատանքներու մասին եւ քննարկեցին, թէ ինչպէ՛ս կարելի է փոխանակել եւ օգտուիլ այդ աշխատանքներէն: Անոնք յանձնարարեցին երեք թեմերու քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքներու վարիչներու միացեալ հանդիպում մը` թափ տալու համար դաստիարակչական եւ հրատարակչական միջթեմական ծրագիրներու:
Առաջնորդները վերահաստատեցին իրենց որոշումը` պարբերաբար ունենալու նման հանդիպում-ժողովներ` միացեալ աշխատանքներ յառաջ տանելու եւ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը վերարժեւորելու հայ կեանքին մէջ:
Յունաստան
Կրթութեան Եւ Կրօնի Նախարար Քերամէոս Այցելեց «Զաւարեան» Կեդրոն
4 մայիսին կրթութեան եւ կրօնի նախարար Նիքի Քերամէոս, ընկերակցութեամբ կրօնի նախարարութեան ընդհանուր քարտուղար Եորղոս Քալածիսի, այցելեց Քոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնը:
Առաջին հերթին ան շրջեցաւ «Զաւարեան» վարժարանի յարկէն ներս եւ գնահատանքով մատնանշեց վարժարանի միջավայրին կրթական օճախի ջերմ մթնոլորտն ու յատկապէս հայկական մշակութային նկարագիրը:
«Զաւարեան» կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպումը նախարարուհիին հետ: Թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան ողջունելէ ետք նախարարին այցելութիւնը, նկատել տալով, որ կրթական եւ կրօնի նախարարութիւնը կառավարութեան էական մարզերէն մէկն է, դրուատիքով անդրադարձաւ նախարարին պաշտօնավարութեան շրջանին պատասխանատուութեամբ, աչալրջութեամբ ու մանաւանդ վճռակամութեամբ կատարած իրագործումներուն: Սրբազանը նաեւ շնորհակալական խօսք ուղղեց յունական պետութեան` կրթական նախարարութեան հայ վարժարաններուն ցուցաբերած կարեւոր նեցուկին ու աջակցութեան համար: Իր խօսքին մէջ նաեւ ողջունեց նախարարութեան ընդհանուր քարտուղար Եորղոս Քալածիսին ներկայութիւնը` շնորհակալական խօսքերով անդրադառնալով, որ ան միշտ պատրաստակամ է իր հանգամանքին տրամադրած կարելիութեան սահմաններուն մէջ օգտակար հանդիսանալու հայկական վարժարաններուն հետ կապուած բոլոր հարցերուն բարւոք կարգաւորման:
Նախարարը, իր կարգին, շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար` յայտնելով որ նախարարութիւնը միշտ պատրաստ է օրէնքի սահմաններու մէջ ընդառաջելու հայ վարժարաններու կարիքներուն եւ ծրագիրներուն:
Այնուհետեւ խօսակցութիւնը ընթացաւ կրթական նախարարութեան դիմագրաւած հսկայական դժուարութիւններով եւ, մարտահրաւէրներով հանդերձ, կատարած իրագործումներուն, ծրագիրներուն ու նաեւ ապագայի հեռանկարներուն: Քննարկուեցան նաեւ հայ վարժարաններու հետ առնչուած զանազան հարցեր:
Աւարտին սրբազան հայրը նկատելով, որ յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն Քերամէոս վերընտրութեան թեկնածութիւնը առաջադրած է, յաջողութիւն մաղթեց անոր:
Պոլիս
«23.5. Հրանդ Տինք Յիշողութեան Վայր» Արժանացաւ «Քենեթ Հատսըն» Մրցանակին
«Հրանդ Տինք» հիմնարկը կը տեղեկացնէ, որ Եւրոպայի այս տարուան լաւագոյն թանգարաններու մրցանակաբաշխութեան` EMYA 2023-ի ընթացքին, Պոլսոյ «23.5. Հրանդ Տինք յիշողութեան վայր» թանգարանը արժանացաւ համարձակութեան եւ ուղղամտութեան համար շնորհուող «Քենեթ Հատսըն» մրցանակին:
Նշենք, որ Եւրոպայի թանգարաններու համախմբումին կողմէ շնորհուած մրցանակը ստանձնեց «Հրանդ Տինք» հիմնարկի ծրագիրներու տնօրէն Նայաթ Գարաքէօսէ: Համապատասխան վկայականը յանձնուեցաւ հանդիսաւոր արարողութեան մը ընթացքին:
Իրաք
Իրաքի Մարդու Իրաւունքներու Կազմակերպութեան Պատուիրակութեան Այցը
8 մայիսին Ազգային ծերանոցի համալիրէն ներս գտնուող իր գրասենեակին մէջ թեմի առաջնորդ Օշական վրդ. Կիւլկիւլեան, ներկայութեամբ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Կարապետ Գալուստեանի, ընդունեց Իրաքի Մարդու իրաւունքներու կազմակերպութենէն պատուիրակութիւն մը, զոր կը գլխաւորէր փոքրամասնութիւններու պատասխանատու Քէյս Հուսէյնը:
Յետ ծանօթութեան քննարկուեցան փոքրամասնութիւններու եւ յատկապէս հայ գաղութին հետ առնչուող հարցեր ու խնդիրներ: