Թուրքիոյ ընդդիմութեան նախագահի թեկնածու, Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըչտարօղլու Ռուսիան ամբաստանեց «ընտրարշաւի ծիրին մէջ խոր կեղծումի ճարտարագիտութեան» դիմելու յանցանքով:
Քըլչըտարօղլու ընկերային ցանցերու միջոցով յայտնեց. «Սիրելի՛ ռուս բարեկամներ, դուք կը կանգնիք արտադրման գործողութիւններուն, սադրանքներուն, կեղծման ու ձայնագրութիւններուն ետին, որոնք երէկ այս երկրին մէջ բացայայտուեցան: Եթէ 15 մայիսէն ետք մեր բարեկամութիւնը կ՛ուզէք, ապա թրքական պետութեան մի՛ դպչիք: Մենք միշտ գործակցութեան ու բարեկամութեան կը զօրակցինք»:
Քըլըչտարօղլու այս մասին յայտարարեց Թուրքիոյ նախագահութեան մէկ այլ թեկնածուի` Մուհարրեմ Ինճէի, համացանցի ճամբով զրպարտութեան արշաւի մը թիրախը դառնալուն պատճառով թեկնածութիւնը յետս կոչելէն ժամեր ետք:
Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով, անդրադառնալով Քըլըչտարօղլուի յայտարարութեան, ըսաւ. «Ես չեմ գիտեր, թէ ի՛նչ է նման կոչերու պատճառը… Մենք կտրականապէս կը մերժենք նման յայտարարութիւնները, պաշտօնապէս կը յայտարարենք, որ որեւէ միջամտութեան մասին խօսք չի կրնար ըլլալ: Եթէ ոեւէ մէկը պարոն Քըլըչտարօղլուին նման տեղեկութիւն տրամադրած է, ապա ան ստախօս է, այդպէս ալ պէտք է ըսուի»:
Ան ընդգծեց, որ Ռուսիան «շատ բարձր կը գնահատէ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հետ երկկողմանի յարաբերութիւնները, որովհետեւ Թուրքիան մինչեւ հիմա շատ պատասխանատու, ինքնիշխան եւ լաւ մտածուած դիրքորոշում որդեգրած է մեր առջեւ ծառացած շարք մը շրջանային եւ համաշխարհային խնդիրներու վերաբերեալ»:
«Այն երկիրը, որ բարձր կը գնահատէ երկկողմանի յարաբերութիւնները, ոչինչ պիտի ընէ իր գործընկերոջ առնչուած», եզրափակեց Փեսքով:


