Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարած է Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ միջեւ նախագահներու մակարդակով հանդիպման կարելիութեան մասին: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը` նշելով, որ Չաւուշօղլու այս մասին յայտարարած է «Ա Հապեր» պատկերասփիւռի կայանէն` մեկնաբանելով Մոսկուայի մէջ Սուրիոյ, Թուրքիոյ, Ռուսիոյ եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ քառակողմ բանակցութիւններուն արդիւնքները:
«Նախ մենք երկկողմանի բանակցութիւններ ունեցանք Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարին հետ: Ատկէ ետք տեղի ունեցած է քառակողմ հանդիպում», ըսած է Չաւուշօղլու:
Քառակողմ հանդիպումը նուիրուած էր Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ յարաբերութիւններու կարգաւորման: Երկու երկիրներուն յարաբերութիւնները խզուած էին 2011 թուականին:


