Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի ըսած է, որ իր երկրին աւելի շատ ժամանակ պէտք է ռուսական ուժերու դէմ այդքան սպասուած հակայարձակումը սկսելու համար, որովհետեւ ուքրանական զինեալ ուժերը կը սպասեն խոստացուած զինուորական օգնութեան մատակարարման:
Այս մասին կը հաղորդէ «Պի.Պի.Սի.»-ն` աւելցնելով, որ սպասուող հակայարձակումը կրնայ վճռորոշ ըլլալ պատերազմի մէջ` վերագծելով ճակատները, որոնք ամիսներ շարունակ մնացած են անփոփոխ: Ատիկա նաեւ վճռորոշ փորձութիւն պիտի ըլլայ Ուքրանիոյ համար, որ կ՛ուզէ ապացուցել, որ Արեւմուտքէն ստացած զէնքն ու սպառազինութիւնը կրնան յանգեցնել մարտի դաշտին մէջ զգալի ձեռքբերումներու:
Զելենսքի չէ մանրամասնած, թէ ե՛րբ եւ ո՛ւր տեղի պիտի ունենայ ուքրանական հակայարձակումը:
Ներկայիս ռուսական ուժերը ամրապնդած են իրենց պաշտպանութիւնը ճակատի գիծի երկայնքին, որ կ՛երկարի 1450 քիլոմեթրի վրայ` Լուկանսքի եւ Տոնեցքի շրջաններէն մինչեւ Զափորոժիէ եւ Խերսոն:
Մինչ այդ, ռուսական «Վակներ» սեփական զինուորական ընկերութիւնը երէկ յայտարարեց, որ Պախմութ քաղաքը գործնականապէս իր վերահսկողութեան տակ կը գտնուի, եւ անոր վրայ ամբողջական վերահսկողութեան հաստատման համար միայն 740 մեթրի հեռաւորութիւն մնացած է:


