Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններու ժամանակ մենք մէկ քայլ յառաջ գացած ենք: Այս մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով:
Ան նաեւ աւելցուցած է, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներու Պրիւքսելի մէջ տեղի ունենալիք հանդիպումը «երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին մաս կը կազմէ» եւ կրնայ իբրեւ «Երեւանի ու Պաքուի միջեւ բանակցութիւններու բաղկացուցիչ մաս» նկատուիլ:
«Ընդհանուր առմամբ, մենք դրական կը գնահատենք ընթացող հոլովոյթը, որովհետեւ երբեմն բանակցային հոլովոյթին մէջ ընդմիջումներ կամ ձգձգումներ կ՛ըլլան: Այս հարցին մէջ ազրպէյճանական կողմի մօտեցումը միշտ կայուն է եւ հետեւողական. մենք հանդէս կու գանք յօգուտ բանակցային հոլովոյթին եւ կարգաւորման», նշած է Պայրամով:
Անոր համաձայն, ղեկավարներու հանդիպումը, ընդհանուր առմամբ, դրական գործօն է: «Բանակցութիւններուն եւ անոնց արդիւնքներուն երկար պիտի չսպասենք», աւելցուցած է ազրպէյճանական դիւանագիտութեան պետը:


