Նիւ Եորքի մէջ երդուեալ ատենակալներու դատարանը բաւարարած է լրագրող եւ գրող Էլիզապեթ Քերըլի քաղաքային հայցը եւ մեղաւոր ճանչցած Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ, հանրապետական Տանըլտ Թրամփը:
Քերըլ մեղադրած է Թրամփը 1996 թուականին սեռային ոտնձգութիւններ կատարելու եւ զրպարտութեան համար:
Դատաւորները վճռած են. «Թրամփ Քերըլին դպած է` առանց անոր համաձայնութեան»: Թրամփը, ըստ դատարանի, նաեւ Քերըլը զրպարտած է, երբ փորձած է հերքել այս գործով անոր յայտարարութիւնները:
Երդուեալ ատենակալները, սակայն, չեն հաստատած բռնաբարութեան մեղադրանքը:
Դատարանը Թրամփէն պահանջած է 5 միլիոն տոլար հատուցում վճարել Քերըլին` 2 միլիոնը սեռային ոտնձգութիւններու, իսկ 3 միլիոնը զրպարտութեան համար:
Էլիզապեթ Քերըլ կը պնդէ, որ 1996 թուականին Տանըլտ Թրամփին կողմէ Նիւ Եորքի վաճառատուներէն մէկուն հանդերձասրահին մէջ բռնաբարութեան ենթարկուած է:
Թրամփ կը պնդէ, որ երբեք չէ հանդիպած Քերըլին: Ան «քաղաքական հետապնդում» եւ «խայտառակութիւն» կոչած է իրեն ներկայացուած մեղադրանքը: