Թուրքիոյ մէջ տեղի ունենալիք ընտրութիւններուն վերաբերեալ արեւմտեան մամուլի նենգափոխումներու նպատակը Միացեալ Նահանգներու ծրագիրի իրականացումն է: Թրքական «Ենի Աքիթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլու:
«Միացեալ Նահանգներու ծրագիրը աշխուժօրէն ուժգին կը դառնայ: Արեւմտեան մամուլի միջամտութեան պատճառը Միացեալ Նահանգներու ծրագիրի իրականացումն է», ըսած է ան:
Նախարարին համաձայն, 1960 թուականէն ետք Արեւմուտքը ներթափանցած է Թուրքիոյ քաղաքական համակարգ, սակայն, գործող նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յաջողած է ազատուիլ ատկէ:
«Այժմ, Արեւմուտքը սկսած է յառաջ քշել (Թուրքիոյ վերաբերեալ) իր տեսլականը: Այն պահէն, երբ մենք 2023 թուականի ընտրութիւններուն կը յաղթենք, պիտի սկսի կայունութեան դարը: Անոնք ատիկա կը տեսնեն: Չկան այնպիսի ընտրութիւններ, որոնք Միացեալ Նահանգներու դեսպանը չուզէ վերահսկել», ըսած է նախարարը:
Սոյլու նշած է, որ Արեւմուտքի մէջ կը պնդեն, որ Անգարայի աշխարհաքաղաքական նախապատուութիւնները չեն համապատասխաներ իրենց շահերուն, սակայն հիմնականը այն է, որ Թուրքիան «չընդունեց ամերիկեան տիրապետութիւնը»:
«104 տարիէ ի վեր կը փորձեն վրէժ լուծել ասոր համար: Բոլորը ամէն ինչ գիտեն», եզրափակած է Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարը:


