Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանը Թեր Քուէարկած Է ՄԱԿ-ի Բանաձեւին, Որուն Նախաբանին Մէջ Ռուսիան Ուքրանիոյ Եւ Վրաստանի Դէմ Իբրեւ «Նախայարձակ» Կը Նշուի

Մայիս 3, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

26 ապրիլին, ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովը 122 թեր քուէներով որդեգրած է ՄԱԿ-ի եւ Եւրոպական խորհուրդի համագործակցութեան մասին բանաձեւ մը, որուն նախաբանին մէջ կը յիշատակուի «Ռուսիոյ կողմէ Ուքրանիոյ եւ մինչ այդ Վրաստանի վրայ յարձակումը»:

Բանաձեւին այլ երկիրներու կողքին թեր քուէարկած են Հայաստանը, Չինաստանը, Թուրքիան եւ Ղազախստանը:

Բանաձեւի սկիզբը կայ հետեւեալ ձեւակերպումը` «Ընդունելով նաեւ աննախադէպ մարտահրաւէրները, որոնք այժմ Եւրոպայի դէմ կանգնած են Ռուսիոյ կողմէ Ուքրանիոյ եւ մինչ այդ Վրաստանի վրայ յարձակումէն ու Եւրոպական խորհուրդին մէջ Ռուսիոյ անդամակցութեան դադրեցումէն ետք, կոչ կ՛ուղղենք ամրապնդելու Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան եւ Եւրոպական խորհուրդին միջեւ համագործակցութիւնը` յատկապէս որեւէ պետութեան գերիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան ու քաղաքական անկախութեան յարգման վրայ հիմնուած խաղաղութեան եւ անվտանգութեան արագ վերականգնման եւ պահպանման համար, զինուորական գործողութիւններու ընթացքին ապահովելու մարդու իրաւունքներու եւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի պահպանումը, վնասուածներուն փոխհատուցելու եւ պատասխանատուութեան ենթարկելու միջազգային օրէնքի խախտման բոլոր մեղաւորները»:

Բանաձեւին դէմ քուէարկած են Ռուսիան, Պիելոռուսիան, Հիւսիսային Քորէան, Նիքարակուան եւ Սուրիան:

Ձեռնպահ մնացած են Ազրպէյճանը, Ուզպեքիստանը, Խըրխըզիստանը, Տաճիկիստանը, Վենեզուելան, Սերպիան եւ 13 այլ երկիրներ:

 

Նախորդը

Աշխատաւորներու Միջազգային Օրուան Առիթով Երեսփոխան Յ. Բագրատունիի Համացանցային Գրառումը

Յաջորդը

Անդրադառնալով Միրզոյեան-Պայրամով Հանդիպումին` Ուաշինկթըն. «Կը Կարծենք, Որ Այս Երկու Երկիրներուն Միջեւ Խաղաղութիւնը Կարելի Է»

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը
Հայկական

Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»
Հայկական

Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?