ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
Հայկական ինքնութեան, հայկական համայնքներու, հայկական թաղամասերու եւ սփիւռքի հայկական գաղութներու մասին խօսելու կամ գրելու ընթացքին երբեմն կը յայտնուի «կեթօ» բառը եւ անոր հոլովումները, որոնք կը գործածուին նաեւ իբրեւ ածական` ընդհանրապէս ներկայացնելու համար բացասական` յոռի, նուաստացուցիչ վիճակ: Կ՛արժէ հասկնալ այս բառին ծագումը, գործածութիւնը եւ իսկական իմաստը:
Կեթօ` ghetto անգլերէնէ հայերէն բառարանին մէջ (1) կը նշանակէ հրէական թաղ, այլ բառարանի մը մէջ` չքաւոր հրեաներու թաղ: Այս եզրը առաջին անգամ գործածուած է 1515-ին, Վենետիկի մէջ, ուր հրեաները մեկուսացուած էին մէկ շրջանի մէջ, եւ պետական օրէնքով սահմանափակուած էին ապրելու մի՛այն այդ շրջանին մէջ` Վենետիկի Քանարեկիօ կղզիի Կեթօ թաղամասին մէջ (2): Հաւանաբար Շէյքսփիրի 1596-1599-ին գրած` «Վենետիկի վաճառականը»-ին հերոսներէն Շայլոքը` հրեայ վաշխառուն, Կեթոյին հետ առնչութիւն մը ունի:

Հետագային այս եզրը կը գործածուի բնորոշելու համար քաղաքի մը այն հատուածը, ուր կ՛ապրին փոքրամասնութեան մը պատկանող խմբաւորումներ, ընդհանրապէս իբրեւ զոհեր` ընկերային, օրինական, կամ տնտեսական ճնշումներու: «Կեթօ» վենետիկեան բարբառով կը նշանակէ ձուլարան, համանուն այն թաղամասին, ուր թնդանօթներ կը ձուլուէին. բառին լատինական արմատը ghetàr է, որ կը նշանակէ` ձուլել, կաղապարել (3):
Կեթօ` առանձնայատկութիւններ բաժինով կը նշանակէ նաեւ քաղաքի մը այն հատուածը, ուր յատուկ ազգային, կամ ցեղային, օրինակ` սեւամորթ, խմբաւորումներ կ՛ապրին ընդհանրապէս աղքատ պայմաններու մէջ (4):
Իսկ «Քաղաքային բառարանը» կեթօ բառին հետեւեալ արդի բացատրութիւնները կը նշէ (5).
1.- (գոյական) Աղքատութեան հասած, լքուած, անբարենպաստ վիճակի մատնուած քաղաքի մը բնակելի տարածութիւնը, որ ընդհանրապէս խաթարուած է ոճրային անհամեմատ բարձր ցուցանիշով:
2.- (ածական) Քաղաքային` կամ (ներքին) քաղաքային կեանքի հետ կապուած:
3.- (ածական) Աղքատ` կամ աղքատ կեանքին առնչուող:
4.- (ածական) Կեղծուած-երդուեալներ, անպատրաստից յօրինուածք, կամ տան մէջ պատրաստուած (սովորաբար չափազանց աժան կամ անորակ բաղադրիչներով), սակայն ըստ բաւականին արժանի թէ՛ կեթոյի բնակիչներուն եւ այլոց գործածութեան:
Թեզորըս հետեւեալ բացատրութիւնը կը նշէ (6).
1.- Քաղաքի հատուած մը, յատկապէս խիտ բնակչութեամբ բնակեցուած` ստորին թաղամաս` slum, ուր կը բնակին ցեղային կամ այլ փոքրամասնութիւններու անդամներ, յաճախ` ընկերային կամ տնտեսական սահմանափակումներու, ճնշումներու, կամ զրկանքներու պատճառով:
2.- (Նախապէս շատ մը եւրոպական երկիրներու մէջ) Քաղաքին մէջ շրջան մը, ուր հրեաները ստիպուած էին բնակելու:
3.- Մեծամասնութեամբ հրեաներու կողմէ բնակուած շրջան մը:
4.- Ապրելակերպի, աշխատանքի եւ այլնի որեւէ կերպ, որ կը յառաջանայ կարծրատիպերու կամ խտրական, կողմնակալ վերաբերմունքի պատճառով: Օրինակ` կիներու աշխատանքի կեթօ, տարեցներու կեթօ:
5.- Կեթոյի վերաբերող, կամ այնտեղ բնակող մարդոց կեանքին յատկանիշով:
Կեթօ մշակոյթ:
Ռամիկ լեզուով` ընդհանրապէս նսեմացնող, նախատական, անարգանք` բանի մը համար, որ կ՛որակուի ոչ զուտ, կոշտ, ցած մակարդակ ունեցող, ստորադաս:
Օրինակ` որքա՛ն կեթօ է իր կահ-կարասին:
Վերոնշեալ աղբիւրներուն մէջ միա՛յն թեզորըսը «սլամ»` ստորին թաղամաս բառը ներառած է բացատրութեան մէջ, որ հակասական է քաղաք հասկացութեան*, քանի որ ստորին թաղամասը, ընդհանրապէս քաղաքէն դուրս, սակայն անոր մերձաւորութեան, առանց ենթակառոյցներու (ըմպելի ջուր, ելեկտրականութիւն, կոյուղի, ճամբաներ եւ օրէնքի կիրարկում), չծրագրաւորուած ապօրինի շինութիւններու համալիրի մը կը վերաբերի (7): Պէտք է յստակացնել, որ արդի հասկացութեամբ` բոլոր ստորին թաղամասերը կեթոներ կրնան ըլլալ, սակայն բոլոր կեթոները ստորին թաղամասեր չեն, քանի որ անոնք օրինաւոր քաղաքի մը մաս կը կազմեն` իրենց բոլոր ենթակառոյցներով:
Ընդհանրապէս շփոթ եւ թիւրիմացութիւն կայ կեթոյի եւ ստորին թաղամասի միջեւ: Կ՛արժէ մեկնաբանել «ստորին թաղամաս» եզրը: Սլամ բառը առաջին անգամ գործածուեցաւ Լոնտոնի արեւելեան շրջանին մէջ, շուրջ 1845-ին, ճարտարարուեստի յեղափոխութեան` նաւահանգիստին մէջ նաւաշինութեան մեծաթիւ աշխատաւորներուն հապճեպ կերպով կեցութեան վայր ստեղծելով: Չարլզ Տիքընզի «Օլիվըր Թուիսթ» վէպը կը ներկայացնէ այդ ժամանակաշրջանի Լոնտոնի ստորին թաղամասերու թշուառներուն ողբերգութիւնը:

Ստորին թաղամասերը կը ծաղկին եւ կը յարատեւեն` ժողովրդագրական, ընկերային, տնտեսական եւ քաղաքական միախառնուած պատճառներով: Ընդհանուր պատճառները կը ներառեն` գիւղերէն դէպի քաղաք արագ տեղափոխութիւն, վատ ծրագրաւորում, տնտեսական լճացում եւ ընկճում, աղքատութիւն, գործազրկութեան բարձր ցուցանիշ, ոչ պաշտօնական (ստուերային) տնտեսութիւն, գաղութատիրութիւն եւ խտրականութիւն, քաղաքականութիւն, բնական աղէտներ եւ ընկերային հակամարտութիւններ (7):
Յատկանշական է, որ երկու պարագաներուն, վրանաքաղաք` քեմբ եզրը չէ նշուած, եւ չի պատկանիր կեթօ եւ ստորին թաղամաս հասկացութեան*: Վրանաքաղաքը «մնայուն» բնակավայր չէ, այլ առժամեայ բնակութեան վայր` անակնկալ բնական աղէտներէ փրկուածներ, պատերազմներու պատճառով գաղթականներ եւ ցեղասպանութենէ, տեղահանութենէ փրկուած զանգուածներ պատսպարելու:
Ուրեմն բացայայտ է, որ կեթօ եզրին հիմնական եւ արդի իմաստները ոչ մէկ կապ ունին հայկական ինքնութեան, հայկական համայնքներու, հայկական թաղամասերու եւ սփիւռքի հայկական գաղութներուն հետ: Հայկական գաղութները, համայնքները սփիւռքեան որեւէ երկրի մէջ տեղւոյն իշխանութեան կողմէ պարտադրուած չեն ապրելու միա՛յն յատուկ թաղամասի մը մէջ. խտրական բաժանում` segregation չէ կիրարկուած, հրեաներուն կամ որոշ ժամանակաշրջանի` Ամերիկայի սեւամորթներուն, Հարաւային Ափրիկէի, կամ Ռոտեզիոյ նման:
Բնական է, որ Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան պատճառով տեղահանուած հայութեան զանգուածը ստիպողաբար իր ապաստանած նոր երկրին մէջ նախ պիտի բնակէր վրանաքաղաքներու մէջ, թշուառ պայմաններու տակ: Բացարձակապէս բնական է, որ ցեղասպանութենէ, ցեղային հալածանքէ փրկուած հայ ժողովուրդին գերագոյն նպատակը ըլլար իր տեսակը պահպանելու միջոցներու կիրարկումը` իր բնօրրանէն հեռու` համախմբուելու, կազմակերպուելու, դաստիարակելու` հիմնելով քով-քովի դպրոց, եկեղեցի, ակումբ:
Ընդհանրապէս կը մոռցուի, որ արաբական աշխարհը, ուր ապաստան գտաւ հայ ժողովուրդը, նաեւ մաս կը կազմէր Օսմանեան կայսրութեան մինչեւ 1918, այլ խօսքով, պէտք չէ չափազանցել նոր շրջապատի «հիւրընկալութիւնը», որ բնականաբար այդքան ալ ջերմ չէ եղած եւ այդ պատճառով աւելի՛ համախմբուած են այս նորաստեղծ գաղութները: Իր տեսակը պաշտպանելու բնազդային յատկանիշը աւելի՛ մասնայատուկ կերպով մղած է հայրենակցական խմբաւորումները, Լիբանանի պարագային, հիմնելու միատարր թաղամասեր. օրինակ` Նոր Մարաշ, Նոր Սիս, Նոր Ատանա, Նոր Հաճըն, Նոր Ամանոս եւ այլն, պահպանելով պապենական բնօրրանի հարազատ սովորութիւնները, աւանդութիւնները, բարբառը եւ այլն:
Ինչո՞ւ ամչնալ համախմբուած ապրելու բնական ու բնածին ձգտումէն եւ անտեղի ու անտեղեակ կերպով «կեթօ» պիտակով որակել մեր գաղութներուն համախմբուած ապրելակերպը: Արդեօ՞ք պապենական Մարաշի, Ատանայի, Հաճընի, Ճեպել Մուսայի եւ այլնի մեր ժողովուրդը «կեթոներու» մէջ կ՛ապրէր: Ինչո՞ւ ստորակայութեան բարդոյթով վարակուիլ. մեզ տեղահան ընողնե՛րը եւ Ցեղասպանութեան ուղղակի եւ անուղղակի մեղսակիցները թող ամչնան:
Մեր բացարձակ իրաւունքն է համախմբուած ապրիլը` ի խնդիր մեր տեսակը, մեր լեզուն եւ մշակոյթը` ինքնութիւնը հպարտօրէն պահպանելու: Արդեօ՞ք ցիր ու ցան ապրելով` կարելի էր գոյատեւել իբրեւ միատարր ազգ: Մեր թշնամիին նպատակն էր ոչնչացնել մեր ազգը` արմատախիլ ընելով մեզ մեր բնօրրանէն, ծրագրուած կերպով ցիր ու ցան ընելով մեզ Հալէպէն Տէր Զօր, Պէյրութ, Մուսուլ, Պասրա, Մաան եւ արաբական աշխարհի հեռաւոր այլ քաղաքներն ու անապատները:
Զուգադիպօրէն, «Ազդակ»-ի 26 յուլիս 2017-ի այսօրուան թիւով վերհրատարակած, այժմէական` «Ո՞ւր են եւ ո՞ր օրուան կը սպասեն» 8 յունուար 1976-ի առաջնորդող յօդուածը զգաստութեան կոչ է լիբանանահայութեան պատասխանատուներուն, ահազանգ հնչեցնող` «Ժամանակն է լռութիւնը խզելու եւ մատը վէրքին վրայ դնելու, որպէսզի տասնամեակներու զոհողութեամբ շահուած այս գաղութը զոհ չերթայ իբր թէ պատասխանատու անհատներու անընդունելի անպատասխանատուութեան» (8):
Փա՛ռք մեր վրանաքաղաքներուն մէջէն ընձիւղած կազմակերպ գաղութներուն` պողպատեայ կամքով, հեռատես, ժրաջան պատասխանատուներուն եւ ժողովուրդին, որ բոլոր տեսակի դժուարութիւնները յաղթահարելով` ոչինչէն գոյացուց կազմակերպ ու բարգաւաճ հայկական գաղութներ: Այժմ կարիքը ունինք նմանօրինակ պողպատեայ կամքով անընկճելի, ծրագիր ունեցող ու հեռատես պատասխանատուներու` պահպանելու եւ ամրապնդելու մեր հայկական ինքնութիւնը սփիւռքի տարածքին ու նաեւ հայրենիքին մէջ:
26 յուլիս 2017
* Հասկացութիւն = մտապատկեր` Concept
Հասկացողութիւն = ըմբռնում` comprehension:
—
(1) (http://www.nayiri.com/search?l=hy_LB&dt=EN_HY&r=0&query=ghetto)նապէս
(2) (https://en.wikipedia.org/wiki/Ghetto)
(3) (https://www.merriam-webster.com/dictionary/ghetto)
(4) (https://en.wikipedia.org/wiki/Ghetto_(disambiguation))
(5) (http://www.urbandictionary.com/define.php?term=ghetto)
(6) (http://www.dictionary.com/browse/ghetto)
(7) (https://en.wikipedia.org/wiki/Slum)
(8) (https://www.aztagdaily.com/archives/357511)