ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ՍԱՐԳԻՍ ԱԶՆԱՒՈՒՐԵԱՆի նահատակութեան 38-ամեակին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 30 ապրիլին, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ԾԱՆՕԹ.- Յետ հոգեհանգստեան պաշտօնին հոգեսուրճ պիտի մատուցուի ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» ակումբին մէջ:
ՀՅԴ «ՆԻԿՈԼ ԴՈՒՄԱՆ» ԿՈՄԻՏԷ
—————————————
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ԼՕԽ-ի ննջեցեալ անդամուհիներուն եւ բարերարներուն հոգւոյն հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 30 ապրիլ 2023-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ԼՕԽ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
—————————————
ԿԵՍԱՐԻՈՅ ԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
ԱՆԴԱՄԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ
Կեսարիոյ բարեսիրական ընկերակցութեան վարչութիւնը իր հայրենակիցները կը հրաւիրէ Անդամական ընդհանուր ժողովի կիրակի, 14 մայիս 2023-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, ընկերակցութեան կեդրոնին մէջ, Զալքա:
Ժողովի ընթացքին տեղի պիտի ունենայ նոր վարչական կազմի ընտրութիւն:
ԿԵՍԱՐԻՈՅ ԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ
ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
—————————————
ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ
ՄԱՐԶԻԿ 42-ՐԴ ՏԱՐԻ, ԹԻՒ 428
- Խմբագրական – Լայնախոհութիւն
- 6 փետրուարի երկրաշարժին առիթով ՀՄԸՄ-ի շրջաններուն կողմէ Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան յղուած զօրակցական գիրեր
- Հակառակ շրջափակման դժուարին պայմաններուն` Արցախի Մեկուսի շրջանը կը շարունակէ միութենական իր աշխուժ գործունէութիւնը
- Համաարաբական սկաուտական առաջին ճամբարի մասնակցութիւն – Յարութ Չէքիճեան
- Վկայութիւններ ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի փառաւոր անցեալէն (Բ.) – Ճորճիկ Ռաստկելէնեան
- ՀՄԸՄ-ական սկաուտը ներկայ է ամէնուրեք – Րաֆֆի Կէօվօղլանեան
- Յառա՜ջ, մի՛շտ յառաջ, թէկուզ խելագարած…- Սերոբ Սահակեան
- Թենիսը պէտք է սիրել, թենիսը պէտք է զգալ ու ապրիլ,- «Մարզիկ»-ին կ՛ըսէ Սուրիոյ 20 տարուան ախոյեան – Դաւիթ Դաւիթեան
- Ձօն ՀՄԸՄ-ին – Տոքթ. Ղազար Պօղոսեան
- Կանխելու համար ընկերային ցանցերու բարոյական եւ ազգային վնասները – Վ. Աւագեան
Թիւը կ՛ընդգրկէ նաեւ ՀՄԸՄ-ական կեանքի անդրադարձներ (Հայաստան, Թիֆլիս, Լիբանան, Սուրիա, Երուսաղէմ, Աւստրալիա, Մ. Նահանգներ, Շուէտ, Հոլանտա, Միւնիխ, Քանատա): 48 էջ: Սակ` 25.000 լ.ո.:
Ստանալու համար դիմել Համազգայինի գրախանութ:
—————————————
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ
Տիար Հայկազ Եարտըմեան եւ զաւակները` Հրաչ եւ Քարլա, շնորհակալութիւն կը յայտնեն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, Հայ աւետարանական համայնքի նախագահի տեղակալ վերապատուելի Փոլ Հայտոսթեանին, Արհի. հայր Գէորգ եպս. Ասատուրեանին` օգնական եպիսկոպոս Պէյրութի Հայ կաթողիկէ թեմին, հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային յանձնաժողովին, ՀԲԸՄ-ի Ասպետներու համախմբումին, լիբանանահայ հայրենակցական բարեսիրական միութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք անձամբ, ծաղկեպսակով, նուիրատուութեամբ, հեռաձայնով, ե-նամակով, ընկերային առցանց միջոցներով կամ այլապէս մասնակից եղան իրենց կնոջ, մօր, մեծ մօր եւ հարազատին` ԼԵՆԱ ԵԱՐՏԸՄԵԱՆի (ծնեալ Գասարճեան) մահուան սուգին:
—————————————
ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑԻ
ԿԸ ՆՈՒԻՐԵՆ
Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան առիթով`
– Տիար Հրաչ Յակոբեան 200$