Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզին Ռուսիոյ մէջ Ազրպէյճանի դեսպան Փոլատ Պիւլպիւլօղլուի եւ Հայաստանի դեսպան Վաղարշակ Յարութիւնեանի հետ քննարկած է Բերձորի միջանցքին մէջ եւ ընդհանրապէս Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ կացութեան զարգացումը: Այս մասին կը տեղեկացնէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութիւնը:
«Քննարկուած է Լաչինի միջանցքին մէջ եւ ընդհանրապէս Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ կացութեան զարգացումը: Վերահաստատուած է հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերեալ Ռուսիոյ ղեկավարներուն միջեւ 2020-2022 թուականներու համաձայնութիւններու ամբողջ շրջանակի խստիւ պահպանման կարեւորութիւնը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Հանդիպումները եղած են անջատ:


