Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Ցեղասպանութեան 108-Ամեակի Միջազգային Անդրադարձներ

April 28, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայոց ցեղասպանութեան 108-ամեակին առիթով բազմաթիւ պետութիւններու ղեկավարներ ու արտաքին գործոց նախարարներ յղած են ուղերձներ, որոնց մէկ մասը ներկայացուցած էինք նախապէս:

Թրուտօ. «Քանատան Պիտի Շարունակէ Խթանել Խաղաղութիւնն Ու Արդարութիւնը»

Քանատայի վարչապետ Ճասթին Թրուտօ յայտարարութիւն հրապարակելով նշեց. «Այսօր մենք կը միանանք Քանատայի հայ համայնքին եւ ամբողջ աշխարհի հայերուն` ոգեկոչելու Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օրը: Մենք կ՛անդրադառնանք 1915-1923 թուականներուն հայ ժողովուրդին դէմ գործուած վայրագութիւններուն ու կը յիշենք բոլոր զոհերն ու անոնք, որոնք կրած են անասելի տառապանքներ»:

Քանատայի վարչապետը խօսելով Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգներուն ու բոլոր անոնց մասին, որոնք կը շարունակեն ապրիլ այս աներեւակայելի ողբերգութեան միջսերնդային ցնցումին հետ, նշեց. «Անոնց ուժն ու ճկունութիւնը մեզի կը յիշեցնէ մեր հաւաքական պատասխանատուութեան մասին` դէմ կանգնելու ատելութեան բոլոր դրսեւորումներուն, երբ եւ ուր ալ անոնք ցուցաբերուին: Իւրաքանչիւր ոք արժանի է ապրիլ խարանէն, հալածանքներէն եւ խտրականութիւններէն զերծ կեանքով»:

Թրուտօ աւելցուց, որ Քանատայի մէջ ապրիլը ցեղասպանութեան յիշատակի, դատապարտման եւ կանխարգիլման ամիս է: Ատիկա քանատացիներու համար ժամանակ է` յիշելու ամբողջ աշխարհի վրայ ցեղասպանութեան զոհերուն, դատապարտելու ատելութիւնը, որ կը յանգեցնէ նման ողբերգութիւններու եւ անդրադառնալու անոր, թէ ինչպէ՛ս կարելի է կանխարգիլել կրկնութիւնը: Ան վստահեցուց, որ Քանատան միշտ պիտի կանգնի անարդարութեան, անհանդուրժողականութեան եւ այլատեացութեան դէմ եւ պիտի շարունակէ խթանել խաղաղութիւնն ու արդարութիւնը բոլորին համար:

«Քանի որ մենք կ՛ոգեկոչենք Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը, ես կը հրաւիրեմ բոլոր քանատացիները` ծանօթանալու մարդկութեան պատմութեան այս մութ գլուխին, յարգանքի տուրք մատուցելու զոհերու յիշատակին եւ համերաշխութիւն յայտնելու հայ համայնքին, ներառեալ հայկական ժառանգութիւն ունեցող քանատացիները, որոնք կը շարունակեն օգնել` Քանատան դարձնելու հզօր ու ներառական երկիր: Սորվելու եւ երկխօսութեան միջոցով մենք կրնանք հաւաստիանալ, որ նման վայրագութիւնները այլեւս երբեք պիտի չկրկնուին, եւ մենք կրնանք կառուցել նախապաշարումներէ զերծ աշխարհ», եզրափակեց Քանատայի վարչապետը:

Ժոլի. «Քանատան Կը Շարունակէ Ամուր Մնալ Ժխտողականութեան Դէմ Պայքարին Մէջ»

Քանատայի արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլի տեսաուղերձ յղած է Հայոց ցեղասպանութեան 108-ամեակի առիթով` շեշտելով, որ Քանատան կը շարունակէ ամուր մնալ ժխտողականութեան դէմ պայքարին մէջ:

Ան կը միանայ Քանատայի հայ համայնքին եւ ամբողջ աշխարհի հայերուն` յիշելու զոհերը եւ յարգելու անոնք, որոնք կը շարունակեն այդ ողբերգութենէն ետք ցաւով ապրիլ:

«Մեր հաւաքական պարտականութիւնն է յարգել զոհերը եւ անոնց ընտանիքները` պահպանելով այս պատմական ճշմարտութիւնը: Քանատան կը շարունակէ ամուր մնալ ժխտողականութեան եւ վերախմբագրման որեւէ ձեւի դէմ պայքարին մէջ: Եւ մենք հաստատակամ ենք մեր վճռականութեան մէջ` պատասխանատուութեան ենթարկելու բոլոր անոնք, որոնք պատասխանատու են պատերազմական յանցագործութիւններու համար», նշեց Քանատայի արտաքին գործոց նախարարը:

Իտալիոյ Փոխվարչապետ. «Շատ Յաճախ Անտեսուող Ողբերգութիւն, Որուն Մասին Յիշողութիւնը Պէտք Է Փոխանցել Սերունդներուն»

Իտալիոյ փոխվարչապետ, «Լեկա» կուսակցութեան ղեկավար Մաթէօ Սալվինի անդրադարձած է Հայոց ցեղասպանութեան` նշելով. «Հայոց ցեղասպանութեան տարելիցի վերաբերեալ իմ եւ ամբողջ «Լեկա»-ի կողմէ կը գրկեմ ժողովուրդ մը, որ կրցած է յաղթահարել մարդկութեան պատմութեան ամէնէն մութ էջերէն մէկը: Յանցագործութիւն, որ խլեց միլիոն ու կէս կիներու, տղամարդոց եւ երեխաներու կեանքը: Շատ յաճախ անտեսուող ողբերգութիւն, որ պէտք է յիշել եւ այդ յիշողութիւնը փոխանցել սերունդներուն` չմոռնալու համար»:

Արժանթինի Նախագահ. «Հայոց Ցեղասպանութեան Տարելիցին Կը Յիշատակենք Ժողովուրդներու Միջեւ Հանդուրժողականութեան Եւ Յարգանքի Օրը»

Արժանթինի նախագահ Ալպերթօ Ֆեռնանտես «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց. «Հայոց ցեղասպանութեան 108-ամեակին մենք կը յիշատակենք ժողովուրդներու միջեւ հանդուրժողականութեան եւ յարգանքի օրը:

«Կը գրկենք հայ ժողովուրդը եւ Արժանթինի հայ համայնքը` վերահաստատելով մեր մշտական հաւատարմութիւնը մարդու իրաւունքներու լիարժէք գործունակութեան»:

 

Նախորդը

Փոքրիկն Հաուըրտ Գարակէօզեանի Մահուան 105-Ամեակի Նշում` Տարբեր Նախաձեռնութիւններով

Յաջորդը

Էրտողանի Վարչակազմը Կը Հերքէ Այն Վարկածը, Թէ Ան Սրտի Կաթուած Ունեցած Է

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Պայքարը Շարունակելու Ենք  Մինչեւ Յաղթանակ»
Գլխաւոր լուրեր

Հակառակ Քաղաքական Ճնշումներուն` Դաշնակցութիւնը Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Զգալի Թիւով Քուէներ Ապահոված Է

October 28, 2026
Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի  Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան  Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը
Հայկական

Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը

October 28, 2026
Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ  Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»
Հայկական

Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.