Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Ներքին Գործոց Նախարարը Այցելած Է Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքին

April 28, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլու այցելած է Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Սահակ Մաշալեանին: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Սապահ» կայքը:

Այցելութեան ժամանակ Սոյլու Մաշալեանին շնորհակալութիւն յայտնած է երկրաշարժի գօտիին մէջ ցուցաբերուած օգնութեան համար:

Փոխանցելով Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի ողջոյնները` Սոյլու ըսած է. «Ինչպէս մինչեւ հիմա եղած է, մենք ձեզի հետ ենք ձեր բոլոր հարցերուն մէջ: Ասով պէտք է օրինակ ցոյց տանք ամբողջ աշխարհին: Մենք պէտք է միասին ցոյց տանք Պոլսոյ, Անատոլուի քաղաքակրթութեան փոխըմբռնումը, միասին ապրիլը եւ միասին ուժեղ ըլլալը», ըսած է ան:

Մաշալեան պատրիարք շնորհաւորած է թուրք նախարարը Ֆիթրի տօնին առիթով եւ մաղթած, որ երկրաշարժի գօտին արագ վերականգնի:

Մաշալեան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է Սոյլուին` իշխանութիւններուն կողմէ պատրիարքարանին ցուցաբերուած աջակցութեան համար:

Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանի դիմատետրեան էջը իր կարգին կը հաղորդէ, որ պատրիարքը «այս այցելութեան համար եւս յայտնեց իր երախտագիտութիւնը` ընդգծելով, որ փոքրամասնութեանց նկատմամբ դրական մերձեցում մը սկսած էր քսան տարի առաջ, եւ պետական բարձրաստիճան պաշտօնատարներ կ՛այցելէին պատրիարքարան եւ այս այցելութիւնները վստահութիւն կը ներշնչէին, թէ փոքրամասնութեանց հարցերը լսելու ականջներ կային:

«Այս առումով անդրադարձաւ նաեւ հանրապետութեան նախագահ վսեմ. Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի որդեգրած ուղիին, որ ամէն առիթով կը հետաքրքրուէր համայնքի հարցերով, անոնց լուծում որոնելու առաջադրութեամբ: Այս առիթով գոհունակութիւն յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութեանց առիթով Ստանպուլի թեկնածուներէն տոքթ. Սեւան Սվաճըօղլու դասուած է ընտրելիութեան հաւանականութիւնը բարձր մակարդակի վրայ: Դրուատեց համայնքին մէջ, նաեւ Աք Փարթի (Արդարութիւն եւ բարգաւաճում, «Ա.») Կուսակցութեան կեդրոնական գործադիր մարմինի շարքերուն մէջ ունեցած գործունէութիւնները ու յաջողութիւն մաղթեց իրեն»:

Սոյլու իր կարգին յարգանքով յիշած է երանաշնորհ Մեսրոպ Բ. պատրիարքը, նաեւ Պոլսոյ Երեսփոխան հոգելոյս Մարգար Էսայեանը, եւ ուրախութիւն յայտնած, որ «Մարգար Էսայեան ունեցաւ իր գիծը շարունակելու թեկնածու մը, յանձին տոքթ. Սեւան Սվաճըօղլուի»:

Նախորդը

«Նախագահական Ընտրութեան Թղթածրարին Հարցով Լիբանանի Մէջ Գոյանալիք Որեւէ Համաձայնութեան Պիտի Զօրակցինք» Շեշտեց Ապտելլահեան

Յաջորդը

Անդրադառնալով Երեւանի Մէջ «Նեմեսիս»-ի Յուշարձանի Բացման` Անգարա. «Նման Քայլերը Բացասաբար Կ՛անդրադառնան Հայ-Թրքական Կարգաւորման Հոլովոյթին Վրայ»

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Պայքարը Շարունակելու Ենք  Մինչեւ Յաղթանակ»
Գլխաւոր լուրեր

Հակառակ Քաղաքական Ճնշումներուն` Դաշնակցութիւնը Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Զգալի Թիւով Քուէներ Ապահոված Է

October 28, 2026
Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի  Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան  Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը
Հայկական

Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը

October 28, 2026
Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ  Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»
Հայկական

Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.