Այսօր կը նշենք Հայոց ցեղասպանութեան 108-րդ տարելիցը: Այս ամբողջ ամիսը կը խտացնէ հայ ժողովուրդին տարիներու չարչարանքն ու տառապանքը. Օսմանեան կայսրութեան ու երիտասարդ թուրքերուն գերիշխանութեան տակ անոր ապրած աւերը, կոտորածն ու սուգը:
24 Ապրիլ 1915-ը կը խորհրդանշէ այն զարհուրելի գիշերը, երբ հայ մտաւորականները, ղեկավարները, արուեստագէտներն եւ միութենական կարեւոր դէմքերը ձերբակալուեցան ու դիմաւորեցին մահուան մռայլ քաղուորը` անտէր ձգելով ընտանիք, ընկերներ եւ ողջ հայ ժողովուրդ:
Ես չեմ ուզեր այս գրութեամբ միայն խօսիլ անցեալի պատահարներուն մասին, այլ կ՛ուզեմ խօսքս ուղղել բոլոր անմահ դէմքերուն ու սրտանց ըսել` «Ներեցէ՛ք մեզի»: Այո՛, ճիշդ կարդացիք, ներողութիւն կը խնդրեմ բոլոր զոհուածներէն, բոլոր չարչարուածներէն:
Ներողութիւն կը խնդրեմ բոլոր ղեկավարներէն ու զինուորներէն, որոնք կռուեցան մինչեւ վերջին շունչ եւ ինկան հայրենի հողին վրայ, միեւնոյն նախադասութիւնը իրենց շրթերուն` «Մահ կամ ազատութիւն»:
Ներողութիւն կը խնդրեմ բոլոր հայ մայրերէն ու քոյրերէն, որոնք պահեցին իրենց երեխաներն ու զաւակները օրերով. անօթի ու սոված ճեղքեցին անապատներ` մտքերուն մէջ անդադար աղօթելով Աստուծոյ:
Ներողութիւն կը խնդրեմ բոլոր այն խելագարած հայ անձնաւորութիւններէն, որոնք լսելով, տեսնելով, կարդալով կամ վկայելով այն գազանական բարբարոսութիւնները` չկրցան տեսնել արեգակին լոյսը եւ կորսուեցան գիշերուան անվերջ մթութեան մէջ:
Ներողութիւն կը խնդրեմ այդ ժամանակաշրջանի ղեկավարներէն, ֆետայիներէն ու յեղափոխական ընկերներէն, որոնք նախաձեռնեցին նոյնիսկ անկարելիին` հասնելու համար հայ ժողովուրդի փրկութեան:
Այսօր ես իրենց յիշատակի հսկայական շուքին տակ, ամօթահար, աչքերս պինդ գետին գամած` չեմ համարձակիր նոյնիսկ երկինք ուղղելու հայեացքս: Գուցէ անոնք կը դիտեն զիս այսօր, գուցէ կը հետեւին իմ քայլերուս: Ո՞ր աչքով նայիմ ես իրենց: Ո՞ր համարձակութեամբ:
Ինչպէ՞ս նայիլ այն աստուածացած մեծերուն` մեր այսօրուան խեղճուկ վիճակով:
Ծնրադիր ներողութիւն կը խնդրեմ, ո՜վ հայ ազգի աստուածներ:
Բայց գիտեմ, որ ներողութիւն խնդրելը միայն բաւարար չէ: Կ՛երդնում ձեր սուրբ յիշատակին առջեւ` ստեղծել նոր ուժ, նոր գունդեր, նոր մարտական խումբեր, ընդարձակել մեր պայքարը: Կ՛երդնում շարունակել ձեր կիսատ մնացած աշխատանքը, ցմահ նուիրուիլ ազգիս ու հայրենիքիս:
Ննջեցէ՛ք հանգիստ, ո՜վ հայ ազգի աստուածներ. ձեր առաքելութիւնը այսօր իմ ու ընկերներուն ուսերուն վրան է: Կը տանինք մինչեւ վերջ:
Աստուած ձեր հոգին լուսաւորէ, ո՜վ հայ ազգի աստուածներ: