Ապրիլ 24-ը հայ ժողովուրդին համար խորհրդանիշ մըն է, խորհրդանիշ` մեր յոյզերուն ու ցաւերուն, մեր յոյսերուն եւ յուսախաբութիւններուն, մեր երազներուն եւ պատրանաբանութիւններուն, մեր Դատին եւ պահանջատիրութեան: Ամէն Ապրիլ 24-ի ոգեկոչումին, բազմաթիւ հայերու միտքերուն մէջ կը տողանցեն որոշ նիւթեր, որոնցմէ ոմանք հետեւեալներն են.
Առաջին. Ապրիլ 24-ը հայոց պատմութեան ամէնէն տխուր եւ ողբերգական էջերէն մէկն է: Մեր ժողովուրդը բազմաթիւ, թերեւս անհամար զուլումներ կրած է զինք շրջապատող ազգերէն: Չեմ գիտեր, թէ անոնցմէ որեւէ մէկը կրնա՞յ գերազանցել 1915 Ապրիլ 24-ով սկսող եւ 1923-ով վերջացող Հայոց ցեղասպանութիւնը, որ ի գործ դրուեցաւ Օսմանեան պետութեան կողմէ: Մութին մէջ ծրագրուած եւ լոյսի մէջ գործադրուած այս անմարդկային ոճիրը ոչ միայն արմատախիլ ըրաւ հայ ժողովուրդը իր դարաւոր բնաշխարհէն, այլ նաեւ անոր կէսը դարձուց յուղարկաւոր միւս կէսին` տարտղնելով արիւնաքամ «Մնացորդաց»-ը հեռաւոր` օտար ափեր: Ասիկա 20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանութիւնն էր, որ մեզմէ խլեց շուրջ մէկուկէս միլիոն զոհ, տասնեակ միլիառ տոլարներու արժողութեամբ նիւթական հարստութիւն, կործանում` մեր դարաւոր մշակոյթին, կրօնական ու ազգային հաստատութիւններուն եւ դեռ անպատմելի ու անհամար նուիրականութիւններու փլուզում եւ աւեր:
Մարդկային միտքը չի կրնար չափել, դատել եւ արժեգնահատել հայ ժողովուրդի կորուստը: Ո՞վ կրնայ առարկայականօրէն գին մը որոշել քաղաքակրթութեան մը կործանումին: Տարիներ կը սահին ու կ՛անցնին, բայց դժուար է մոռնալ հայոց պատմութեան այս ահաւոր ու քստմնելի ժամանակաշրջանը, որ կը կոչուի Հայոց ցեղասպանութիւն:
Երկրորդ. Ապրիլ 24-ը հայ ժողովուրդին համար անըմբռնելի առեղծուած մըն է, որ կը սպառնայ խախտել մարդոց հաւատքը: Հայ եւ օտար մարդոց կողմէ գրուած են հայոց «գողգոթա»-ն նկարագրող բազմաթիւ գիրքեր, որոնք կարելի չէ կարդալ եւ հոգեպէս չցնցուիլ եւ չպոռթկալ: Հայ եւ նոյնիսկ օտար գրիչներ, հոգեցունց ներաշխարհով` հայ բանաստեղծին հետ միացած` գոչած են. «Ո՜վ մարդկային արդարութիւն, թող ես թքնեմ քո ճակատին»:
Հազարաւոր պատմութիւններ կան վրդովանքի եւ ցասումի: Անոնցմէ միայն մէկը կ՛ուզեմ յիշել: 1915 յուլիսին հօրս հօրեղբօրորդին, որ 1909-ի Կիլիկիոյ ջարդերէն վերապրած եւ Ամերիկայի Պինքհամփթըն քաղաքը ապաստանած էր, կը յիշէր միջադէպ մը, որ խորապէս ազդած էր իր վրայ: Կօշիկի նորոգութեան իր խանութը եկած էր իր ամերիկացի նշանաւոր փրոֆեսէօրներէն մէկը, իր նորոգուած կօշիկները առնելու` իր ձեռքին մէջ բռնած «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի թիւերէն մէկը: Այդ օրուան գլխաւոր լուրերէն մէկն էր հարիւրաւոր հայ մանուկներու հրկիզումը թուրք ոճրագործներու ձեռամբ: Խորապէս ցնցուած փրոֆեսէօրը կը հարցնէր. «Սէմ, այս մանուկները քու ժողովուրդիդ պատկանող մանուկնե՞րն են: Ո՜հ Աստուած իմ, ինչպէ՞ս կրնան այսպէս բան մը ընել… Աստուած իմ ո՞ւր ես դուն, Աստուա՜ծ իմ, այսպիսի ոճիր չեմ հասկնար…»: Մեր հօրեղբայր Սէմը կը պատմէր. «Բարի փրոֆեսէօրը այնքան ցնցուած էր, որ իր նորոգուած կօշիկները առանց առնելու դուրս ելաւ լալով եւ կրկնելով. «Ո՜վ Տէր Աստուած, ո՞ւր ես դուն, այսպիսի բան կարելի՞ է որ պատահի»: Իր կարգին, Սէմ կ՛աւելցնէր. «Ով գիտէ այդ մարդուն նման քանի՜ քանի՜ անգամներ հայ ժողովուրդը այդ հարցումը կը շարունակէ հարցնել»:
Սաղմոսերգուին նման մենք ալ երբեմն մեր հարցումները կը հարցնենք եւ անոնց պատասխաններ կը փնտռենք: Երբ կը հարցնենք` «ո՞ւր էր Աստուած, երբ հայ ժողովուրդը կը սպաննուէր անգութ, մարդասպան մարդոց ձեռքով: Ինչո՞ւ թոյլ տուաւ, որ ոճրագործը վերջ տար անմեղ մարդոց կեանքին»: «Ինչո՞ւ»-ներ կան, որոնց պատասխանը երկինքի մէջ միայն պիտի առնենք: Բայց իրազեկ ենք, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը Աստուծոյ կամքը չէր եւ ո՛չ ալ Անոր արտօնութեամբ եղաւ: Իրազեկ ենք նաեւ, որ Աստուած ազատ կամք ունենալու առանձնաշնորհումով օժտած է մարդ արարածը: Ազատ կամք ունենալ կը նշանակէ ընտրութիւն ընել բարի կամ չար գործեր կատարելու: Թուրքերը իրենց ազատ կամքով ծրագրեցին եւ ի գործ դրին Հայոց ցեղասպանութիւնը: Մեծ եղեռնը Աստուծոյ կամքով չեղաւ, այլ թուրք պետութեան կամքով: Ցեղասպանութեան համար զԱստուած մեղադրելը անհեթեթ, անարդար եւ մեղսալի մտածելակերպ է:
Երրորդ. Ապրիլ 24-ը խորհրդանիշ է ոչ միայն հայութեան, այլ նաեւ համայն մարդկութեան դէմ գործուած մեծ ոճիրի մը: Եթէ մարդկութիւնը մեծ ընտանիք մըն է, այդ ընտանիքի ոեւէ անդամի դէմ գործուած անարդարութիւն, հալածանք եւ ոճիր այդ ամբողջ ընտանիքին դէմ գործուած պէտք է նկատել: Հայոց ցեղասպանութիւնը ամբողջ մարդկութեան դէմ գործուած քրէական ոճիր մըն է:
Եթէ քաղաքակիրթ աշխարհը չի դատապարտեր Հայոց ցեղասպանութիւնը, երբեք թող չզարմանայ, թէ ինչո՛ւ նորանոր ցեղասպանութիւններ տեղի կ՛ունենան աշխարհի բոլոր կողմերը: Պատմութիւնը ապացոյց է այս ճշմարտութեան: Հայոց ցեղասպանութենէն քառորդ դար չանցած գերմաններ կազմակերպեցին հրեաներու Հրկիզման ցեղասպանութիւնը, այսպէս կոչուած Ողջակիզումը: Գերման բռնակալ Ատոլֆ Հիթլեր իրազեկ էր այդ ճշմարտութեան, երբ յայտարարեց. «Այսօր ո՞վ կը յիշէ Հայոց եղեռնը»:
Դժբախտաբար, պատմութիւնը դարձեալ ինքզինք կրկնեց: Հայոց ցեղասպանութեան յաջորդեցին քանի՜ քանի՜ ցեղասպանութիւններ տարբեր վայրերու մէջ, տարբեր ազգերու դէմ, ինչպէս` Քամպոտիոյ, Վիեթնամի, Ափրիկէի, Եուկոսլաւիոյ եւ այլ երկիրներու մէջ:
Պատմութեան դասերը, դժբախտաբար, շուտով կրնան մոռցուիլ, եթէ չըլլան մարդիկ յիշեցնելու անցեալի մէջ գործուած եղեռններն ու ցեղասպանութիւնները: Հայոց ցեղասպանութիւնը կրնայ ծառայել իբրեւ յուշարար մարդոց անմարդկայնութեան` ուրիշ մարդոց հանդէպ, եւ ատոր տխուր հետեւանքը ահազանգող տխուր ազդարար մը:
Չորրորդ. Ապրիլ 24-ը խորհրդանիշ է Հայ դատին եւ հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան: Թուրք կառավարութիւնը եւ իրեն համախոհ պետութիւններ դեռ կը յամառին չճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Երկա՜ր տարիներ անցած են Մեծ եղեռնէն, բայց մեր արդարագոյն դատը իր լուծումը չէ գտած: Երկա՜ր տարիներ ամբողջ հայութիւնը սպասեց մարդկային արդարութեան, բայց գրագէտ Սուրէն Պարթեւեանի խօսքով, «անվճար մնաց մեր արիւնլուայ իրաւունքին հատուցման պարտքը»: Ես կը հաւատամ, որ ոճրագործ դահիճներուն ու անոնց գործակատարներուն եւ մեղապարտ բոլոր տէրութիւններուն տագնապող խղճմտանքին խաղաղութիւն պիտի չըլլայ եւ ո՛չ ալ աշխարհ պիտի կարենայ խաղաղութիւն ապահովել, մինչեւ ճշմարտութիւնն ու արդարութիւնը չյաղթանակեն: Այդ պատճառով պէտք է նեցուկ կենանք Հայ դատին եւ ստանձնենք մեր պահանջատէրի իրաւունքը:
Հայ դատը ամէն ապրող հայու Դատն է: Տարակոյս չկայ, որ այդ Դատի ճանապարհին վրայ խոչընդոտներ կան, այդ Դատին շուրջ շատ հաշիւներ կան, բայց ան մեր Դատն է` այս աշխարհի արդարագոյն դատերէն մէկը… Եւ մենք ենք այդ Դատին իրաւատէրը:
Ի՞նչ են մեր պարտականութիւնները Հայ դատին նկատմամբ.
1) Նախ, պէտք է իրապէս հաւատանք այդ դատին.
2) Զայն պէտք է ճանչցնենք նախ մեր նոր սերունդին, որ մեր ֆիզիքական գոյութեան միակ գրաւականն է.
3) Ապա, զայն ճանչցնենք օտարներուն` ակադեմական-մասնագիտական չափանիշով:
4) Պէտք է զայն յստակացնենք մեր հայրենի իշխանութեանց մօտ, թէ միշտ արթուն եւ զգաստ պէտք է մնան ո՛չ միայն մեր Դատը աշխարհի խղճմտանքին ներկայացնելու մէջ, հապա ամէն առիթով օրինաւոր պահանջատէր դառնալու մեր արդար իրաւունքներուն: Միանգամայն, մեր հայրենի իշխանութիւնները իրազեկ պէտք է ըլլան, որ մենք` սփիւռքահայերս ալ անքակտելիօրէն կապուած ենք Հայ դատին, որովհետեւ մեր արդար իրաւունքներու պահանջումով, ուրիշ բան չէ, որ կը պահանջենք, եթէ ոչ մեր ապրելու իրաւունքը, քանի մեր նախահայրերն էին, որոնք բրտօրէն աքսորուեցան իրենց հազարամեայ բնաշխարհէն, եւ անդաստական ցրուեցան աշխարհի տարբեր տարածքներուն մէջ: Մենք մեր արդար ժառանգութիւնն է, որ կը պահանջենք:
Յոյսով ենք, որ ազնիւ առաքելութիւններու կոչումով ապրող հայութիւնը` համադրուած եւ համակարգուած աշխատանքով գործի պիտի լծուի Հայ դատի խիզախ երթը իր յաջող աւարտին հասցնելու: